ՔԻՐԻԼ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ՌՈՒՍ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ «ՓԱՌՔԻ ԵՒ ՊԱՏՈՒԻ» ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ
Համայն Ռուսիոյ Քիրիլ Ա. Պատրիարքի միջնորդութեամբ այսօր Մոսկուայի մէջ նախատեսուած է Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի եւ Կովկասի մահմետականներու խորհուրդի նախագահ, Ատրպէյճանի շէյխիւլիսլամ Ալլահշիւքիւր Փաշազատէի։ Տարածքաշրջանի հոգեւոր առաջնորդներու այս օրուայ եռակողմանի գագաթաժողովին ընդառաջ, ռուսաց պատրիարքը երէկ Մոսկուայի մէջ առանձին հանդիպումներ ունեցաւ Վեհափառ Հայրապետին եւ Ատրպէյճանի շէյխիւլիսլամին հետ։