ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ
Սաղիմահայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները այս տարեմուտին կը խռովեն համայն հայութեան սիրտը։ Հայաշխարհը փուշի վրայ է, որովհետեւ հայ Երուսաղէմէն ահազանգի վրայ ահազանգ կը հասնի։ Հին Քաղաքի «Կովերու պարտէզ» ազգապատկան կալուածի տագնապը կը ծաւալուի՝ աներեւակայելի հունով եւ չափումներով։ Երէկ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը յարձակումի մը ենթարկուեցաւ։ Մինչ «Կովերու պարտէզ»ի տագնապը սկսած է ծանր բռնութիւններ եւ ոտնձգութիւններ ծնիլ, Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց զինուորեալ միաբանութեան անդամները եւ տեղւոյն փոքրաթիւ համայնքի անդամները Հայկական թաղամասն ու ազգային իրաւունքները կը պաշտպանեն՝ արդէն զէնքի սպառնալիքներու դէմ։ Սուրբ Աթոռի դիւանը պաշտօնապէս հաղորդեց, որ երէկ համակարգուած ֆիզիքական յարձակում մը կատարուած է Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան եպիսկոպոսներուն, վարդապետներուն, սարկաւագներուն, ժառանգաւորներուն եւ սաղիմահայ համայնքի անդամներուն դէմ։
Կը հաղորդուի, որ աւելի քան 30 սադրիչներ, դիմակներով, զէնքերով երէկ ներխուժած են «Կովերու պարտէզ»։ Համակարգուած այս յարձակման ընթացքին սադրիչները ջղագրգիռ քիմիական նիւթեր ու կազեր ալ օգտագործած են։ Անոնք սառնասրտօրէն կեանքի կոչած են այս դաժան յարձակման ծրագիրը։ Կը հաղորդուի, որ կան ծանր վիրաւորներ, որոնց շարքին են միաբաններ, ժառանգաւորներ եւ սաղիմահայ աշխարհականներ։
«Սա այն յանցաւոր պատասխանն է, զոր մենք ստացանք «Կովերու պարտէզ»ի վերաբերեալ Երուսաղէմի Շրջանային ատեան հայց ներկայացնելէ յետոյ», նշուած է Պատրիարքարանի երէկուան զեկոյցին մէջ։ Այսպէս, Պատրիարքարանի դիմումը պաշտօնապէս դատարան հասած էր 24 ժամ առաջ։ «Այսպիսին է աւստրալացի հրեայ գործարար Տանի Ռոթմանի (Ռուպինշթէյն) եւ Ճորճ Ուարվարի (Հատատ) արձագանգը իրաւական գործընթացներու։ Հայոց Պատրիարքարանի գոյութիւնը այժմ ֆիզիքական գոյութեան սպառնալիքի դէմ յանդիման է», շեշտուած է Սուրբ Աթոռին կողմէ։ Նոյն զեկոյցին մէջ մատնանշուած է, որ Իսրայէլ օրէնքի, կարգ ու կանոնի երկիր մըն է։ Ուստի, Սուրբ Աթոռը պաշտօնապէս յոյս կը յայտնէ, թէ անպատիժ չի մնար այսօրինակ յանցաւոր ու անհանդուրժելի պահուածքը։ «Մենք կոչ կ՚ուղղենք ամբողջ աշխարհի իշխանութիւններուն եւ լրատուամիջոցներուն՝ օգնել փրկելու համար Հայկական թաղամասը բռնի կործանումէ, ինչ որ տեղական աջակցութիւն կը ստանայ անանուն կազմակերպութիւններուն կողմէ», նշուած է Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան կողմէ։
