ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՍՐԲՈՑ ԱՒԵՏԱՐԱՆՉԱՑ ՏՕՆԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Սրբազան Արքեպիսկոպոս Մաշալեան շաբաթավերջին Սրբոց Աւետարանչաց տօնին առթիւ նախագահեց Նարլըգաբուի Ս. Յովհաննէս Աւետարանիչ եկեղեցւոյ արարողութիւններուն, որոնց ընթացքին խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան։
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը օրուան քարոզին մէջ շեշտեց, որ չորս աւետարանիչները կը պատմեն նոյն բանը՝ Աստուծոյ խօսքի մարմնացումը՝ Տէր Յիսուս Քրիստոսը, անոր ծնունդը, կեանքը, հրաշքները, խաչելութիւնն ու յարութիւնը։ Նորին Ամենապատուութիւնը բացատրեց, որ Ս. Աւետարանը Աստուծոյ խօսքն է։ «Մարդ պէտք է գիտնայ իր ճանապարհը։ Մեր ճանապարհը պէտք է հասնի այնտեղ, ուր է Աստուած։ Ուղիղ հասցէն Ս. Աւետարանն է, Աստուծոյ ներկայութիւնն է, Աստուծոյ Բանը՝ Տէր Յիսուս Քրիստոսն է», նշեց ան։
Եկեղեցական արարողութիւններէն վերջ, ատենապետ Հերման Կիւրճեանի կողմէ գլխաւորուած Նարլըգաբուի Ս. Յովհաննէս Աւետարանիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը սիրոյ սեղանի մը շուրջ համախմբեց Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը, հոգեւոր հայրերը եւ հաւատացեալները։