ՁԻՒՆԱԶԱՐԴ ՍԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԿՈՄԻՏԱՍԵԱՆ ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հայաստանի պատմամշակութային ամենածանօթ վայրերէն է Սեւանայ վանքը, որ կը գտնուի Գեղարքունիքի մարզին մէջ։ Սեւանի լիճին մօտ կանգնած Սեւանի թերակղզիի վրայ բարձրացած վանական համալիրը, ըստ աւանդութեան 305 թուականին հիմնուած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի կողմէ։

Թերակղզին նախապէս եղած է կղզի եւ համալիրը այս կղզիի բարձրագոյն գագաթը բարձրացած, կ՚ողջունէր Սեւանայ լիճը։ Հին ժամանակներուն սակաւաթիւ անձեր կրնային այցելել վանքը, քանի որ չորս կողմը շրջապատուած էր ջուրերով։ Անապատի նմանողութեամբ միաբաններ հրաժարուելով աշխարհիկ կեանքէն կեդրոնացած էին վանական կեանքին եւ դարեր շարունակ կը գործէին վանքէ ներս։ Խիստ մեկուսացման պայմաններուն ներքեւ անոնք նուիրուած էին աղօթասացութեան եւ աստուածպաշտութեան։

Նախապէս այստեղ եղած է հեթանոսական մեհեան, սակայն յաջորդիւ բարձրացած քրիստոնէական համալիրը արդէն իսկ դարձած է ո՛չ միայն շրջանի, այլ ընդհանուր առմամբ Հայ Եկեղեցւոյ նշանաւոր քրիստոնէական կեդրոններէն միոյն։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ առաջինը եղած է մեհեանի փոխարէն Ս. Յարութիւն եկեղեցին կառուցողը, սակայն 995-ին երկրաշարժի որպէս հետեւանք աւերուած է եկեղեցին։

9-րդ դարուն Սեւանը յենակէտը դարձած է Սիւնեաց իշխաններուն։ Բագրատունեաց արքայական տոհմի հիմնադիր՝ Աշոտ Ա. Բագրատունի թագաւորի դուստրը՝ Մարիամ Բագրատունի կ՚ամուսնանայ Սիւնեաց իշխան Վասակ Դ. Կապուռի հետ եւ Սիւնեաց իշխանութեան ներքեւ գտնուած Սեւանայ վանքին մէջ 874-ին կառուցել կու տայ երկու եկեղեցիներ՝ Ս. Առաքելոց եւ Ս. Աստուածածին։ Առաքելոց եկեղեցւոյ մէջ նաեւ պահպանուած է շինարարական աշխատութիւններու մասին յիշատակարան մը, որով կը ներկայանայ շինարարական թուականը։ Վանական համալիրը այնքան խստակրօն եղած էր, որ իգական սեռէ ոտք չէ կոխած վանքէ ներս, բացառութեամբ Մարիամ իշխանուհիին, որ ան ալ եկեղեցւոյ մերձաւոր շինել տուած էր յատուկ խուց մը, ուր կանգնած կը հետեւէր աղօթասացութեան։ Այս ուղղութեամբ յիշատակարաններէն մին եւս կը վկայէ անցեալին. «Կամաւն Այ Սիւնեաց տիկին Մարիամ շինեցի զեկեղեցիս յանուն սբ Առաքելոցն»։

Սեւանի մենաստանի մէջ նախքան երկու եկեղեցեաց կառուցումը, բնակած է Մաշտոց Վրդ. Եղիվարդեցին, որ յաջորդիւ կը դառնայ ամենայն հայոց կաթողիկոս։ Իր առաջնորդութեամբ եւ Մարիամ Բագրատունիի նիւթական օժանդակութեամբ կը բարձրանայ Սեւանայ վանքի երկու եկեղեցիները։ Այստեղ Մաշտոց Վարդապետի կողմէ կը հիմնադրուի նաեւ միաբանութիւն-վարժարան, ուր Մաշտոց Վարդապետին կ՚աշակերտին ապագայի երկու ամենայն հայոց կաթողիկոսներ՝ Յովհաննէս Դրասխանակերտցին եւ Ստեփաննոս Սեւանցին, ինչպէս նաեւ Մաշտոցի վարքագիրը՝ Ստեփաննոս գրիչը։

Սեւանայ վանքի եկեղեցիները Սիւնիքի դպրոցի վարպետներու ձեռքով կառուցուած հայկական ճարտարապետութեան նշանաւոր շինութիւններէն էին։ Ս. Առաքելոց եկեղեցին պազալտ քարերով շինուած է, իսկ կաթողիկէն՝ տուֆ քարերով։ Ս. Աստուածածին եկեղեցին եւս նմանողութեամբ կառուցուած է Ս. Առաքելոց եկեղեցւոյ, սակայն ճարտարապետութեամբ աւելի մեծ է։ Երկու եկեղեցիները սակայն իրարու կը միանան թերակղզիի բարձունքին։ Երկու եկեղեցիները խաչաձեւ ճարտարապետութեամբ կառուցուած են եւ կիսամշակ քարերը միշտ աւելի գործածական դարձած՝ յընթացս ճարտարապետութեան։

Կղզին յայտնի էր նաեւ որպէս միջնադարեան նշանաւոր ամրոցներէն մին, ուր 920-ական թուականներուն սկիզբը Աշոտ Բ. Երկաթ Բագրատունին, արաբական զօրքերու դէմ պայքարած եւ յաղթանակով դուրս եկած է։ Փոքրաթիւ զօրքով կղզի ապաստանած թագաւորը, կարողացած է արաբական բազմաթիւ զօրքին յաղթել եւ այստեղ անուրանալի նկատուած է Սեւանի վանքի հանդէպ եղած մեծ հաւատքը։ Աշոտ Ա. նուիրած էր Ս. Խաչ եւ այդ մէկը այնքան զօրաւոր էր, որ նոյնիսկ հիւանդութիւններու պարագային շրջանի բնակիչները կը խնդրէին խաչի բարեխօսութիւնը։ Ս. Առաքելոց եկեղեցւոյ կառուցման յաջորդող օրերուն այս խաչը նուիրուած ըլլալուն եկեղեցին նաեւ կոչուած է՝ Ս. Նշան։ Ներկայիս այդ խաչը արդէն իսկ կը պահուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի գանձատան մէջ։ Բաց աստի եկեղեցւոյ մէջ պահպանուած են նաեւ Ս. Պետրոս առաքեալի, Ս. Գէորգ զօրավարի եւ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի մասունքները։

Ամենայն Հայոց Հայրապետական Աթոռի Էջմիածնի մէջ 1441-ին վերահաստատուելէն յետոյ, 1451-ին Դանիէլ Վարդապետ այստեղ հիմնած է վարդապետարան մը, որ յաջորդելով Տաթեւի համալսարանին՝ մեծ ճանաչում ունեցած է իբրեւ «Արեւելեան տան վարդապետարան»։ 17-րդ դարուն համահայկական անապատական շարժման տարիներուն, Սեւանի վանքը վերստին գործած է իբրեւ անապատ։ 1661-ին վանական համալիրի եկեղեցիները վերանորոգուած են թիֆլիզցի Չիթաղեան եղբայրներու կողմէ։ Այս շրջանին է, որ Ս. Առաքելոց եկեղեցին նաեւ կը յիշատակուի որպէս Ս. Կարապետ եկեղեցի։ 18-րդ դարուն կղզիի ստորոտը կառուցուած է նաեւ պազիլիք եկեղեցի մը, սակայն ժամանակօք այն փլուզման ենթարկուած է եւ ներկայիս միայն մնացած՝ բեկորները։ Սեւանի վանքը եղած է նաեւ հայոց գրչութեան նշանաւոր կեդրոններէն մին, ուր ընդօրինակուած ու զարդանաշխուած են բազմաթիւ հայկական ձեռագրեր։

Միջնադարուն Սեւանի վանքի հեղինակութիւնը այնքան մեծ եղած է, որ ժողովուրդը երեք անգամ Սեւան այցելութիւնը համահաւասար համարած է մէկ անգամ Ս. Երուսաղէմ այցելութեան։

Ներկայիս, համալիրը կը կազմեն Ս. Առաքելոց եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցիները, միաբանութեան բնակելի խուցերը, բազմաթիւ խաչքարեր, ինչպէս նաեւ պազիլիք Ս. Աստուածածին եւ Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ բեկորները։ Ս. Առաքելոց եկեղեցւոյ մայր դուռին առջեւ կը գտնուի բացօթեայ գաւիթ մը, ուր համախմբուած են բազմաթիւ պատմական խաչքարեր։ Բացօթեայ այս գաւիթը շուրջբոլորուած է քարեղէն պատերով։

Վանքի մէջ կայ խաչքար մը կոչուած՝ Ս. Ամենափրկիչ խաչքարը, որ բերուած է Նորաշէն գիւղէն եւ ըստ տէր հօր, Հայաստանի մէջ նման ոճով կառուցուած խաչքարերը շատ նուազ են։ Խաչի վրայ խաչեալ Քրիստոսին խաչուած խաչքարերէն մին էր այս մէկը։

Բաց աստի, Ս. Առաքելոց եկեղեցւոյ մայր դուռը, որ 1486-ին քանդակագործ Աբրահամ վարպետի ձեռամբ ընկուզենիի փայտէ շինուած է, իր քանդակազարդութեամբ նշանաւոր դարձած է ժամանակօք եւ ներկայիս կը պահպանուի Հայաստանի Պետական պատկերասրահի թանգարանին մէջ։

ՍԵՒԱՆԻ ՍՐԲԱՊԱՏԿԵՐԸ

Ս. Խորանին վրայ կանգնած է Զօրաւոր Ս. Տիրամայր սրբապատկերի կրկնօրինակը, որ ըստ աւանդութեան՝ բնօրինակը հիւանդութեանց մօտ հրաշագործ ազդեցութիւն ցոյց տուած է անցեալին։ 17-րդ դարուն անյայտ գծագրիչի մը աշխատութիւնը հանդիսացող բնօրինակի առջեւ աղօթքով բուժուած է նաեւ Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը՝ Մխիթար Սեբաստացին, որ 16 տարեկանին եկած է Սեւան՝ բարեխօսութիւնը խնդրելու Տիրամօր, որպէսզի իր տեսողութիւնը զօրանայ։

Ուխտաւոր վանականը մօտաւորապէս երկու շաբաթ Սեւանի մէջ աղօթքով դիմած է Տիրամօր բարեխօսութեան, գրեթէ բոլոր ժամանակը աղօթքով անցկացնելով։ Իր ուխտը ընդունելի դարձած է Տիրոջ մօտ եւ ըստ աւանդութեան Սեբաստացին լսած է Տիրամօր «եղիցի» պատասխանը ու բժշկուելով դուրս եկած է վանքէն։ Ներկայիս այս սրբապատկերը կը պահպանուի Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ, որպէս ազգային եկեղեցական ու մշակութային գանձ։

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Խրիմեան Հայրիկը, այս պատկերէն կրկնօրինակ մը պատրաստելու պաշտօնը կը յանձնէ անուանի նկարիչ Ենովք Նազարեանին, աշխատութիւնը անուանելով «Սեւանի Աստուածամայր» կտաւ։ Յաջորդիւ նորագծագրեալ կրկնօրինակը կ՚ուղարկէ Վենետիկ՝ Մխիթարեան միաբանութեան, որպէս յիշատակ Մխիթար Սեբաստացիին Սեւանի մէջ գտած բուժման։ Մինչեւ այսօր կտաւը կախուած ըլլալու է Մխիթար Սեբաստացիի, Վենետիկի վանքի սենեակին պատը։

ՍԵՒԱՆԻ ՎԱԶԳԷՆԵԱՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ՃԵՄԱՐԱՆԸ

Սեւանի Վազգէնեան հոգեւոր դպրանոցը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններէն մէկն է։ Հիմնադրուած է 1990-ին, Երանաշնորհ Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի կողմէ, երբ ինք տակաւին Արարատեան Հայրապետական թեմի առաջնորդական փոխանորդն էր։

1898-ին, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Մկրտիչ Խրիմեան Հայրիկի օրհնութեամբ եւ Աւետիս Ղուկասեանի բարերարութեամբ կառուցուած է դպրոցի շէնք մը։ Շուրջ երեսուն տարի գործած կառոյցը, արդէն իսկ ամայութեան մատնուած է յաջորդիւ։ Առ այդ Սեւանայ վանքի վերջին վանահայրերէն կ՚ըլլայ Ամենայն Հայոց Խորէն Ա. Մուրատբէկեան Կաթողիկոսը։ Համայնավարական տարիներէն յետոյ, երկու եկեղեցիներն ու սոյն կառոյցը յանձնուած է Արարատեան Հայրապետական թեմի խնամքին։

Տարիներու ընթացքին անգործունեայ մնացած այս կառոյցը, 1990-ական թուականներուն ահա կը վերակենդանանայ եւ կը սկսի որպէս կրթադաստիարակչական կեդրոն գործել։ Սկզբնական շրջանին նորահաստատ դպրանոցի միակ մասնաշէնքը եղած է 100-ամեայ կառոյցը, սակայն յաջորդիւ աւելի զարգանալով կ՚ընդլայնուի նոր մասնաշէնքերով։ Ներկայիս կառոյցը այնպիսի ճարտարապետութեան մը տէր է, ըստ որում աշակերտներ առանց Սեւանի խստաշունչ ցուրտը զգալու, դուրս ելլելով կրնան հասնիլ իրենց դասարանները։

Բաց աստի, ճեմարանի համալիրին մէջ կառուցուած է Ս. Յակոբ մատուռը, ուր կը կատարուին ամենօրեայ արարողութիւնները եւ մատուռը հիւրընկալն է Վազգէնեան ճեմարանի սաներուն։ Եւս առաւել համալիրին մէջ աչքառու է Վազգէն Ա. Վեհափառ Հայրապետի հսկայ արձանը, որ ամբողջացուցիչն է մատրան եւ ննջարանաց։

2 սեպտեմբեր 1994-ին, չորրորդ ուսումնական տարուայ բացման արարողութեան ժամանակ, ի պատիւ Վազգէն Վեհափառին, Գարեգին Վեհափառը դպրանոցը կ՚անուանէ «Վազգէնեան հոգեւոր ճեմարան»։ Դպրանոցի աշակերտները Վազգէնեան ճեմարան յաճախելէ յետոյ, իրենց ուսումնական կեանքին կը շարունակեն Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանէ ներս։ Ուսանողներ կը մասնակցին նաեւ ամենօրեայ ժամերգութեանց եւ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին։ Ճեմարանի բազմաթիւ շրջանաւարտներու շարքին կը յիշատակուին նաեւ եպիսկոպոսութեան աստիճանին արժանացած բարձրաստիճան հոգեւորականներ, բան մը որ ապացոյցը դարձած է նաեւ հաստատութեան կայունութեան։

Մինաս Քհնյ. Մարտիրոսեանը այդ շրջանէն ի վեր դարձած է Վազգէնեան հոգեւոր ճեմարանի խորհրդանիշներէն մին։ Ինք եղած է աւելի քան քսանեւհինգ տարիներ վանքի հոգեւոր սպասաւորը։ Եղած է նախ տեսուչը Վազգէնեան ճեմարանին եւ յաջորդիւ՝ փոխ-տեսուչը նոյն հաստատութեան։ Ներկայիս վանահայրն է Սեւանայ վանքին։ Իր իսկ խօսքերով՝ ճեմարանը հարազատ տուն դարձած է եւ ինքզինք չի կրնար պատկերացնել առանց ճեմարանի, քանի իր սպասաւորութեան երկար տարիները անցած են ճեմարանի մէջ եւ այս հանուր կեանքը կը պատկերացնէ հետեւեալ ձեւով. «Առանց աղօթքի, ժամերգութեան եւ Ս. Պատարագի, միայն ճեմարանական կեանքը անշուշտ մարդուն լիարժէք բաւարարութիւն տալու կարող չէ։ Աղօթքը եւ ուսուցումը եւ դաստիարակութեան ծառայութիւնը, անշուշտ նոր հոգեկան բաւարարութիւն կու տան»։

