ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՑ ԺՈՂՈՎԸ ՅԱՋՈՐԴ ԱՄԻՍ ՊԻՏԻ ԳՈՒՄԱՐՈՒԻ ՎԻԵՆՆԱՅԻ ՄԷՋ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ այժմ ենթարկուած հալածանքներու պայմաններուն ներքեւ ուշադրութեամբ կը սպասուի Եպիսկոպոսաց ժողովի գումարման։ Հայկական լրահոսին մէջ արդէն կը հաղորդուի, որ փետրուած 16-19-ին, Եպիսկոպոսաց ժողովը նախատեսուած է Վիեննայի մէջ։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ գումարուած Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի վերջին նստաշրջանի զեկոյցին մէջ ալ տեղեկացուած էր, որ յաջորդ ամիս արդէն տեղի պիտի ունենայ Եպիսկոպոսաց ժողովը, որ աւելի առաջ յետաձգուած էր։
Հայաստանէ ներս յառաջացած իշխատնութիւն-եկեղեցի հակադրութեան պայմաններուն ներքեւ, անցեալ տարեվերջին Վեհափառ Հայրապետին տնօրինութեամբ նախատեսուած Եպիսկոպոսաց ժողովը ակամայ յետաձգուած էր։ Այժմ հաւաքը արդէն տեղի պիտի ունենայ, սակայն, յարմար դատուած է սրբազաններու արտասահմանի մէջ ի մի գալը։ Արդարեւ, ըստ եկեղեցական շրջանակներէ հասած անպաշտօն լուրերուն՝ Եպիսկոպոսաց ժողովի բազմաթիւ անդամներու պարագային խնդրոյ առարկայ են անհանգստութիւններ, որոնց հիման վրայ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի փոխարէն՝ ժողովը նախատեսուած է արտասահման՝ այս պարագային Վիեննայի մէջ։
Միւս կողմէ, Վեհափառ Հայրապետին դաւաճանած տասն սրբազաններէն Տ. Գէորգ Եպսկ. Սարոյեան Հայաստանի դատական իշխանութիւններուն դիմեց՝ Մասեացոտնի առաջնորդի պաշտօնէն ազատ արձակուելուն կապակցութեամբ։ Կը հաղորդուի, որ դատական իշխանութիւնները բաւարարած են Տ. Գէորգ Եպսկ. Սարոյեանի պահանջը՝ մինչ Վեհափառ Հայրապետին կողմէ Մասեացոտնի թեմի պարագային ներկայիս նշանակուածէ առաջնորդական տեղապահ մը։