ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Ֆրանսայէն՝ Ալֆորվիլի Ս. Մեսրոպ հայկական դպրոցի շուրջ 40 սաները։ Աշակերտական խումբը գլխաւորեց տնօրէնուհի Նորա Թաշճեան։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Ֆրանսայէն՝ Ալֆորվիլի Ս. Մեսրոպ հայկական դպրոցի շուրջ 40 սաները։ Աշակերտական խումբը գլխաւորեց տնօրէնուհի Նորա Թաշճեան։
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲՂ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Բնութեամբ եւ հոգեւորով այսքան գիրկընդխառնուած Սեւանի թերակղզին, Հոգեգալստեան տօնին յատուկ ոգեւորութեամբ կը շրջապատուի, քանի Ս. Զատկի յաջորդող յիսուներորդ օրը՝ Հոգեգալուստը այս օրհնեալ համալիրի տարեկան տօնախմբութեան կը զուգադիպի։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի երիտասարդ միաբաններէն Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի վարդապետական թեզի պաշտպանութիւնը։ Ինչպէս ծանօթ է, վերջին ամիսներուն հայր սուրբը բարձրագոյն ուսումը կատարելագործելու համար Գէորգեան Հոգեւոր ճեմարանէն ներս ծրագրի մը կը հետեւէր։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Երուսաղէմի Քրիստոնեայ տաճարական ասպետներու ներկայացուցիչներէն բաղկացեալ խումբ մը՝ գլխաւորութեամբ Պօղոս Չոլաքեանի։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց «Ճշմարտութեան եւ արդարութեան կեդրոն»ի կողմէ կազմակերպուած՝ «Մարդու իրաւունքներ եւ պատասխանատուութիւն. պատերազմի հետեւանքները» համաժողովի մասնակիցները։ Սա իր տեսակին մէջ առաջին՝ միջազգային բնոյթով համաժողովն է։

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր տնօրինութեամբ, այսօրուան դրութեամբ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Վրաստանի թեմի առաջնորդ նշանակուեցաւ Տ. Կիրակոս Վարդապետ Դաւթեան։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս հաւաք:
Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան կանգ առաւ քահանայական կոչման մէջ ամրապնդուելու վրայ:
Վեհափառ Հայրապետը հիւրերուն հետ արժեւորեց յետպատերազմեան շրջանի մարտահրաւէրները:
Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին կողմէ «Արդարութեան ու խաղաղութեան ուխտագնացութիւն»՝ դէպի Հայաստան:
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲՂ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Յուզումով կը հետեւինք սովորական կնոջ մը հայերէնի մասին ոչ-հայախօս դասախօսութեան, զոր կը քննադատէ Պատրիարքական Աթոռոյ հայանպաստ առաքելութիւնը։ Սովորական կը կոչեմ, նկատի ունենալով, որ հայերէնի մասին մասնագիտութիւնը անկ է եկեղեցական եւ կամ կրթական ասպարէզէ ներս «ուսուցիչ» կոչուածներուս եւ ոչ-կրթական անձ մը պարզապէս հայկական վարժարանէ շրջանաւարտ ըլլալով կարող չէ ուսուցիչներուն եւ աւելին՝ հոգեւորականներուն դաս տալու։