ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆԸ ԱՆԸՆԴՈՒՆԵԼԻ ԿԸ ՀԱՄԱՐԷ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆՆԵՐՈՒ ԻՐԱՒԱԶՕՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱՍԿԱԾԻ ՏԱԿ ԹՈՂՈՒԻԼԸ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին կը շարունակէ դիմագրաւել հալածանքներ: Ներկայ մարտահրաւէրները պայմանաւորուած են Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան թիրախաւորման ծանր դրսեւորումներով՝ ներառեալ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը: Այդ թիրախաւորման դրսեւորումները հետզհետէ կ՚ահագնանան՝ մանաւանդ, որ Եպիսկոպոսաց դասու տասն անդամ Վեհափառ Հայրապետին դաւաճանած է առկայ ծանր իրավիճակին մէջ եւ միացած վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին: Այդ տիրադաւ եպիսկոպոսներն ու վարչապետը ներկայիս իրենց եկեղեցահալած գործունէութիւնը յառաջ կը տանին «Հայ Եկեղեցւոյ բարենորոգման շարժում» ինքնահռչակ նախաձեռնութիւնով մը, որ նախօրէին յայտարարութիւն մը հրապարակեց՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ նախատեսուած Եպիսկոպոսաց ժողովին ընդառաջ: Երէկ, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգը առանձին յայտարարութիւնով մը արձագանգեց այդ պնդումներուն: Ստորեւ կը ներկայացնենք Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի յայտարարութեան բնագիրը:
*
Յունուարի 21-ին, Հայ Եկեղեցւոյ այսպէս կոչուած բարենորոգման շարժման ինքնահռչակ համակարգող խորհուրդի անունով տարածուեցաւ յայտարարութիւն մը, որով հերթական անգամ կը խեղաթիւրուին իրողութիւնները եւ փորձ կը կատարուի մոլորեցնել հաւատաւոր մեր ժողովուրդը: Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը խորապէս կը ցաւի հակաեկեղեցական արշաւին ու անոր մէջ ներգրաւուած կարգալոյծներուն համախորհուրդ տասն եպիսկոպոսներուն որդեգրած պառակտիչ ընթացքին համար:
Իրականութիւնը այն է, որ Հայաստանի վարչապետին նախաձեռնած շարժումին յառող եպիսկոպոսներուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն ուղղուած յորդորներն ու հրաւէրները ցայսօր մնացած են անպատասխան եւ անտեսուած են կանոնական դաշտ վերադառնալու, խնդիրները եկեղեցական ատեաններու մէջ քննարկելու առաջարկները: Միեւնոյն ժամանակ թէ՛ անցեալին, թէ՛ առաւել եւս այսօր յիշեալ եպիսկոպոսներու կողմէ որեւէ կերպով չեն մատնանշուած իրատեսական ճանապարհները Եկեղեցւոյ եւ իշխանութիւններու միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ: Ընդհակառակն, ակնյայտ ազդեցութեան ներքեւ շարունակ փորձեր կը կատարուին խնդիրները հանգուցալուծելու ո՛չ-կանոնական դատապարտելի ուղիներով:
Անընդունելի է կասկածի տակ դնել իրաւազօրութիւնը եկեղեցական մարմիններու, որոնց աշխատանքներուն տասնամեակներ շարունակ յիշեալ եպիսկոպոսներէն շատերը իրենց մասնակցութիւնը բերած են, որոշումներ ընդունած եւ պատասխանատուութիւն ստանձնած Եկեղեցւոյ գործունէութեան առնչութեամբ: Այս կապակցութեամբ անհրաժեշտ պարզաբանումներ արդէն իսկ պաշտօնապէս տրուած են:
Իշխանութիւններու հակասահմանադրական քայլերուն հետեւանքով ստեղծուած մտահոգիչ իրավիճակի յաղթահարման ճանապարհներէն է նաեւ հրաւիրուած Եպիսկոպոսաց ժողովը, որու կանոնականութիւնը որեւէ կերպով չի պայմանաւորուիր գումարման վայրով: Եկեղեցական կեանքը յուզող կարեւորագոյն հարցերը՝ ներառեալ բարձրաձայնուող խնդիրները, պէտք է քննութեան առնուին եւ պատշաճ լուծումներ գտնեն Եկեղեցւոյ ընկալեալ կարգի համաձայն, բացառապէս եկեղեցական ժողովական մարմիններու մէջ: Հարկ չկայ կանխակալ տրամադրութիւններ ձեւաւորել եւ հիմնազուրկ պատճառաբանութիւններով ու կեղծ մեղադրանքներով փորձել ձախողեցնել ժողովին գումարումը արտասահմանի մէջ, երբ ակնյայտ են եկեղեցականութեան դէմ Հայաստանի մէջ տարատեսակ բռնաճնշումները:
Եկեղեցական կեանքի վերանորոգումը եւ զօրացումը շարունակական գործընթաց է, ինչ որ կը պահանջէ աղօթական միութիւն, տեւական ու միասնական աշխատանք եւ ուխտապահութիւն:
Հաւատարիմ իր Տէրունաշնորհ առաքելութեան՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը ինչպէս անցեալին, այնպէս ալ այսօր եկեղեցական աշխարհասփիւռ կառոյցներով իր ջանքերը պիտի բերէ ի նպաստ հայոց անկախ պետականութեան զօրացման, մեր ժողովուրդի խաղաղ, բարօր ու յառաջընթաց կեանքի: