Տ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ
Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին պիտի մեկնի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի օրհնութեամբ, Հայ Եկեղեցւոյ համաշխարհային երիտասարդաց միութեան (ՀԵՀԵՄ) մէջ ան կը ներկայացնէ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանի երդիքին տակ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ գիրքերու շնորհանդէս՝ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ։ Այս առթիւ ծանօթացուեցան շարք մը արժէքաւոր գիրքեր, որոնք տպագրուած էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչութեան կողմէ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Երեւանի մօտ Սուրիոյ նորանշանակ դեսպան Նորա Արիսեանը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին նախագահեց Էյուպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան, որ առիթ դարձաւ հոգեւոր մեծ հրճուանքի։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։
Արեւելեան Ուղղափառ եւ Կաթողիկէ եկեղեցիներու երկխօսութեան յանձնախումբի 18-րդ նստաշրջանը վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ Հռոմի մէջ՝ ծաւալուն օրակարգով:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ նախընթաց օր հիւրընկալեց Արցախի պետական նախարար Արտակ Բեգլարեանն ու Մարդու իրաւանց պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանը։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Տ. Վրթանէս Եպսկ. Աբրահամեան։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն՝ Հայ իրաւաբանական միութեան նախագահ Լիւսի Վարպետեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը։
Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ապագան պիտի ծրագրուի անոր անդամներուն կողմէ:
Նիւ Եորքի Սուրբ Վարդան Մայր տաճարի երդիքին տակ հանդիսաւոր ու պատմական արարողութիւն:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ շքանշանի յանձնման արարողութիւն մը։ Այսպէս, Վեհափառ Հայրապետը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ «Ս. Ներսէս Շնորհալի» պատուոյ բարձր շքանշանով պարգեւատեց Արցախի Հանրապետութեան նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններով աւագ խորհրդական Ռուդիկ Հիւսնունցը։