ՅԱՐԱՏԵՒ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը անխափան զօրակցութեան ծրագրեր կեանքի կը կոչէ՝ քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, համաճարակի հետեւանքներու յաղթահարման եւ կարիքաւորներու օգնութիւն փութացնելու առաջադրութեամբ բազմակողմանի աշխատանք մը յառաջ կը տարուի։