Այլ խօսքով, հաստատութիւնը սիրած է Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը, որ իր երկրորդ տան նման խնամելով, զայն շէնցնելու համար ոչ մէկ ջանք խնայած է։ Առ այդ, 2000-էն սկսեալ արդէն իսկ բացումը կատարուած է Վազգէնեան հոգեւոր դպրանոցի վեհաշուք կառոյցը, որուն մէջ ներառուած են կացարանն ու ուսումնական մասնաշէնքերը։

ԿՈՄԻՏԱՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ԵՒ ՍԵՒԱՆ

Այս սրբավայրին մէջ քանի պիտի յիշատակեմ Կոմիտասեան Ս. Պատարագը, փափաքն ունիմ նաեւ ներկայացնել Կոմիտաս Վարդապետի կեանքէն դրուագ մը, որ ուղղակիօրէն առընչուած է Սեւանայ վանքին հետ։

Կոմիտաս Վարդապետի կենսագրութեան մէջ նշուած է, թէ Սուրբ Էջմիածնէ Պոլիս մեկնելու գլխաւոր պատճառը եղած է, հալածուիլը որոշ քահանաներէ, որոնք ընդունակ չէին իր հանճարեղ գործերը հասկնալու։ Անոնք կը խանգարէին վարդապետի աշխատութիւնները, ըստ որում Կոմիտաս Վարդապետ  Ամենայն Հայոց Մատթէոս Կաթողիկոսին պաշտօնական նամակ մը գրի առնելով կը պարզէ կացութիւնը եւ կը յայտնէ, թէ Սեւանայ վանքի մենաստանին մէջ փոխադրուիլ եւ այդտեղ գործել կը փափաքէր։ 

«Քսան տարի է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբան եմ։ Մտած եմ այս հաստատութեան ծառայելու նպատակաւ։ Քսան տարուան ընթացքին շրջապատը ինծի թոյլ չտուաւ այն ընելու, ինչ կարող էի, որովհետեւ տեսայ միայն որոգայթ եւ ո՛չ արդարութիւն։ Նեարդերս թուլացած են, այլեւս տոկալու ճար ու հնար չունիմ։ Կ՚որոնեմ հանգիստ, չեմ գտներ. ծարաւի եմ ազնիւ աշխատանքի, կը խանգարեն. Կը փափաքիմ հեռու մնալ՝ խցել ականջներս՝ չլսելու համար, գոցել աչքերս՝ չտեսնելու համար, կապել ոտքերս՝ չգայթակղուելու համար, սանձել զգացումներս՝ չվրդովուելու համար, բայց, զի՛ մարդ եմ, չեմ կրնար կարողանալ։ Խիղճս կը մեռնի, եռանդս կը պաղի, կեանքս կը մաշի։ Եթէ հաճոյ է Վեհիդ ինձ չկորսնցնել, այլ գտնել, արտասուելով կ՚աղերսեմ՝ արձակեցէք ինձ Ս. Էջմիածնի Միաբանութեան Ուխտէն եւ նշանակեցէք Սեւանայ Մենաստանի մենակեաց»։

Սակայն Մատթէոս Կաթողիկոս Իզմիրլեան մերժեց Կոմիտաս Վարդապետի փափաքը։ Իսկ Կոմիտաս իր մտքին մէջ կը կրկնէ հետեւեալ ձեւով. «Ես տարիներու աշխատանքով շիներ եմ իմ ուղեգիծը, ուրկէ ընթացեր եմ մինչեւ ցարդ եւ պիտի ընթանամ ասկէ ետքն ալ, որքան ատեն որ ուժ զգամ երակներուս մէջ. Ոչ մէկ խոչնդոտ չի կրնար կասեցնել զիս իմ առաքելութեանս մէջ, որու նուիրականութեանը համոզուած եմ ես բոլոր սրտովս»։ Եւ ահա տարի մը յետոյ՝ 1910-ի մայիսին, Կոմիտաս Վարդապետ մշտապէս կ՚ուղղուի դէպի Պոլիս, այլեւս առանց երբեք վերադառնալու իր հոգեւոր ծննդավայրը։

ԴԷՊԻ ՍԵՒԱՆ ՈՒՂԵՒՈՐ ՄԸ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն դէպի Սեւան, հասարակաց օրերուն ինքնաշարժով մօտաւորապէս կը տեւէ 1.5 ժամ։ Այնուհետեւ ճամբայ ելանք, ողջունեցինք Երեւան քաղաքը, մուտք գործեցինք Կոտայքի մարզէն ներս ուղեւորուեցանք եւ ի վերջոյ հասանք Գեղարքունիքի մարզը, որուն մէջ հաստատուած է Սեւանայ վանքը։

Գեղարքունիքի մէջ ուղեւորութիւնը արդէն իսկ տակաւ առ տակաւ կը հասցնէ տեսնելու Սեւանայ լիճը։ Ուղեւորութեան այս հանգրուանը ինծի յիշեցուց դէպի Աղթամար կատարուած ուղեւորութիւնները, քանի այստեղ եւս լիճին մերձաւոր ուղիէն կ՚ընթանաք, ձեր առջեւ ունենալով ճանապարհը, իսկ աջին Սեւանայ լիճը։ Իսկ ժամանակ մը յետոյ այս զգացումը առաւել եւս կը պարարտանայ, քանի Սեւանայ թերակղզիին վրայ բարձրացած Ս. Առաքելոց եկեղեցւոյ կաթողիկէն եւ Ս. Խաչը տեսնել կը սկսինք, ինչպէս որ Վանի Կեւաշ գիւղաքաղաքին մերձաւոր տեսանելի կը դառնայ Վանայ լիճն ու Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցին, հանդերձ իր կաթողիկէով ու Ս. Խաչով։ Հարսի մը գեղեցկութիւնը ունի այս շրջանը, քանի որ ծիծաղախիտ Սեւանայ լիճին ետին կը տեսնուին ձիւնապատ լեռները, որոնց կը միանայ զուարթերես տեսքը՝ վանքին։ Յաջորդիւ քիչ մը եւս ընթանալէ յետոյ, խստաշունչ ցուրտով սառոյցի վերածուած Հրազդան գետը եւս տեսանք, որ յիշեցումն էր, թէ մնացած էր հինգ վայրկեանի ճանապարհ։ Եւ հուսկ՝ հասանք Վազգէնեան հոգեւոր ճեմարանի դուռը։

Հասած էինք այնպիսի դրախտավայր մը, որ անձայնութեան խորհուրդով, ձիւնի մաքրութեամբ, զարգացումի ջերմութեամբ կը թակէր այցելուներուն զգայնութիւնը։ Պատմութիւն կը բուրէ վերակենդանացած Սեւան կոչեցեալ ջոլինարը այցելուներուս, ներկայացնելով իր կրօնամշակութային այնքան արժէքաւոր ներկայութիւնը։ Երբ արարողութեան մասնակցելու փափաքս յայտնած էի, ըսած էին, որ լաւ կ՚ըլլայ նախապէս այցելել համալիրը եւ արարողութեան նախասեմին պատրաստուիլ նաեւ աղօթքով ու հրապուրիչ հրաշք բնութեամբ։ Տակաւին ճեմարանէ ներս առանց մտնելու, համալիրը դիտարկելով, մաքրամաքուր թթուածինը շնչելով, Վազգէն Վեհափառի արձանը տեսնելով եւ Ս. Յակոբ մատուռին առջեւ խոնարհելով, կրնամ ըսել, թէ լաւ որոշեր եմ աւելի կանուխ այցելելով։