Բաց աստի, Պատրիարքարանի աղբիւրները երէկ երկրորդ հաղորդագրութիւն մըն ալ հրապարակեցին՝ տեղեկացնելով, որ երէկուան դաժան յարձակումէն անմիջապէս վերջ ընկերային ցանցերու վրայ յայտնուած են Տ. Կորիւն Եպսկ. Պաղտասարեանի լուսանկարները՝ կեղծ ու զրպարտիչ գրութիւններով եւ յայտարարութիւններով։ Յիշեցուած է, որ շուրջ մէկ շաբաթ առաջ Տանի Ռոթման (Ռուպինշթէյն) ոստիկանութեան բողոք ներկայացուցած էր նորին սրբազնութեան դէմ՝ նոյն զրպարտութիւններով եւ մեղադրական յայտարարութիւններով։ Պատահականութիւն չի համարուիր, որ այդ բոլորը երէկուան յարձակումէն անմիջապէս վերջ ընկերային ցանցերու վրայ շրջանառութեան մէջ դրուած է։ Տ. Կորիւն Եպսկ. Պաղտասարեան այս բոլորի լոյսին տակ դատական իշխանութիւններուն դիմած է՝ խնայելու համար իր անձնական վարկն ու հեղինակութիւնը եւ ապացուցանելու համար, թէ այդ բոլոր մեղադրանքները անհիմն են ու սուտ։ Սուրբ Աթոռն ալ երէկ պաշտօնապէս տեղեկացուցած է, որ հերթական այդ կեղծ յայտարարութիւններն ու զրպարտութիւնները պարզապէս յերիւրանք են։ Տ. Կորիւն Եպսկ. Պաղտասարեան այս բոլորէն վերջ երէկ դարձեալ բողոք ներկայացուցած է Իսրայէլի ոստիկանութեան մօտ եւ յաւելեալ դիմումներ ալ կատարած՝ դատական իշխանութիւններուն։
«Հասկնալի է, որ «Xana Gardens Ltd.»ի դէմ Երուսաղէմի Շրջանային ատեանին ներկայացուած հայցէն յետոյ, հայցուող կողմը դատական գործընթացին իրաւական ընթացակարգով պատասխանելու փոխարէն՝ նախընտրած է թիրախաւորել գերաշնորհ սրբազան հօր նման անձեր փորձելով արատաւորել ու վարկաբեկել անոր բարի անունն ու համբաւը, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան եպիսկոպոսին վերագրելով չափազանց կեղծ յայտարարութիւններ», շեշտուած է Պատրիարքարանի յայտարարութեան մէջ։ Հարկ է նշել, որ Տ. Կորիւն Եպսկ. Պաղտասարեան Սուրբ Աթոռի նոր կալուածոց տեսուչն է։
Հայաստանեան զանգուածային լրատուութեան միջոցներն ալ լայնօրէն արձագանգ կը հանդիսանան այս ցաւալի եւ հոգեխռով իրադարձութիւններուն։ Հայկական լրահոսին մէջ տեղ գտած է, որ Իսրայէլի ոստիկանութիւնը երէկուան յարձակումէն վերջ երկու հայ երիտասարդ ձերբակալած է։ Անոնք կը կոչուին Փոլ Ճերնազեան եւ Պետիկ Կիրակոսեան։ Պաշտօնապէս ձերբակալուած այդ երիտասարդները վաղը պիտի դատուին եւ դատարանին մէջ զանոնք պիտի պաշտպանեն այն փաստաբանները, որոնք Երուսաղէմի Հայկական թաղամասի պաշտպանութեան ու պահպանման շարժման կողմէ վարձուած են։ Այդ նոյն շարժումը Պատրիարքարանին ալ կոչ ուղղած է՝ ոստիկանութեան, քաղաքապետարանի եւ կառավարութեան հետ իր կապերով օգտագործէ հնարաւոր բոլոր միջոցները, որպէսզի այդ երիտասարդները ազատ արձակուին։
Հարկ է նշել, որ Երեւանի «Թաթոյեան» իրաւապաշտպան հիմնադրամն ալ մասնաւոր յայտարարութիւնով մը անդրադարձաւ այս դէպքին։ Այս առթիւ մասնաւորապէս շեշտուեցաւ, որ թէեւ «Կովերու պարտէզ»էն միայն 100 մեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի ոստիկանատուն մը, սակայն ոստիկանները դէպքի վայր հասած են յարձակումէն 20 վայրկեան վերջ։ Յայտարարութեան մէջ շեշտուած է, որ այս յանցաւոր արարքը ստեղծած է կենսական վտանգ մը։