Արխիւ
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԵՐՃԵԱՆ
«Ես հելէ ճահել վախտս ուխտ էի ըրէ որ քառսուն աղբուր շինեմ, յետոյ մեռնիմ... Ճշմարիտ է, քառսուներորդը սարքեցի պրծայ, էսպէս էլ իմ աղբուրը ցամքաւ... Ամա մարդու մէջ մի բանըմ կայ, որ իրան հետ չպիտի մեռնի, կ՚ուզէք հոգի ըսէք էտոր, կ՚ուզէք անուն, կ՚ուզէք գործ...»։
ՏՔԹ. ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Ազգի մը գոյութիւնը եւ ինքնութիւնը պայմանաւորուած է հողով, հայրենիքով, պետականութեամբ, իր սեփական լեզուով, մշակոյթով եւ հոգեկան-իմացական ապրումներով ու արժէքներով: Ամէն ազգ ունի իր իւրայատուկ ինքնութիւնը պահելու իրաւունքն ու ազատութիւնը, որոնք կ՚իրականան փոխադարձ պարտաւորութիւններով՝ պահել ու պաշտպանել հողը, հայրենիքը, սեփական լեզուն, մշակոյթը եւ հոգեկան ու իմացական արժէքները:
ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
Հարիւր տարի առաջ Երեւանի Պետական համալսարանի բացման մեծագոյն բարիքը այն եղաւ, որ մինչեւ Խորհրդային կարգերու հաստատուիլը հայ ուսանողութիւնը ստիպուած էր Ռուսաստան, Գերմանիա եւ Արեւմտեան Եւրոպա մեկնիլ համալսարանական ուսմանց հետեւելու համար։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիբանանահայ հասարակական գործիչ Տքթ. Ռաֆֆի Փոլատեան կը պատասխանէ մեր հարցումներուն։
-Մէկ ամիսէ ի վեր ամբողջ Լիբանանի տարածքին տեղի կ՚ունենան բողոքի ցոյցեր։ Ձեր կարծիքով՝ այդ ցոյցերը որեւէ բան փոխեցի՞ն երկրին մէջ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդկային կեանքին յարգանքը եւ աճումը՝ խաղաղութիւն կը պահանջեն։ Խաղաղութիւնը, արդարեւ, կարելի չէ ձեռք ձգել առանց անհատներու նիւթական, հոգեկան եւ մտային արժէքներուն պահպանումին, առանց մարդկային էակներուն իրարու միջեւ ազատ հաղորդակցութեան, առանց անձերու եւ ժողովուրդներու արժանապատուութեան յարգանքին եւ առանց մարդասիրական արարքներու յարատեւ եւ անկեղծօրէն գործադրութեան։
Փարիզի «Նոր Յառաջ»ին մէջ կը կարդանք.-
Փարիզ ընթացող ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Գլխաւոր համագումարի 40-րդ նստաշրջանի շրջանակներու մէջ, նոյեմբեր 21-ին Հայաստան ընտրուած է նշեալ կազմակերպութեան՝ Կրթութեան միջազգային պիւրոյի խորհուրդի (2019-2023 ժամանակաշրջանին համար) եւ Գլխաւոր համագումարի իրաւական կոմիտէի անդամ (41-րդ նստաշրջանին համար)։
Իրաւաբան Սարօ Պենկլեան, որ դուրս եկաւ Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան Նախաձեռնարկ մարմնի կազմէն, համայնքային մամուլին տեղեկութիւններ փոխանցեց իր հրաժարականի պատճառներուն շուրջ։ Սարօ Պենկլեան նշեց, որ ցայսօր իր կարողութիւններու ներած չափով փորձած է առաւելագոյնս օգտակար հանդիսանալ Նախաձեռնարկ մարմնին կողմէ ծաւալուած գործունէութեան՝ մասնաւորապէս վարչական, հաղորդակցական եւ բնականաբար իրաւաբանական ուղղութիւններով։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու մեր համայնքի մշակութասէր գործիչներէն Վարդան Պալմումճեանը, Արսէն Գովանը, Թագուհի Մաթաթեանն ու Շուշան Սվասլըօղլուն։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին գոհունակութեամբ վերահասու դարձանք, թէ Մխիթարեան եւ Պոմոնթիի Մխիթարեան սանուց միութիւններուն համատեղ նախաձեռնութեամբ յառաջիկայ շրջանին պիտի ոգեկոչուի անմոռանալի բանասէր Գէորգ Բամպուքճեան։
Նիկոլ Փաշինեան. «Մենք անկեղծ ենք տարածքաշրջանէ ներս խաղաղութեան հաստատման մեր ձգտման ուղղութեամբ ու պատրաստ երկխօսութեան»:
Հայաստանի վարչապետը Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին անդրադարձաւ Միլանոյի մէջ, Միջազգային քաղաքագիտութեան իտալական կաճառի երդիքին տակ:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Մայթեզրին նստած տատիկին այցելութիւնը հետզհետէ ամէնօրեայ, փափաքելի այցի մը վերածուեցաւ: Տատիկը զիս իր աղջկան կը նմանցնէ ու երբ օր մը չտեսնէ՝ «Ո՞ւր ես, բալէս...» սիրով լի հնչիւններով կը դիմէ ինծի:
