ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՆՈՐ ՏԱՐԻ
ԿՈՐԻՒՆ Ա. ՔՀՆՅ. ՖԷՆԷՐՃԵԱՆ
«Ինչ որ եղած է, նոյնը պիտի ըլլայ, ու ինչ որ գործուած է, նոյնը պիտի գործուի։ Արեւուն տակ բնաւ նոր բան մը չկայ։ Կա՞յ արդեօք այնպիսի բան մը, որուն համար կրնայ ըսուիլ՝ «Ահա ասիկա նոր է». Ահա մեզմէ առաջ եղած դարերուն մէջ Անիկա արդէն եղած էր»։ (Ժողովողի 1։9-10)
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲՂ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
ԱԼԷՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Պատրիարքարանը ներկայ տարեմուտին արդէն լոյս ընծայած է հերթական պաշտօնական օրացոյցը։ Այսպէս, ինչպէս անցեալ տարիներուն, այս տարի եւս Պատրիարքական Աթոռը հրատարակեց 2022-ի «Եկեղեցական օրացոյց»ը։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին շաբաթավերջին տօնախմբեց Ս. Ստեփանոս նախավկայի եւ առաջին մարտիրոսի յիշատակութեան օրը։ Սա, միեւնոյն ժամանակ, Հայ Եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս ծառայող սարկաւագներու աւանդական տօնն է։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մատենադարանը արդէն համակարգած ու մշակած է տպագիր մամուլի ամբողջ հաւաքածոն:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Անթիլիասի Հայագիտական կեդրոնի աշակերտներուն հետ։ Ան այս առթիւ գնահատեց կեդրոնի աշակերտութեան կողմէ ցուցաբերուած նախանձախնդրութիւնն ու գործօն մասնակցութիւնը դասընթացներուն։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Իրանէն խորհրդարանական պատուիրակութիւն մը, որ այցելեց Երեւան։ Այսպէս, Իրան-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի պատգամաւորները Վեհարանի մէջ ընդունուեցան Նորին Սրբութեան կողմէ։
Պատրիարքական Աթոռի երիտասարդ միաբաններէն Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի՝ ուսման համար Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին մեկնելուն արձագանգները կը շարունակուին։ Անցեալ շաբաթավերջին ան Հայաստանի մէջ առաջին անգամ Ս. Պատարագ մատոյց՝ Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի յիշատակութեան տօնի առթիւ։