Արխիւ
Անգլիոյ հայոց թեմի նախաձեռնութեամբ գրքի ծանօթացման հաճելի հաւաքոյթ մը՝ առաջնորդարանի մէջ:
Հրայր Ճէպէճեանի գործը ներկայացուեցաւ՝ սփիւռքեան կեանքի եւ հայապահպանման հարցերու արծարծման զուգահեռ:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը այցելեց Քաթարի հիմնադրամի կեդրոնը:
Արմէն եւ Նունէ Սարգսեան ամոլը հիւրընկալուեցաւ շէյխուհի Մոզա պին Նասէր էլ Միսնետի կողմէ:
Հանրապետութեան Նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Սուրիոյ պարագային Թուրքիոյ առաջնահերթութիւնը չէ քարիւղը։ Նախագահը յայտնեց, որ անոնք, որոնք կ՚ուզեն բաժնել Սուրիոյ քարիւղը՝ բաժին առաջարկած են նաեւ Թուրքիոյ։
Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան Նախաձեռնարկ մարմնի կազմէն երէկ անդամ մը եւս պակսեցաւ։ Այսպէս, Նախաձեռնարկ մարմնի կազմէն հրաժարեցաւ իրաւաբան Սարօ Պենկլեան, որ միեւնոյն ժամանակ մամլոյ բանբերի պարտականութիւնը ստանձնած էր։
Սրբոց Յակոբեանց զինուորեալ միաբանութեան շարքերը համալրուեցան շաբաթավերջի հանդիսաւոր աւանդական արարողութիւնով:
Նորաօծ հոգեւորականներու շարքին է պոլսահայ ժառանգաւոր սան Արտա Սարկաւագ Տիւշէն, որ վերանուանուեցաւ Տէր Արտակ Աբեղայ. Նուրհան Պատրիարքէն օրհնութիւն:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ իր մահկանացուն կնքած է երէց սերունդէ երախտաշատ կրթական մշակներէն Թագուհի Վոլքան-Աբրահամեան։ Յառաջացած տարիքի մէջ ան հրաժեշտ կ՚առնէ երկրաւոր կեանքէ՝ իր ետին թողլով բարի յիշատակ մը։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան անցեալ շաբթուան մէջ հիւրընկալեց Թրքահայ ուսուցչաց միութեան վարչութեան ատենապետ Կարապետ Մխալեանը, որու հետ Գումգաբու փութացած էին նաեւ Գարեգին Պարսամեան եւ Իւղաբեր Պոյաճեան։ Միութիւնը մօտալուտ ուսուցչաց օրուան առթիւ ձեռնարկած է մասնաւոր հաւաքոյթի մը կազմակերպման։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը պաշտօնական այց մը կու տայ Քաթար:
Արմէն Սարգսեան կը մասնակցի նաեւ «Կրթութեան համաշխարհային նորարարական գագաթաժողով»ին:
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան անցեալ շաբթուան մէջ այցելեց Գատըգիւղ՝ նախընտրական քարոզարշաւի ծիրէն ներս։ Ս. Թագաւոր եկեղեցի հանդիպելէ վերջ, 13 նոյեմբեր, չորեքշաբթի երեկոյեան, նորին սրբազնութիւնը ժողովրդական հանդիպումի մը մասնակցեցաւ Արամեան սանուց միութեան մէջ։
Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ նախագահեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ արարողութիւններուն։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։
Պոմոնթի Մխիթարեան վարժարանի պարտէզը երէկ հիւրընկալեց Միջմիութենական յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած հաւաքոյթին մասնակիցները:
Ոսկի աշնան տօնախմբութեան ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկաւ մեներգչուհի Լիտա Քէօսէօղլու, մինչ երիտասարդներ պարեցին ի շարունակութիւն ստեղծուած մեծ ոգեւորութեան:
Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբին 90-ամեակին առթիւ անմոռանալի համերգ մը:
Յոբելեանին առթիւ բազմամեայ խմբավար Յակոբ Մամիկոնեանին յանձնուեցաւ յուշանուէր մը:
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
«Մեծ եղեռնի մասին գրեթէ բան չենք գիտեր»:
Գործակիցս՝ Պերնթ Օլսընն է, Նորվեկիոյ մեր գրասենեակի աշխատակազմէն մին:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Զանազան լուրեր, զանազան տեսակի տեղեկութիւններ շրջան կ՚ընեն Հալէպի մասին։ Հայկական գործօնի նօսրացում, մեծ թիւով արտագաղթ, մարդուժի հարցով որոշ մտավախութիւններ եւ առհասարակ պատերազմի բովէն ելած վիրաւոր համայնքի մը մտավախութիւնները, որոնք ամէն օր կը ձեւափոխուին, կը ստանան նոր երանգներ, կը մեծնան, կը փոքրանան ու այսպէս կը դառնան հանրութիւնը յուզող մեծ ու փոքր խնդիրներ։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ամերիկեան գրականութեան նշանաւոր անուններէն Հիլարի Ճորտընի երկրորդ վէպն է «Երբ արթնցաւ» հատորը, որ լոյս տեսաւ 2011 թուականին։ Գիրքը լայն արձագանգ ստեղծեց Ամերիկայի մէջ ու քիչ ժամանակ անց թարգմանուեցաւ բազմաթիւ լեզուներու։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Բառարան կարդալ»՝ ընթերցանութեան շատ հաճելի եւ միանգամայն օգտակար մէկ տեսակն է. մարդ երբ կը կարդայ բառարանը, կարծես կ՚ընդարձակուի իր մտային հորիզոնը, քանի որ իւրաքանչիւր բառ տարբեր աշխարհ մը կը ներկայացնէ, եւ այդ աշխարհին մէջ տարբեր ապրումներ, տարբեր երեւոյթներ, տարբեր կեանքեր կը հմայեն զինք։
Հ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան հանդիսապետեց Թաքսիմի Ս. Յովհան Ոսկեբերան եկեղեցւոյ արարողութեան:
Հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ ահաբեկիչներու կողմէ Գամիշլիի մէջ սպաննուած հայ-կաթողիկէ հովիւին եւ հօր համար:
Երէկ երեկոյեան ժամերուն Թուրքիոյ մէջ մեծ ցաւ ստեղծեց յայտնի արուեստագիտուհի Եըլտըզ Քենթէրի մահուան լուրը։ Բօթը տարածուեցաւ կայծակնային արագութեամբ։
Հայաստանի Հանրապետութան Արտաքին գործոց նախարարութիւնը շաբաթավերջին յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ հայկական հարցի վերաբերեալ վերջին օրերու իրադարձութիւններուն շուրջ։ Երեւան այս յայտարարութիւնով, ըստ էութեան, բողոք յայտնած է Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ վերջերս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ կատարուած յայտարարութիւններուն դէմ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աւետարաններու մէջ յիշուած անունները, ջանացինք երեք լեզուով ցանկի մը մէջ ամփոփել։ Անշուշտ որ յաւակնութիւնը երբեք չունինք կատարեալ գործ մը կատարած ըլլալու. արդարեւ մեր համեստ աշխատութիւնը «ովկիանոսի մէջ հազիւ կաթիլ» մըն է։ Իր համեստ պայմաններուն մէջ եթէ փոքր իսկ օգտակարութիւն մը կարենանք ունենալ, անիկա անհո՛ւն երջանկութիւն մը պիտի պատճառէ մեզի։