Սեւանի վանքի այժմու տեսուչն է՝ Հայր Երեմիա Վրդ. Աբգարեանը, իր մօտն ունենալով երեք արժէքաւոր սարկաւագներ՝ Սեւակը, Եղիշէն եւ Գէորգը։ Անոնց կը միանար նաեւ Տ. Մինաս Քահանան, որպէս փոխ-տեսուչ։ Վազգէնեանի մէջ ժամանակը օգտագործելով, առիթը ունեցայ զիրենք առաւել եւս մօտէն ճանչնալու եւ պէտք է խոստովանիլ, թէ հայր սուրբի առաջնորդութեամբ աշակերտներ կը վայելեն գուրգուրալից հոգեւոր խորհրդատուի մը անմիջական խանդաղատանքը։ Տակաւին առաջին իսկ մէկ օրէն եղբայրական սիրով շրջապատեցին նուաստս եւ առիթ եղան, որ ազատ համարձակ վայելեմ Սեւանը։ Մթնոլորտը լաւագոյն օրինակն է, թէ համեստ թէյասեղան մը, ինչպէս բարեկամական խնջոյքի մը կրնայ վերածուիլ։

Առիթէն օգտուելով կը միանամ աղօթքի պահուն, որ աւանդութիւն եղած է ամէն գիշեր կրկնելը։ Ճեմարանի աշակերտներ, իրենց վերակացուներն ու տեսուչ հայր սուրբը, միատեղ կ՚աղօթեն վարժարանի մեծ միջանցքին մէջ։ Այս մէկը պատեհ առիթ էր, որ լսեմ հայր սուրբին խորհրդածութիւնը, վայելեմ ճեմարանի հրաշք երգչախումբին շարականի երգեցողութիւնը, խոնարհաբար դիմեմ իրենց եւ գնահատանքս յայտնեմ։ Աստուած պահէ այս մթնոլորտը. ամէն։ 

Սեւանայ վանքի մէջ ներկայ գտնուիլը նուաստիս համար դարձած էր նաեւ ուխտագնացութիւն մը, նկատի ունենալով, որ Վազգէնեանը նաեւ ունի գեղեցիկ աւանդութիւն մը, ըստ որում կիրակնօրեայ արարողութիւններուն կը նախընտրուի Կոմիտասեան բազմաձայն երգեցողութիւնը։ Հայաստանի մէջ աւելի շատ տարածուած է Եկմալեան բազմաձայն երգեցողութիւնը, իսկ Կոմիտասեան երգեցութեամբ աղօթող եղբայրներուն միանալը կրկնակի նշանակութիւն ունէր նուաստին մօտ, քանի Պոլսոյ մէջ աւանդութիւն եղած է նախընտրել Կոմիտասեան երգեցողութիւնը, իսկ երկրորդ՝ Կոմիտաս Վարդապետ հետք թողած է Սեւանայ վանք եւ կ՚ենթադրեմ, որ ինք որպէս սարկաւագ եւ կամ հոգեւորական, անպայման գտնուած է այս շրջակայքը եւ իր աննման ձայնով զԱստուած փառաւորած։ Հետեւաբար, այս մտածումներով տոգորուն, կը սուզուիմ գիշերային անձայնութեան մէջ։

Իսկ միւս կողմէ, պէտք է անդրադառնամ տեսուչ Հայր Երեմիայի ծառայասիրութեան, բան մը որ մեծ բախտ է աշակերտաց համար։ Կեցութիւնս առիթ եղաւ, որ մօտէն տեսնեմ հայր սուրբի գլխաւորութեամբ հաստատուած եղբայրական մթնոլորտը եւ զրուցակից դառնամ ազգիս Վեհափառ Հայրապետին հոգածութեան ներկայացուցիչը հանդիսացող հոգեւոր եղբայրներուս։ Հաստատութիւնը, որ ներկայիս իր աւելի քան յիսուն աշակերտներով կը շարունակէ առաքելութիւնը, վստահաբար հայր սուրբի հոգածութեամբ եւ իր օգնական սարկաւագներուն աջակցութեամբ պիտի դառնայ աշակերտաց զարգացման օրրան եւ ապագայ հոգեւոր սպասաւորութեան թեկնածուներ իրենց եկեղեցւոյ մասին զանազան գիտելիքներով պիտի ամբարուին այս յարկին ներքեւ, նման իրենց նախորդներուն։ Այս ուղղութեամբ աղօթող եմ Վազգէնեան հոգեւոր ճեմարանի, ինչպէս նաեւ իրեն յաջորդող եւ վազգէնեանցիները կատարելագործող Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի բոլոր սպասաւորներու յաջողութեան համար։ Վազգէն Վեհափառի հոգին թո՛ղ ցնծայ, որ իր անունով մկրտուած այս յարկը կը ծառայէ իր առաքելութեան եւ կը նպաստէ Հայ Եկեղեցւոյ հոգեւոր սպասաւորներու պատրաստման։

ԵՐԳՈՎ ՔԱՂՑՐՈՒԹԵԱՄԲ ՀՆՉՄԱՄԲ ԶԱՍՏՈՒԱԾ ՕՐՀՆԵՍՑՈՒՔ

Ս. Թարգմանչաց տօնին քանիցս կրկնուած այս տողերու յիշատակութեամբ կը սկսինք պաշտամունքին։ Առաւօտուն որքան հաճելի է սենեակին պատուհանէն առաջին պահուն տեսնել Վազգէն Վեհափառի արձանը եւ Ս. Յակոբ մատուռը։ Ուստի, առաջին հերթին աշակերտներով միատեղ ուղեւորուեցանք դէպի Ս. Յակոբ մատուռ, ժամերգութիւն կատարելու համար։ Արարողութեան կանոնաւորութեան կը հսկէր՝ Տ. Մինաս Քահանան։ Մատուռը, որ սեւ քարերով կառուցուած այժմէական կառոյց մըն էր, սակայն նմանողութիւնը ունէր Զուարթնոցի պատմական տաճարին։ Իսկ իր մէջ մուտք գործելէ յետոյ փոքրիկ խորանով ու Ս. Սեղանով՝ հարազատօրէն կը ներկայացնէ ճեմարանի մատուռ կոչուելու հանգամանքը։ Մատուռը այնպէս մը կառուցուած էր, որ բոլոր լուսամուտերէն արեւու լոյսը կը ճառագայթէր եւ մութ շրջանակ մը բոլորովին կը լուսաւորուէր։ Այնպէս մը կառուցուած ըլլար, որ պատմական հնութիւն չըլլալով հանդերձ, պատմական տաճարներուն ազդեցութիւնը թողէր ներկաներուն եւ կը կարծեմ, թէ յաջողած է այս մէկը։

Գիշերային ժամերգութիւնը կատարելէ յետոյ, այլեւս պահը եկած էր դէպի Սեւանայ վանք առաջնորդող աստիճաններէն բարձրանալու եւ դէպի վանք ուղղուելու։ Այս աստիճանները եւս ունէին Աղթամար կղզիի մէջ դէպի Ս. Խաչ տաճար առաջնորդող աստիճաններու տպաւորութիւնը, վասնզի կամաց եւ ուշադիր կը բարձրանայիք աստիճաններէն ու եկեղեցին հետզհետէ ցոյց կու տար իր կաթողիկէն։ Եւ երբ բարձրացած էք գագաթը թերակղզիին, նմանողութիւնը առաւել եւս զգալի կը դառնայ եկեղեցեաց ներքեւէն դիտուած Սեւանայ լիճով։ Հրաշք բնութիւն մըն է այս մէկը ուղղակիօրէն, որուն մէջ խստաշունչ քամին կը հարուածէ մարմինները ուխտաւորաց, սակայն հարուած մը, որ կ՚արթնցնէ ոչ-արթուն ուղեւորը եւ իր աչքերուն առջեւ կը սփռէ եզակի շրջապատկեր մը։ Սեւանայ վանքն ու Սեւանը միատեղ, աղօթավայրն ու կազդուրման վայրը իրարու հետ լրացած։

«Ծփում է Սեւանը,
Կանչում է Սեւանը,
Ծով ալիքների մէջ,
Ժպտում է Սեւանը:
Ծաղիկնե՛ր, ծաղիկնե՛ր,
Անթառամ ծաղիկնե՛ր,
Դուք սիրոյ, կարօտի,
Անմոռաց վկաներ»:

