ԱՄԵՆ. ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՊԱՏԱՐԱԳԵՑ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՎԵՐԱՕԾԵԱԼ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ երեկոյեան պատարագեց Սուրբ Էջմիածնի վերաօծեալ Մայր Տաճարին մէջ։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ, շաբաթավերջի վերաօծումէն վերջ, մէկ շաբթուան տեւողութեան ամէն երեկոյ Ս. Պատարագ կը մատուցուի Մայր Տաճարի մէջ։