Եկեղեցական

Տ. ՄԵՍՐՈՊ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ԴԱՐՄԱՆՄԱՆ ՏԱԿ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեան շաբաթավերջին երթեւեկի արկած մը անցուցած է։ Շաբաթ առաւօտեան ժամերուն դէպքը տեղի ունեցած է, երբ թեմակալ առաջնորդը կ՚երթեւեկէր՝ «Ս. Վարդան» ամառնային ճամբարը այցելութիւն մը տալու։

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԲԵԹՂԵՀԷՄԻ ՄԷՋ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ԱՄՆ-Ի ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՀԵՏ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն, որ ուղեւորութեան ձեռնարկած է դէպի Մերձաւոր Արեւելք, Իսրայէլի շփումներու ծիրէն ներս երէկ Բեթհեղէմի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեանի հետ։ Սուրբ Աթոռի աղբիւրները հաղորդեցին, որ հանդիպումը տեղի ունեցած է Բեթհեղէմի Ս. Ծննդեան տաճարի հայկական եկեղեցւոյ մէջ։

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Երեւանի մօտ Սերպիոյ նորանշանակ դեսպան Թաթիանա Փանաիոթովիչ Ցվետքովիչը։ Վեհափառ Հայրապետը հանդիպման ընթացքին դեսպանը շնորհաւորեց նշանակման առթիւ եւ կարեւորեց Հայաստան-Սերպիա յարաբերութիւններու եւ համագործակցութեան ընդլայնումը։

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԲԱՐԵԳՈՐԾԱԿԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՏՆՕՐԷՆԸ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջին օրերուն հիւրընկալեց Ուղղափառ եկեղեցիներու միջազգային բարեգործական կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն Քոնստանդին Թրայանտաֆիլուն։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի «Հայաստանեան կլոր սեղան» բարեգործական հիմնադրամի տնօրէն Կարէն Նազարեան։

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀԻՒԸՆԿԱԼԵՑ ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց ամերիկահայ խումբ մը երիտասարդ ուխտաւորներ։

ՍՐԲՈՑ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԸ՝ ՂԱԼԱԹԻՈՅ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Ս. Թարգմանչաց վարդապետաց տօնախմբութեան։ Օրուան Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Արտա Սրկ. Փընարճեան եւ Էրքան Սրկ. Կարապետեան, նաեւ այլ դպիրներ։

ՖՐԱՆՍԱՀԱՅ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը երէկ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց ֆրանսահայ խումբ մը աշակերտներ։ Այսպէս, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հիւրը եղան Մարսէյլի «Համազգային» վարժարանի եւ Փարիզի Դպրոցասէր կանանց միութեան վարժարանի աշակերտները, որոնց ուղեկցեցաւ նաեւ ֆրանսահայ յայտնի բարերար Սարգիս Պետոյեան։

Էջեր