Որքա՜ն գեղահիւս է սիրահարի մը կարօտալի տողերը Սեւանով միախառնուած։ Կա՞յ հայ հոգեւորական մը, որ Սեւանին կարօտախառն զգացողութիւններուն ջերմ ընդունելութեան արժանանայ եւ չողջագուրուի Սեւանայ լիճին տաճարներով եւ գունազարդ համայնապատկերով։ Սեւանը կը ծփայ իր կապուտակ դէմքով եւ իւրաքանչիւր ալիք ժպտախառն տրամադրութեամբ կ՚երգէ շարականը մերազնէից. «Ալեկոծիմ հողմով անօրէնութեան իմոյ, Թագաւոր խաղաղութեան, օգնեա ինձ: Ի խորըս մեղաց ծովու տարաբերեալ ծփիմ, Նաւապետ բարի, փրկեա զիս» (Ապաշխարութեան Շարական): Հետեւաբար Սեւանը կ՚ողջունէր մեզ իր եզակի ներկայութեամբ եւ որպէս վանահայեաց լիճ, կ՚ուզէր միանալ Ս. Առաքելոց եկեղեցւոյ մէջ մատուցանելի կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի ոգեւորութեան։

ԿՈՄԻՏԱՍԵԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ

Որպէս Պոլիսէն եկած հոգեւորական, յատուկ ձեւով ուզած էի Սեւանայ վանքին մէջ Կոմիտասեան Ս. Պատարագի երգեցողութեան միանալ եւ Վազգէնեան հոգեւոր ճեմարանի արական երգչախումբի երգեցողութեան ունկնդրել։ Ուխտագնացութիւն մըն էր այս մէկը, որովհետեւ Կոմիտաս Վարդապետի գործած Պոլսոյ յուշերը նուաստիս ճամբով պիտի միանային, իր իսկ անցած Սեւանի վանքին մէջ։ Պոլսոյ մէջ կան երգչախումբեր, որոնք լաւագոյնս կը փորձեն երգել Ս. Պատարագը, սակայն Վազգէնեանի երգեցողութիւնը ուշադրութիւնս գրաւած էր, քանի զուտ արական խումբ մը իր վարիչ Սեւակ Սարկաւագի առաջնորդութեամբ կ՚երգէր։

Հետեւաբար կ՚ուզեմ արարողութեան մասին արտայայտուելէ առաջ քարոզին մէջ նշուած խոկումով սկսիլ.

«Պատմական վանական համալիրին մէջ, գոհութիւն եւ փառք կը վերառաքեմ առ բարձրեալն Աստուած, որ այս հիանալի առիթը ընծայեց նուաստիս։ Ս. Առաքեալներուն ընծայուած այս եկեղեցւոյ մէջ ուխտի Ս. Պատարագ մատուցանելու կ՚արժանանամ։ Աստուծոյ փառք եւ գոհութիւն։ Այս մէկը առիթ է, որ Ս. Սեղանին մօտենամ, որպէս սպասաւորը Հայ Եկեղեցւոյ եւ ի մասնաւորի պատարագիչ,  աղօթեմ մեր հոգեւոր հայրերուն եւ եղբայրներուն համար։ Իսկ, եկէ՛ք միասնաբար փոքրիկ յիշատակութիւն մը ընենք։

«Այս եկեղեցւոյ մէջ մենք կը մատուցանենք Հայաստանի տարբեր վայրերէ տարբերած երգեցողութիւն, այսինքն՝ Կոմիտասեան երգեցողութիւն։ Այն երգեցողութիւնը որ եռամեծար վարդապետը՝ Կոմիտաս, յօրինած է ստանալով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի օրհնութիւնը։ Ան դարձած է Կուտինացի Սողոմոնէ Կոմիտաս Վարդապետ եւ Հայ Եկեղեցիին նուիրաբերած՝ այս հիանալի երգեցողութիւնը։ Հետեւաբար, որպէս պոլսեցի հոգեւորական անմասն չեմ կրնար մնալ այս հոգեւոր երգեցողութիւնը լաւագոյնս մատուցող վազգէնեանցի մեր սիրեցեալ եղբայրներու ներկայութենէն։ Ձեր ձայները շէն մնայ, Աստուած ձեր ձայնը միշտ օրհնեալ պահէ, որպէսզի նմանողութեամբ Կոմիտաս Վարդապետի պայծառակերպուիք Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի օրհնութեամբ, վերածուիք Հայ Եկեղեցւոյ նուիրեալ սպասաւորներու եւ ձեր բերնէն ելած խօսքը, երաժշտութիւնը, հասնի ուրիշներու սրտերուն, եւ այդտեղ շարժի բան մը, որ է հաւատքը, յոյսը եւ սէրը ի Յիսուս Քրիստոս»։   

Իսկ, այժմ պահն է արարողութիւնը վերյիշելու եւ մօտաւոր անցեալի այն հիասքանչ ժամերուն ակնարկելու։ Ծերունազարդ սակայն նոյնքան հոգեպէս աշխոյժ վանահայր Մինաս Քահանան, Վազգէնեան ճեմարանի երգչախումբի կազմը, վարիչ Սեւակ Սարկաւագը, երգեհոնահար Կարինէն, ճեմարանի աշակերտութիւնը եւ հաւատացեալներ իրենց տեղերը գրաւած կը սպասէին արարողութեան սկիզբին։ Վստահ եմ, թէ իրենց համար եւս տարբեր փորձառութեան եւ յիշարժան յիշողութեան պիտի վերածուէր արարողութիւնը։

Եւ ահա կը սկսի «Խորհուրդ խորին» շարականը եւ թափօրը վանքի ձախակողմեան փոքրիկ խորշէն կ՚ուղղուի դէպի Ս. Խորանի առջեւ։ Երբ աչքերս կեդրոնացած են տժգոյն, սակայն առինքնող խորանին, ակամայ արդէն իսկ անձս թողած էի երգեցողութեան գերբնական եւ իմանալի գեղեցկութեան։ Ոչ-հայազգի անձինք առանց նոյնիսկ հասկնալու երգեցողութեան բառերը, ի զուր չեն հմայուած Կոմիտասեան երգեցողութիւնով, զայն կոչելով Քրիստոնէական Եկեղեցւոյ հրաշալիքներէն մին։ Եւ ահա, լսուեցաւ, «Թագաւոր Երկնաւոր» աղօթախառն մաղթանքը, որուն սկզբնաւորութեան «Թա» հնչիւնի զօրաւոր շեշտադրումը եւ յաջորդիւ երգեցողութեան շարունակութիւնը, արդէն իսկ կը շարժէ բոլորիս ներսիդին։ Հետեւաբար ոգեւորուած սկսաւ արարողութիւնը եւ շարունակաբար Ս. Սեղանի բոլոր սպասաւորներս երբ բարձրացանք, արդէն իսկ աւելի լաւ կը լսէինք համաչափ երգեցիկ դպիրները։

«Բարեխօսութեամբ» շարականի երգեցողութեան ժամանակ պահ մը ինքզինքս Պոլիս զգացի, ակամայ իւրաքանչիւր վանկին միացած ձայնագրութիւնները լսելով։ Երգեցողութիւնը ազդեցիկ էր, քանի առանց շատ քաշկռտելու կը կատարուէր այն եւ քայլերգի մը տպաւորութիւնը ունէր։ Պէտք է խոստովանիլ, թէ Պոլսոյ մէջ երբեմն այնքան դանդաղ կ՚երգուի այս բաժինը, որ կարծէք յուղարկաւորութիւն մը ըլլայ։ Սակայն Կոմիտաս Վարդապետ այնպէս մը յօրինած է, որ պատարագիչը աւելի լաւ զգայ, թէ աշխարհ յայտնուած եւ ժողովուրդին մէջ շրջող Քրիստոսի տիպարը կը ներկայացնէ ու ամուր քայլերով շրջի ժողովուրդին մէջ։ Իսկ միւս կողմէ աշխատած է նաեւ ժողովուրդին ազդելու համար, որպէսզի անոնք Ս. Խաչը ի ձեռին ունեցած եկեղեցականին մօտենան եւ իր օրհնութիւնը ստանալու տենչանքը ներկայացնեն, գոչելով. «Յիշեսցիր եւ զմեզ առաջի անմահ Գառինն Աստուծոյ»։ Հետեւաբար, երգեցողութիւնը իր նպատակը արդարացնելով թէ՛ պատարագիչը եւ թէ՛ ժողովուրդը մղած էր իր հաւատքի քայլը նետելու։

