ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Երեւանի մօտ Եգիպտոսի դեսպան Սերենատ Մուհամմէտ Սոլիման Կամիլին։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցիէն Հայր Իլարիոն, որ իր աստուածաբանական կրթութիւնը կը շարունակէ Երեւանի Պետական համալսարանի Աստուածաբանութեան ֆաքիւլթէին մէջ։ Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը մատնանշեց հայ-եգիպտական բարեկամական յարաբերութիւններու դարաւոր պատմութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը այս առընչութեամբ կարեւորեց Եգիպտոսի հայ համայնքի կարեւոր դերակատարութիւնը՝ կապերու զարգացման տեսակէտէ։

Զրոյցի տեւողութեան Վեհափառ Հայրապետը մտահոգութեամբ անդրադարձաւ Հայաստանի եւ Արցախէն բռնի տեղահանուածներու առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն։ Ան ներկայացուց տարհանուած արցախահայերու կարիքներու դիմագրաւման ուղղեալ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ծրագրերը։ Նորին Սրբութիւնը գոհունակութեամբ արձանագրեց, որ Հայ Առաքելական եւ Ղպտի Ուղղափառ քոյր եկեղեցիներու միջեւ գոյութիւն ունին եղբայրական ջերմ յարաբերութիւններ եւ սերտ համագործակցութիւն։

Իր կարգին, դեսպան Կամիլի Վեհափառ Հայրապետին փոխանցեց Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Թաւատրոս Բ. Պարիարքին ողջոյններն ու բարեմաղթութիւնները։ Ան հաւաստիացուց, թէ պիտի ջանայ իր պաշտօնավարութեան շրջանին նպաստել՝ հայ-եգիպտական յարաբերութիւններու ա՛լ աւելի սերտացման ու համագործակցութեան առաւել ամրապնդման։

Բաց աստի, Վեհափառ Հայրապետը երէկ հիւրընկալեց նաեւ Կիպրոսի արքեպիսկոպոսի օգնական Նէոփոլիսի Փորֆիրիոս մետրապոլիտը։ Ողջունելով բարձրաստիճան հիւրը, Վեհափառ Հայրապետը շնորհաւորութիւն յայտնեց Կիպրոսի Ուղղափառ եկեղեցւոյ կողմէ՝ այս դժուարին օրերուն Հայաստանին եւ Արցախի հայրենազրկուած հայութեան ի նպաստ ցուցաբերուած զօրակցութեան համար։ Ան ընդգծեց, որ երկու բարեկամ ժողովուրդները ունին պատմական համանմանութիւններ եւ իրենց զօրեղ հաւատքով կարողացած են դիմագրաւել բազմաթիւ փորձութիւններ ու դժուարութիւններ։

Իր կարգին, մետրապոլիտ Փորֆիրիոս նշեց, որ իր այցելութեան նպատակն է առողջապահութեան ոլորտէն ներս դեղօրայքի օժանդակութիւն ցուցաբերել արցախահայութեան եւ Կիպրոսի Ուղղափառ եկեղեցւոյ զօրակցութիւնը յայտնել հայ ժողովուրդին։

Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը Կիպրոսի արքեպիսկոպոսին փոխանցեց իր եղբայրական սէրն ու ողջոյնները։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 25, 2023