Եկեղեցական

Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ. «ՏԻԱՐՊԱՔԸՐԻ Ս. ԿԻՐԱԿՈՍ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԿԱՄՔՈՎ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՄՆԱԼ ՄԵՐ ՊԱՊԵՐՈՒ ԼՈՅՍ ՀԱՒԱՏՔԻ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ»

Երեւանի «progressarmenia.com» կայքէջը վերջերս հարցազրոյց մը հրապարակեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հետ։ Կարինէ Սարգսեանի կողմէ Նորին Սրբազնութեան ուղղուած հարցումները առաւել չափով վերաբերած են Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ, որ վերջերս օծուելով բացուած է պաշտամունքի։

ՊԸՐՊԵՆՔԻ ՄԷՋ ԿԱՆԱՆՑ ՀԱՒԱՔ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս վերջերս տեղի ունեցաւ կանանց մեծ հաւաք մը։ Այսպէս, Պըրպենքի առաջնորդարանի համալիրէն ներս, Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան նախագահեց թեմի կանաց միութեան 69-րդ համագումարին։

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 30-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան թեւակոխած է իր քահանայական ձեռնադրութեան 30-ամեայ յոբելենական շրջանը։ Շաբաթավերջին համայնքային շրջանակները ջերմօրէն ողջունեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ձեռնադրութեան տարեդարձը Գնալը կղզիին մէջ, ուր ան զանազան արարողութիւններու հանդիսապետեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ երդիքին տակ։

ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ԱՅՑԸ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Երեւանի մօտ Իսրայէլի նորանշանակ դեսպան Եոէլ Լիոնը, որ վերջերս Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին յանձնեց իր հաւատարմագիրը եւ որու նստավայրը կը գտնուի Երուսաղէմի մէջ։

ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս միջոցէ մը ի վեր գործել սկսած է «Զուարթնոց» մշակութային նորաստեղծ յանձնախումբը՝ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի հովանաւորութեան ներքեւ։

Տ. ԶԱՔԱՐԻԱ ԾԱՅՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ԲԱՂՈՒՄԵԱՆ ԶԵԿՈՒՑՈՒՄ ՄԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն Տ. Զաքարիա Ծայրագոյն Վարդապետ Բաղումեան վերջերս այցելեց Սթրազպուրկ, Ֆրանսա։ Սթրազպուրկի համալսարանէն ներս ան մասնակցեցաւ 4-րդ դարու ճգնակեաց Աստուածաբան՝ Սուրբ Եւագր Պոնտացիին նուիրուած հայրաբանական միջազգային գիտաժողովի մը։

Տ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ

Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին պիտի մեկնի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի օրհնութեամբ, Հայ Եկեղեցւոյ համաշխարհային երիտասարդաց միութեան (ՀԵՀԵՄ) մէջ ան կը ներկայացնէ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը։

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ԳԻՐՔԵՐՈՒ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանի երդիքին տակ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ գիրքերու շնորհանդէս՝ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ։ Այս առթիւ ծանօթացուեցան շարք մը արժէքաւոր գիրքեր, որոնք տպագրուած էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչութեան կողմէ։

Էջեր