Յաջորդիւ առիթը վիճակուեցաւ նաեւ լսելու երգչախումբին պատասխանող սարկաւագներուն երգեցողութիւնը։ Անցեալին յատկապէս Գնալը կղզիի մէջ, Մեսրոպ Պատրիարք յատուկ ուշադրութիւն կը ցուցաբերէր, որպէսզի սարկաւագաց երգեցողութիւնը եւս համապատասխան ըլլար Կոմիտասեան երգեցողութեան։ Իր իսկ թելադրանքով, այս եկեղեցւոյ մէջի բոլոր սպասաւորները տարիներու ընթացքին վարժուեցան այս երգեցողութեան եւ կը տարբերէին Պոլսոյ այլ եկեղեցեաց սպասաւորներէն։ Այս երգեցողութիւնը այնքան թելադրուեցաւ, որ Մեսրոպ Սրբազանի ձեռքը հասած սարկաւագաց ընդհանրական երգեցողութեան վերածուած էր։ Ի՞նչ էր տարբերութիւնը այս միոյն։ Սարկաւագն ու երգչախումբը իրարու կը յաջորդէին համընթաց ձեւով եւ երգեցողութեան շարունակականութիւնը կ՚ապահովուէր Կոմիտասեան ոճով։ Սեւանի մէջ ուրախացուցիչ տեսարան էր, թէ նոյն երգեցողութեան նոյն ոճը յար եւ նման կը կրկնուէր Ս. Առաքելոց եկեղեցւոյ մէջ։ Հետեւաբար պատարագիչը այս երգեցողութեան մէջ աւելի դիւրին կրնայ վերանալ ու կեդրոնանալ իր ծածուկ աղօթքներուն վրայ։ Հետեւաբար, Ս. Սեղանի սպասարկու ճեմարանականներ լաւ մարզուած էին այս առումով։

ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԵՐԳԵՑՈՂՈՒԹԻՒՆ՝ ԿՈՄԻՏԱՍՈՎ

Երգչախումբը եկեղեցւոյ այն բաժինը կը գտնուէր, ուրկէ կը ճառագայթէր նաեւ հիանալի լուսաշող մը, զոր կը ծածկէր նաեւ երգչախումբի շրջակայքը, հասնելով մինչեւ Ս. Խորան։ Իւրաքանչիւր անգամ որ «Խաղաղութիւն ամենեցուն» ըսելով կը դառնայի դէպի ժողովուրդ օրհնութիւն բաշխելու համար, այս ճառագայթի շողը կը հասնէր մինչեւ ինծի։ Քանի Ս. Խորանը կը նմանի Աստուածային ներկայութիւնը խորհրդանշող բարձր լերան, արարողութեան ընթացքին ես ալ նմանցուցի սրբազան հատուածը Թաբոր լերան, ուր լոյսը ծածկած էր ամէն վայր եւ առաքեալներ զմայլած ըսած էին, «լաւ է որ այստեղ մնանք»։ Այլ խօսքով, առաւել եւս խորհրդաւոր մթնոլորտի մը վերածուած պատմական տաճարին մէջ կը շրջէր հոգեզմայլ մեղեդիներ ու հաւատացեալներ մասնիկը կը դառնային այս սրբավայրին։ Կը մտածեմ, թէ երգեցողութիւնը եթէ գտանելի ըլլայ այլ եկեղեցիի մը մէջ, այս տեսարանը դժուարահաս է շատերուս համար։ Ահա այս ալ Սեւանի տարբերութիւնն է…

Ս. Պատարագը երբ բնական ձեւով կ՚ընթանար, կը հասնէր վերաբերումի պահը, որով ճեմարանականներէն մին իր գեղեցիկ ու վեհաշունչ ձայնով կը մեներգէր «Հրեշտակային»ը, հետեւելով ձայնագրական գեղեցիկ խաղերուն, մինչ երգչախումբը կը միանար մեներգին բազմաձայնութեամբ։ Ես ալ այս գեղեցիկ մեներգին մէջ սուզուած կը միանայի ծածուկ աղօթքի թախանձագին տողերուն. «Աղաչեմ զքեզ միայն բարերար եւ հեշտալուր, նայեա յիս՝ ի մեղուցեալ եւ յանպիտան ծառայս քո, եւ սրբեա զհոգի եւ զմիտս իմ յամենայն պղծութենէ չարին. եւ բաւականացո զիս զօրութեամբ Սուրբ Հոգւոյդ, որ զգեցեալ եմ զքահանայականս շնորհ, կալ առաջի սրբոյ Սեղանոյս եւ քահանայագործել զքո անարատ Մարմինդ եւ զպատուական Արիւնդ»։ 

Յաջորդիւ ապա, սարկաւագը կը ձայնէր «Ողջո՜յն տուք միմեանց» ըսելով, որուն կը հետեւէր «Քրիստոս ի մէջ մեր յայտնեցաւ» երգը։ Կոմիտասեան երգեցողութեան հիանալի բաժիններէն մին է սա, որ երբ հաւատքով ու գեղաձայնութեամբ կ՚երգուի, հեղինակութեան բառերուն որքա՜ն խորհրդաւոր ըլլալը ա՛լ աւելի զգալի կը դառնայ։ Իսկ Կոմիտասեան բազմաձայնութեան մէջ կայ նաեւ որոշ ձայնագրային բաժիններ, որոնք միայն մէկ ձայնանիշով կը միանան երգեցողութեան. բան մը որ եթէ չըլլայ Կոմիտասեան երգեցողութիւնը կը կաղայ, իսկ եթէ անչափ ձեւով ձայնանիշը ճնշէ երգեցողութեան, կը խանգարուի բոլոր երգեցողութիւնը։ Իսկ այստեղ ամէն ինչ չափով կ՚երգուէր, մինչ այդ եկեղեցւոյ մէջի ամէն անձ մեծ ոգեւորութեամբ զիրար կ՚ողջունէր Քրիստոսի յայտնութեան մեծ աւետիսով։

Չեմ գիտեր վարժութենէ՞  կու գայ, թէ ոչ՝ իրապէս լաւագոյնը ըլլալուն համար, Կոմիտասեան «Սուրբ Սուրբ»ի երգեցողութիւնը միշտ աւելի ազդու եղած է մօտս։ Իմ վարժուած երգեցողութեան նաեւ կը միանար Էջմիածնական գեղեցիկ սովորութիւնը, ըստ որում որոշ միջանցքներով տեւաբար կը հնչէր եկեղեցւոյ մէջի զանգակներէն մին։ Խորհրդաւոր կը սկսի երգեցողութիւնը, մեղմ ձայնով, որպէս խորհրդանիշը սրբասաց հրեշտակներուն, սակայն երբ կը հասնի «Տէր զօրութեանց» հանգամանքը շեշտադրել, կը բարձրանայ երգեցողութեան ձայնը եւ կը շարունակէ «Լի են երկինք եւ երկիր փառօք քո»։ Ձայնային խաղերը, համընթաց աղօթասացութիւնը, առ Աստուած բարձրացած աղօթող ձեռքերը  իրար կը միանան եւ արտացոլացումը կը դառնան Աստուածային փառաւոր ներկայութեան։ Ահա այս տրամադրութիւնն է, որ կը դիմաւորէ Ս. Պատարագի ամենէն խորհրդաւոր բաժինը։ «Առէք կերէ՛ք…Արբէք ի սմանէ ամենեքեան…»։

