Եկեղեցական

ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ՄՇՏԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ ԿԸ ՀՆՉԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԲՈԼՈՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի զինեալ ուժերու հոգեւոր առաջնորդ Տ. Մովսէս Վրդ. Սարգսեանի հետ։ Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ երկրի սահմաններուն եւ առաջնագծին վրայ առկայ իրավիճակին։

ՀԻՄՆԱՐԿԷՔԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Վարչական շէնքը պիտի մէկտեղէ զանազան կառոյցներ՝ նպաստելով աւելի արդիւնաւէտ գործունէութեան կազմակերպման:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ նոր ծրագիր մը կեանքի կը կոչուի ազգային բարերար Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան ամոլի ազնիւ նուիրատուութեամբ:

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՌՈՒՄԱՆԻՈՅ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՓՈԽ-ՆԱԽԱՐԱՐԸ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Ռումանիոյ Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Եուլիան Ֆոթայի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը, որ այս օրերուն կ՚այցելէ Երեւան։ Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ Հայաստանի հրատապ օրակարգին՝ մանրամասնութիւններ տեղեկացնելով Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած ռազմական գործողութիւններուն մասին, որոնց հետեւանքով կան զոհեր, վիրաւորներ եւ աւերուածութիւններ։

ԵԹՈՎՊԱՑԻ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀԱՅՐԵՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց եթովպացի երկու հոգեւորականներ՝ Հայր Միքայէլ Վարդապետն ու Հայր Կեպրէ Էկէզապհեր Վարդապետը, որոնք կը ծառայեն քաղաքիս մէջ։ Հիւրերուն ընկերացան երկու սարկաւագներ եւ իրենց թարգմանիչը։

ՍԿԻՒՏԱՐԻ Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԽԱՉՎԵՐԱՑԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Խաչվերացի տօնի արարողութիւններուն եւ տարեկան անուան տօնախմբութեան։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Սկիւտարի բարձունքին հոգեւոր հրճուանքի մթնոլորտ ստեղծուեցաւ։ Օրուան պատարագիչն էր Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան եւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան։

ԳՆԱ­ԼԸ ԿՂԶԻԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԽԱՉ­ՎԵ­ՐԱ­ՑԻ Ս. ՊԱ­ՏԱ­ՐԱԳ

Խաչվերացի տաղաւարին առթիւ երէկ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Ռեհաններով զարդարուած Կենաց Փայտի մասունքները վերաբերուեցան եւ այս տարի եւս, ըստ աւանդութեան, մասունքակիր խաչով թափօր կազմուեցաւ։

ԱՆԿՐԿՆԵԼԻ ՊԱՏԱՐԱԳԸ՝ ԲՈՒԺԻՉ ՎԷՐՔԵՐՈՒ

ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Վերացման Սուրբ Խաչի տաղաւարը ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս կու գայ բոլորիս յիշեցնել այն անյեղլի ճշմարտութիւնը, թէ «Աստուած սէր է» (Ա. Յովհաննէս, 4.8,16) եւ սիրով առլցուն Հայր Աստուծոյ սէրը յայտնուած է բոլորիս փրկութեան համար իր Միածին Որդիին մարդեղութեամբ։ Աստուծոյ սէրը ճշմարիտ է։ Պէտք չէ մոռնանք, թէ «ոչ թէ մենք սիրեցինք զԱստուած, այլ Աստուած ինք սիրեց մեզ եւ իր Որդին ղրկեց որպէս զոհ, ի քաւութիւն մեղաց մերոց» (Ա. Յովհաննէս, 4.10)։

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ ՄԸ ՈՒՂԱՐԿԵՑ ԱՆԳԼԻՈՅ ԹԱԳՈՒՀԻԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը ցաւակցագիր մը ուղարկած է Անգլիոյ Էլիզապէթ Բ. թագուհիի մահուան կապակցութեամբ։ Չարլզ Գ. թագաւորին յղուած է Նորին Սրբութեան ցաւակցականը։

ԽԱՉՎԵՐԱՑԻ ՏՕՆԸ

ԿՈՐԻՒՆ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՖԷՆԷՐՃԵԱՆ

Վերջերս ոմանց համար իրադարձութիւնները բնական եւ պարզ երեւոյթ ընկալելը, նաեւ անտարբերութիւնը սովորական վիճակ դարձած են։ Օրինակ՝ այսպիսիներ երբ ճամբան կը հանդիպին արկածի մը, շատ ալ իրենց չի հետաքրքրեր, ոչ ալ հոգերնին կ՚ըլլայ, միայն իրենց նեղութիւնը այն կ՚ըլլայ, որ ճամբան խճողուած է եւ կրնան ուշանալ իրենց հասնելիք տեղը։

Էջեր