Եկեղեցական

ՈՒԽՏԱՒՈՐԱՑ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ

Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին շաբաթավերջին հիւրընկալեց Հայաստանէն ուխտաւորներու խումբ մը՝ գլխաւորութեամբ Հարիճավանքէն Տ. Եղիշէ Քհնյ. Նազարեանի։ Այս վերջինը պատարագեց կղզիի բարձունքին՝ հանդիսապետութեամբ Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան հիւրընկալեց Հայաստանէն ուխտաւորներու խումբ մը՝ առաջնորդութեամբ Հարիճավանքէն Տ. Եղիշէ Քահանայի։

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Սուրիոյ եւ Լիբանանի Աստուածաշնչային ընկերութեան նախագահ Ամին Խուրին եւ Պէյրութի «Սուրբ Յովսէփ» համալսարանի վերատեսուչ Հայր Սելիմ Տաքաշը։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԻՋԵՒ ԿԱՊԸ ԽԶՈՒԱԾ

Հայաստանի զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մօտ կը շարունակէ մշտական քննարկման նիւթ մնալ երկրի այժմու ղեկավարութեան եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ յարաբերութիւններու առկայ ընթացքը։ Այսօր «Հրապարակ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած է գրութիւն մը, որով հերթական անգամ անդրադարձ կը կատարուի այս խնդրին։

ԱՄԵՆ. ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԵՐԵՒԱՆԻ ՊԱՅԹՈՒՄԻ ԶՈՀԵՐՈՒ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ԿԱՐԳԻՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ առաւօտ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն նախագահեց Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, ուր տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ԽԱՂՈՂՕՐՀՆԷՔԻՆ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ նշեց Սուրբ Մարիամ Աստուածածնի Վերափոխման տօնը։ Ինչպէս բոլոր տաղաւարներուն, երէկ եւս աշխարհացրիւ հայ քրիստոնեաներու ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի վրայ, ուր տաղաւարի արարողութիւններուն նախագահեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։

ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԻՍԿՈՅՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳԵՑ ՊԱՅԹՈՒՄԻՆ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը ցաւով արձագանգեց «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ պատահած պայթումին։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Վեհափառ Հայրապետը ցաւակցականին մէջ նշած է հետեւեալը.

ԱՍՏՈՒԱԾԱՄԵԾԱՐ ԿՈՅՍԸ

ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամօր Վերափոխման տաղաւարին առաջնահերթութիւն կը ստանայ նշել Իր խոնարհութիւնը, հեզութիւնը, Աստուածային տնօրինութեան նկատմամբ հաւատաւոր կեցուածքը։ Եւ այդ բոլորը կը յայտնաբերուի Սուրբ Աւետարանի այն հատուածէն, որ յիրաւի օրհնութեան երգ մըն է բղխած՝ ի խորոց կուսական սրտէ եւ արտաբերուած՝ շրթունքներէ։

Էջեր