ԵՐԱՄ
Ծանր սնտուկ մը շալակին, առաւօտուայ կանուխ, շատ կախուխ ժամերէն սկսեալ ոտքերը ետեւէն քարշ տալով կը յառաջանայ ծերունին։ Դեռ ամայի են փողոցները, շուներն իսկ քնացած են տակաւին. ագռաւ մըն է միայն, որ ատենը մէկ՝ սարսափելի ձուրտին մասին բողոք մը կը կռկռացնէ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Այսօր կ՚ուզենք մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուն հրամցնել գրականութեան հսկայ փեթակէն մեղրի կաթիլներ, որոնք իրապէ՛ս փեթակի մը ամէն մէկ խոռոչէն կաթող քաղցր մեղր է՝ որ կը սնուցանէ հոգին եւ կ՚ազնուացնէ զայն։
ՆԱԹՕ ներկայիս կը ջանայ քայլ յարմարցնել համաշխարհային արդի մարտահրաւէրներուն՝ մասնաւորապէս թիրախաւորելով Չինաստանը:
Եւրոպայի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի միջեւ տկարացած Անդրատլանտեան կապերը մեծ խնդիր մը կը համարուին դաշինքին տեսակէտէ, որ կը պատրաստուի յառաջիկայ ամիս իր հիմնադրութեան 70-ամեայ յոբելեանը նշել Լոնտոնի մէջ - Փարիզ եւ Պերլին առաջարկներ կը յղանան՝ ռազմավարական որոշումներ առնելու դրութիւնը կատարելագործելու նպատակով:
Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը կը շարունակուի՝ միշտ զուգորդուած բանավէճի մը մթնոլորտով։ Պատրիարքական թեկնածուներէն Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ գլխաւորուած Մանիշակագոյն շարժումը երէկ ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկած էր յայտարարութիւնով մը՝ լուրջ քննադատութիւններ հասցէագրելով ընտրական համակարգին։
Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այսօր յետմիջօրէի ժամերուն կ՚այցելէ նահանգապետարան։ Նորին սրբազնութիւնը կ՚ընդունուի Իսթանպուլի կուսակալ Ալի Երլիքայայի կողմէ։ Ինչպէս ծանօթ է, պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի ներկայ փուլի իրադարձութիւններուն շուրջ խորհրդակցելու համար կուսակալ Երլիքայա նախընթաց օր այցելած էր Պատրիարքարան, ուրկէ արձակուելու ժամանակ տեղեկացուցած էր, որ հանդիպում մըն ալ կը նախատեսէր Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հետ։
Պոլսահայ մշակութային կեանքի մղիչ ուժերէն երեք արուեստագէտներ՝ Ժուլիա Մութլու, Ժանին Փափազեան եւ Արամ Կոստանեան ներկայիս ձեռնամուխ եղած են գեղարուեստական նոր հանդիսութեան մը պատրաստութեան։ Նախընթաց օր հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու զանոնք եւ այս առթիւ մանրամասն բացատրութիւններ լսեցինք իրենց ծրագրին շուրջ։
Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Համեմունքի չափաբաժին, զոր յաճախ կը զգամ կերակուրիս մէջ։
Մինչ այս տողերը գրելը, երկար խորհեցայ, ծանր ու թեթեւ ըրի… ի վերջոյ որոշեցի սփռել իմ խռովայոյզ զգացումները։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Մէկ տարի առաջ եգիպտահայ, ճանչցուած նկարիչ Շանթ Աւետիսեան հեռացաւ կեանքէն: Հարազատները այն ժամանակ տեղեկացուցին, որ մահուան պատճառը երկարատեւ հիւանդութիւնն էր:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոր Կտակարանի «Արքայութիւն» բառը կարելի է հասնկալ իբր «արքայութիւն»՝ վերացական իմաստով, իբր «թագաւորութիւն»՝ թանձրացեալ իմաստով եւ կամ «տէրութիւն»՝ իշխանական իմաստով։ Սա ակնյայտ է՝ որ Աստուծոյ թագաւորութիւնը մեզմէ առաջ է։
ԲԱԳՐԱՏ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԳԱԼՍՏԱՆԵԱՆ (ՏԱՒՈՒՇԵՑԻ)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վերջին օրերուն բուռն քննարկումի թեմայ դարձած է «Հայոց Եկեղեցու պատմութիւն» դասանիւթը առանձին կարգով դպրոցէն ներս դասաւանդելու նպատակայարմարութիւնը, որ, սակայն, ըստ էութեան, նորութիւն չէ: Այս իմաստով փաստերու եւ հակափաստերու սակաւութիւն ալ գոյութիւն չունի: