ՄԻՋԻՆՔ. «ԱՍՏՈՒԱԾ ՄԱՐԴՈՒՆ ՀԵՏ ԵՂԱՒ, ՈՐՊԷՍԶԻ ՄԱՐԴԸ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀԵՏ ԸԼԼԱՅ»
Երէկ, Մեծ պահոց Միջինքին առթիւ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, Անթիլիաս, տեղի ունեցաւ ժամերգութեան մասնաւոր արարողութիւն։ Հոգեպարար այս արարողութեան նախագահեց Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը, իր շուրջ ունենալով եպիսկոպոսներ եւ միաբանութեան անդամներ։
ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ*
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Երեւանի «Նագգաշեան մանուկներու տուն» երեխաներու աջակցութեան կեդրոնի մանկավարժներն ու շրջանաւարտները։ Հարկ է նշել, որ այս կեդրոնը կը գործէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հովանաւորութեան ներքեւ։
ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
«Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւն» առարկայի յաջողագոյնները հիւրընկալուեցան Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց «Համալսարանը զոհուածներու ընտանիքներու կողքին» նախաձեռնութեան անդամները։ Երեւանի Պետական համալսարանի զանազան ֆաքիւլթէներու ուսանողներէ բաղկացեալ խումբ մըն էր այս մէկը, որ Վեհափառ Հայրապետին ներկայացաւ պատմաբան Միքայէլ Մալխասեանի գլխաւորութեամբ։
Վատիկանի պարտէզներէն ներս տեղադրուած Ս. Գրիգոր Նարեկացիի արձանին շուրջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր միջեկեղեցական արարողութիւն մը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցած Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանի աշխատանքները հասան իրենց աւարտին։ 23-26 փետրուարին տեղի ունեցած ժողովներուն ատենապետեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Եկեղեցական հայեցակարգային բաժնի տնօրէն Տ. Վազգէն Եպսկ. Միրզախանեան։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) նստաշրջանը։ Ժողովի աւարտին հրապարակուեցաւ յայտարարութիւն մը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգին կողմէ հրապարակուած այդ յայտարարութիւնը։