Անշուշտ, թէ բոլոր Ս. Պատարագի մասին մի առ մի յատուկ ակնարկ նետել չեմ ուզեր, սակայն հիմնական բաժինները անպայման պէտք է յիշատակել, ինչպէս է «Հայր մեր»ը եւ իրեն յաջորդող աղօթասացութիւնը։ Երգչախումբը բարձրաձայն երգելու կարողութեամբ օժտուած էր, բան մը որ աքուստիքի տէր եկեղեցւոյ մէջ առաւել եւս զգալի կը դարձնէր երգչախումբի կարողութիւնը։ Պոլսոյ մէջ իւրաքանչիւր հանդիսաւոր պատարագին արտասանուած «Օրհնեա՜լ Հա՜յր Սո՜ւրբ Աստուա՜ծ ճշմա՜րիտ»ը ես կ՚երգէի յատկապէս՝ վերջին տարիներուն աւանդական դարձած երգեցողութեամբ եւ անոնք կը միանային «Ամէն»ին։ Լաւագոյն երգեցողութիւնը այն է, որուն մէջ պարապութիւն չի մնար եւ բոլոր երգեցողութիւնը գետի նման կ՚ընթանայ իր ակունքէն։ Իսկ երաժշտական այս կանոնը այստեղ լաւագոյնս կը ներկայանար, շնորհիւ երգեցիկ ճեմարանականաց։ Ահա, այս ներդաշնակութիւնը արտասուաբեր կը դառնար, երբ Սիմէոն Երեւանցի Կաթողիկոսէ հասած եւ Մեծ պահոց «Որ զխորհուրդ» շարականէն ներշնչուելով Կոմիտաս Վարդապետէ յօրինուած «Տէր Ողորմեա»ն կ՚երգուէր երգչախումբի կողմէ։ Գլխաւորութեամբ տէր հօր, բոլոր հաւատացեալներ ծունկի եկած կը միանան երգչախումբի սրտաճմլիկ երգեցողութեան։ Առանց շատ պոռալու, մեղեդի մը կը ձայնէր մեր կորովազուրկ բնութեան ներքեւ առ Աստուած եւ վասն մեր կը խնդրէր Տիրոջ ողորմութիւնն ու գթութիւնը։ Այս այն ժողովրդականաց աղօթքն է, որով կը հասկնանք, թէ Կոմիտաս Վարդապետ որքա՜ն լաւ իւրացուցած էր հայկական յուզումնախառն հոգին, որքա՜ն մեծ վարպետութիւնը ունեցած է երաժշտութեան լեզուով թարգմանելու զայն եւ վերստին հաւատացեալներու մատուցանելու։ Ուստի պէտք է խոստովանիլ, թէ տղաքը յաջողած էին հաւատացեալները ցնցել եւ Աստուածային նպատակին Կոմիտասեան լեզուով լաւագոյնս ծառայելու։

Եւ ահա հասած ենք արդէն Ս. Հաղորդութեան պահուն, որու ընթացքին հաւատացեալներ յետ խոստովանանքի երկիւղով կը մօտենան Ս. Հաղորդութեան։ Գեղեցիկ սովորութիւն եղած է այս պահուն երգել Աւագ հինգշաբթի օրուան «Որ կազմեցեր» շարականը։ Ծանրաշուք եւ «ԳՁ» եղանակաւ յօրինուած շարական մը, որ ամէն անգամ երբ արական զօրաւոր ձայնի մը կողմէ երգեհոնի ընկերակցութեամբ կ՚երգուի, կը շարժէ սիրտերը։ Այս աննախընթաց արարողութեան կը կարծեմ, թէ յիշարժան երգեցողութիւններու մասնիկներէն մին ալ այս մէկը եղաւ։ Շատ լաւ կ՚ենթադրեմ, թէ այն անձը որ բոլորով սրտիւ կ՚երգէ այս շարականը, նախ ինք կը զգայ Քրիստոսի վերջին ընթրիքի հիասքանչ խորհուրդին վեհութիւնն ու սաստկութիւնը եւ իր երգեցողութիւնը կը տարբերի սովորական ձայնակցութենէն։

Եւ հուսկ՝ Կոմիտասեան Պատարագի ծանրածանր «Գոհանամք»ը կ՚երգուի. բան մը որ մեր մօտ յատկապէս տաղաւարի տօներուն կ՚երգուի ամենայն հանդիսաւորութեամբ։ Այս բաժինը լսելով ըսի, թէ Սեւանայ վանքի մէջ իմ տաղաւարս էր այդ օրը, քանի Պոլիսէն տարիներ յետոյ առաջին անգամ հոգեւորական մը Ս. Պատարագ կը մատուցանէր, ուշադրութեամբ հետեւելով Կոմիտաս Վարդապետին եկեղեցանուէր ծառայութեան եւ հոգեշնչող երգեցողութեան։ Տաղաւար մըն էր այդ օրը, քանի բոլորս երգեցողութեան ճամբով փառաւորած էինք Յարութիւնը Քրիստոսի։ Այս մեներգիչ երիտասարդ աշակերտին բարձրաձայն եւ այնքան մաքուր կատարումը, իր ընկերներուն համակերպումը եւ միատեղ յառաջ եկած ծանր «Գոհանամք»ը։ Կոմիտաս Վարդապետ այնպէս մը հիւսած էր այս բաժինը, որ տակաւ առ տակաւ բարձրացած ձայնանիշերով եւ հիանալի ձայնախաղերով նաշխած էր երգեցողութիւնը։ Մեղեդի մը, որ Տիրոջմէ գոհացող հաւատացեալին հոգեկան գոհացում եւս մատուցանելով, զինքը կ՚ուղղէ դէպի վերջին օրհնութիւն։ Այլեւ արական ձայնը, որ աւելի խորութիւն ունի, իրապէս պճնազարդեց բոլորիս ներսիդին։ Այլապէս բոլորիս կը մնայ ըսել, ձայնդ անսպառ Վազգէնեան երգչախումբ։

Արարողութեան աւարտին աշակերտներու եւ հաւատացեալներու հետ զրուցեցի ու փառք կու տայի Աստուծոյ, որ իրենց խօսքերուն մէջ զգացի օրհնընկալ անձերը։ Հաւատացեալներ ուրախ էին Սեւանայ վանքով, իսկ աշակերտները միատեղ իմաստալից արարողութիւն մը կատարած ըլլալու ապրումը ունէին։ Այս առթիւ նախքան բաժանումս, կը մտածէի Կոմիտաս Վարդապետի մասին, թէ արդեօք այս շրջակայքին մէջ ո՞ւր հետք թողած էր, ո՞ւր երգած էր Տիրոջ փառքը։ Չեմ գիտեր։ Սակայն գիտեմ բան մը, որ իր թողած անմահական երգեցողական ժառանգը առիթ եղաւ, որ այս եկեղեցւոյ մէջ իր անունը եւս յիշատակուի երանութեամբ։ Օրհնեալ մնայ յիշատակը Կոմիտաս Վարդապետին եւ իր յօրինած հանճարեղ երգեցողութիւնը տակաւին հնչեն բազմաթիւ աղօթատեղիներու մէջ, դառնալով հաւատացելոց մխիթարութեան եւ հոգեկան վերելքի միջնորդ։

Այս առթիւ կ՚ուզեմ եղբայրական սիրով  գնահատել տեսուչ Հայր Երեմիան, վանահայր Տ. Մինաս Քահանան եւ Սեւակ Սարկաւագը, որոնց կամեցողութեամբ եւ ջանասիրութեամբ Կոմիտասեան երգեցողութիւնը կը հնչէ Սեւանայ վանքին մէջ եւ իւրաքանչիւր այցելու այստեղ կ՚ընկալէ Հայ Եկեղեցւոյ մարգարտազարդ գանձը։ Անշուշտ, թէ յատուկ ձեւով կը գնահատեմ Վազգէնեան հոգեւոր ճեմարանի բոլոր սաները, որոնք իրենց վարիչէն լաւ մարզուած ըլլալով, ամենայն բծախնդրութեամբ կը ջանան երգել Կոմիտասեան մեղեդիները, վառ պահելով անունը եռամեծար վարդապետին եւ գանձապահը մնալով Հայ Եկեղեցւոյ հոգեմշակութային գանձարանին։

ՀԱՅՐԱՎԱՆՔ

Ընկերակցութեամբ Հայր Երեմիայի, Սեւանայ վանքէն ուղեւորուեցանք դէպի Հայրավանք, որ Սեւանայ լիճին ափի բարձունքին կանգնած եզակի պատմամշակութային հոգեւոր կառոյցներէն է։ Մօտաւորապէս կէս ժամուայ ճանապարհորդութիւն մըն էր, որ զուտ Սեւանայ լիճի շրջակայքէն կը կատարուէր։ Հետեւաբար մեր ճանապարհորդութեան ընթացքին թէ՛ Սեւանայ լիճը վայելեցինք եւ թէ՛ ուղղուեցանք դէպի Հայրավանք գիւղը, որուն նշանաւոր կառոյցն է՝ ծովահայեաց Հայրավանքը։ Վանքի մասին բազմապիսի տեղեկութիւններ կը ներկայացուէին նաեւ եկեղեցւոյ շրջակայքը։

Հայրավանքը ծանօթ եղած է նաեւ հետեւեալ անուններով. Այրիվանք, Հայրիվանք, Հայր Յոհանք, Հայր Յովհան, Հայր Յովհաննավանք, Հայր Յովհաննու վանք, Հայրվանք, Հայրուվանք, Հայր Օհավանք, Յովանավանք, Մարդաղաւնեաց վանք։

Կը գտնուի Գեղարքունիքի մարզին մէջ Հայրավանք գիւղի հիւսիս-արեւելեան մասը, Սեւանայ լիճի ափին ժայռոտ հրուանդանի մը վրայ։ Աստիճաններէ բարձրանալով, բարձրադիր խաչերը ողջունելով հասանք պատմական վանական եկեղեցին։ Իսկ եկեղեցւոյ մուտքին պատրաստուած է փայտեայ դուռ մը, որուն վրայ կը պատկերացուին Յովհաննէս եւ Ներսէս վարդապետները, ի ձեռին ունենալով Հայրավանքը։

Ըստ աւանդութեան, վանական համալիրը հաստատուած է 9-12-րդ դարերու միջեւ, հանդերձ Ս. Ստեփանոս եկեղեցիով եւ գաւիթով։ Եկեղեցին որ կառուցուած է 9-րդ դարուն, հայկական ճարտարապետութեան եզակի նմոյշներէն է։  Իսկ միւս կողմէ, այլ աւանդութեան մը համաձայն, վանքի հիմնարկութիւնը աւելի վաղ ժամանակներու կը հասնի, ըստ որում Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ այստեղ որպէս ճգնարան օգտագործելով խաչափայտ թողած ու հաստատած է վանքը։

Եկեղեցւոյ հիմնադիրը կը համարուի Բագրատունեաց արքայական տոհմի հիմնադիր՝ Աշոտ Ա. Բագրատունի թագաւորի դուստրը՝ Մարիամ Բագրատունին, որ եղած է նաեւ Սեւանայ վանքի հովանաւորը։ Ունի խաչաձեւ եւ կեդրոնագմբէթ կառուցուածք։ Ունի երկու մուտքեր, որոնցմէ մին է հարաւային, իսկ միւսը՝ արեւմտեան։ Արեւմտեան մուտքը կը բացուի գաւիթին։ Եկեղեցին կառուցուած է պազալտ քարէ, սակայն կամարները եւ գմբէթը՝ սրբատաշ տուֆէ։

Եկեղեցւոյ արեւմտեան մասին 12-րդ դարու վերջերը կառուցուած է գաւիթը։ Իսկ եկեղեցւոյ եւ գաւիթի պատերուն վրայ կը գտնուին բազմաթիւ խաչեր ու արձանագրութիւններ, որոնցմէ ամենէն հինն է 1211 թուակիր յիշատակարան մը, որուն մէջ կը յիշատակուի եկեղեցին նորոգած Յովհաննէս եւ Ներսէս վարդապետները։ Անոնց շնորհիւ եկեղեցւոյ կից քարեզարդ գմբէթով գաւիթ մը կառուցուած է։

Եկեղեցիի նեղ պատուհաններէն  ներթափանցող արեգակի շողերը կը լուսաւորեն եկեղեցւոյ ներսը։ Ըստ ենթադրութեան, ճարտարապետը դիտմամբ օգտագործած է արեւու լոյսը՝ եկեղեցին ներսէն զարդարելու նպատակաւ։ Վանական համալիրէն հրաշալի տեսարան կը բացուի նաեւ Սեւանայ լիճը եւ անոր շրջակայքը։

Վանքը ունի նաեւ փոքրիկ բակ մը, ուր 16-րդ դարէ տապանաքարեր եւ խաչքարեր կը գտնուին։ Խաչքարերը իրենց բարձրութեամբ, ինչպէս նաեւ թիւերու շատութեամբ հետաքրքրութիւն կը գրաւեն։

Հայրավանքի հետ առընչուած է նաեւ աւանդապատում մը, ըստ որում երբ Լենկ Թիմուր կը հասնի մինչեւ Այրիվանք, վանքի վանահայր Յովհաննէս Եպիսկոպոսը, տխրահռչակ գրաւումը չտեսնելու համար հրաշագործ խաչով մը կապուած ինքզինքը կը նետէ ջուրը։ Բայց կամօքն Աստուծոյ չի սուզուիր, այլ կը վազէ ծովի վրայով։ Տեսած հրաշքէն ցնցուած Լենկ Թիմուր իր մօտ կը բերէ վանահայրը եւ կը խոստանայ իր փափաքը կատարել։ Վանահայրը կը խնդրէ իրմէ ազատ արձակուին այնքան ժողովուրդը, որ կրնայ վանքի ներսը մտնել։ Լենկ Թիմուր կը համաձայնի խնդրանքին։ Մարդիկ կը սկսին մօտենալ եկեղեցի եւ լեցնել տաճարը եւ դուրսը մարդ չի մնար։ Զարմացած Լենկ Թիմուր կը նկատէ, որ վանքի մէջի բոլոր մարդիկը աղաւնիներու վերածուած են եւ թռչելով ազատած։ Այս պատճառաւ վանքը իր վանահայր Յովհաննէս Եպիսկոպոսի անունով կը յիշատակուի եւ կ՚անուանուի Յովհաննավանք եւ կամ Հայր Յովհաննու վանք։

Ի տես այս հրաշքին, ծանօթ է նաեւ Մարդաղաւնեաց վանք։ Իսկ ներկայիս աւելի ընկալելի դարձած է Հայրավանք անունը։

Այս աւանդութիւնը գրի առած է Ղազար Ա. Ջահկեցի Կաթողիկոսը, իսկ դէպքերը տեղի ունեցած են 1381-ին։ Կաթողիկոսը կը նշէ, որ վանահայրը այդ հրաշքը իրագործած է Խաչափայտի մասունքով Ս. Խաչի զօրութեամբ։ Իսկ խաչը յետագային տեղափոխուած է Սեւանայ վանք եւ ապա՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։

Վանքը մինչեւ 19-րդ դար գործած է, իսկ վանքի անկումէն յետոյ վանականներէն մաս մը փոխադրուած է Սեւանայ վանք։ Իսկ 1980-ական թուականներուն վանքը նորոգուած եւ եկեղեցւոյ գմբէթը վերակառուցուած է։

Ներկայիս բազմաթիւ ուխտաւորներ եւ այցելուներ կը փութան այս պատմական վանքը, թէ՛ ուխտի աղօթք կատարելու եւ եզակի շրջակայքին մէջ շրջելու եւ թէ՛ իր հիանելի բարձրութենէն Սեւանայ լիճն ու համայնապատկերը դիտելու համար։ Մենք եւս եղանք անոնցմէ մին եւ ոգեւորուած տրամադրութեամբ հեռացանք Հայրավանքէն։

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ

9 մարտ 2022, չորեքշաբթի
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին

Ուրբաթ, Մարտ 11, 2022