ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Երեւանի մօտ Սուրիոյ նորանշանակ դեսպան Նորա Արիսեանը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Երեւանի մօտ Սուրիոյ նորանշանակ դեսպան Նորա Արիսեանը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին նախագահեց Էյուպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան, որ առիթ դարձաւ հոգեւոր մեծ հրճուանքի։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։
Արեւելեան Ուղղափառ եւ Կաթողիկէ եկեղեցիներու երկխօսութեան յանձնախումբի 18-րդ նստաշրջանը վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ Հռոմի մէջ՝ ծաւալուն օրակարգով:
Սրբազան Քահանայապետը հիւրընկալեց ժողովականները, որոնց շարքին էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ներկայացուցիչները՝ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան եւ Տ. Տիրան Եպսկ. Պետրոսեան:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ նախընթաց օր հիւրընկալեց Արցախի պետական նախարար Արտակ Բեգլարեանն ու Մարդու իրաւանց պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանը։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Տ. Վրթանէս Եպսկ. Աբրահամեան։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն՝ Հայ իրաւաբանական միութեան նախագահ Լիւսի Վարպետեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը։
Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ապագան պիտի ծրագրուի անոր անդամներուն կողմէ:
Կեդրոնական վարչութիւնը Ժընեւի մէջ ժողով մը գումարեց՝ Քարլսրուհէի յառաջիկայ սեպտեմբերի համագումարին ընդառաջ:
Նիւ Եորքի Սուրբ Վարդան Մայր տաճարի երդիքին տակ հանդիսաւոր ու պատմական արարողութիւն:
Արեւելեան թեմի նորընտիր առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Ծայրագոյն Վարդապետ Պարսամեան պաշտօնի ձեռնարկեց՝ ասան ստանալով Տ. Դանիէլ Եպիսկոպոս Ֆընտըքեանի ձեռամբ եւ հաւատացեալներու անվերապահ զօրակցութեամբ ու համակրանքով:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ շքանշանի յանձնման արարողութիւն մը։ Այսպէս, Վեհափառ Հայրապետը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ «Ս. Ներսէս Շնորհալի» պատուոյ բարձր շքանշանով պարգեւատեց Արցախի Հանրապետութեան նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններով աւագ խորհրդական Ռուդիկ Հիւսնունցը։
Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի (ԵՀԽ) կեդրոնական յանձնախումբը վերջին օրերուն Ժընեւի էքիւմենիք կեդրոնէն ներս գումարեց ժողով մը։ 2018 թուականէն ի վեր, այսինքն համավարակով բնորոշուած ժամանակաշրջանէն վերջ առաջին անգամ ժողովականներու ուղղակի մասնակցութեամբ նիստ մը տեղի ունեցաւ։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ նշեց Կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածնի բերկրաշատ տօնը:
«Ազգովի գլուխ խոնարհենք այս համազգային, յաւիտենական ու յաւերժական հաստատութեան վեհութեան առջեւ»: