ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԵՐԷԿ ՀԵՌԱՎԱՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՒ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ՀՈԳԵՒՈՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ հեռակապով հանդիպում մը ունեցաւ Եւրոպայի երկիրներու Հայ Եկեղեցւոյ թեմակալ առաջնորդներու, հայրապետական պատուիրակներու եւ առաջնորդական տեղապահներու հետ։