Արխիւ

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2019

ՆԱԹՕ ներկայիս կը ջանայ քայլ յարմարցնել համաշխարհային արդի մարտահրաւէրներուն՝ մասնաւորապէս թիրախաւորելով Չինաստանը:
Եւրոպայի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի միջեւ տկարացած Անդրատլանտեան կապերը մեծ խնդիր մը կը համարուին դաշինքին տեսակէտէ, որ կը պատրաստուի յառաջիկայ ամիս իր հիմնադրութեան 70-ամեայ յոբելեանը նշել Լոնտոնի մէջ - Փարիզ եւ Պերլին առաջարկներ կը յղանան՝ ռազմավարական որոշումներ առնելու դրութիւնը կատարելագործելու նպատակով:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2019

Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը կը շարունակուի՝ միշտ զուգորդուած բանավէճի մը մթնոլորտով։ Պատրիարքական թեկնածուներէն Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ գլխաւորուած Մանիշակագոյն շարժումը երէկ ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկած էր յայտարարութիւնով մը՝ լուրջ քննադատութիւններ հասցէագրելով ընտրական համակարգին։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2019

Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այսօր յետմիջօրէի ժամերուն կ՚այցելէ նահանգապետարան։ Նորին սրբազնութիւնը կ՚ընդունուի Իսթանպուլի կուսակալ Ալի Երլիքայայի կողմէ։ Ինչպէս ծանօթ է, պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի ներկայ փուլի իրադարձութիւններուն շուրջ խորհրդակցելու համար կուսակալ Երլիքայա նախընթաց օր այցելած էր Պատրիարքարան, ուրկէ արձակուելու ժամանակ տեղեկացուցած էր, որ հանդիպում մըն ալ կը նախատեսէր Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հետ։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2019

Պոլսահայ մշակութային կեանքի մղիչ ուժերէն երեք արուեստագէտներ՝ Ժուլիա Մութլու, Ժանին Փափազեան եւ Արամ Կոստանեան ներկայիս ձեռնամուխ եղած են գեղարուեստական նոր հանդիսութեան մը պատրաստութեան։ Նախընթաց օր հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու զանոնք եւ այս առթիւ մանրամասն բացատրութիւններ լսեցինք իրենց ծրագրին շուրջ։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2019

Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Համեմունքի չափաբաժին, զոր յաճախ կը զգամ կերակուրիս մէջ։
Մինչ այս տողերը գրելը, երկար խորհեցայ, ծանր ու թեթեւ ըրի… ի վերջոյ որոշեցի սփռել իմ խռովայոյզ զգացումները։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 20, 2019

Սարըեէրի քաղաքապետարանի նախաձեռնութեամբ երէկ երեկոյեան կազմակերպուեցաւ Ամանորի ընթրիք մը՝ Grand Tarabya պանդոկին մէջ:
Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլու բարեմաղթութիւններով ողջունեց ներկաները, որոնց շարքին էին փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչները:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 20, 2019

Մինչ կ՚ընթանայ Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացի ժամանակացոյցը, երէկ Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցաւ ուշագրաւ իրադարձութիւն մը:
Իսթանպուլի կուսակալը Պատրիարքարան այցելելով տեսակցեցաւ տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի եւ Նախաձեռնարկ մարմնի ատենապետ Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլուի հետ: Հանդիպում մըն ալ կազմակերպուած է Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հետ:
Ալի Երլիքայա ԺԱՄԱՆԱԿ-ին յայտնեց, որ ընդհանուր արժեւորման բնոյթով խորհրդակցութիւն մը կատարուած է: Պատրիարքական Աթոռի աղբիւրները պաշտօնապէս ոչինչ կը հաղորդեն այս մասին:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 20, 2019

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Իսթանպուլի կուսակալ Ալի Երլիքայայի երէկ Պատրիարքարան տուած այցելութեան կարեւոր իմաստ կարելի է վերագրել՝ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացէն ներս։
Համայնքային շրջանակները երկու հիմնական գործօնի լոյսին տակ կը մեկնաբանեն կուսակալի երէկուան այցը։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 20, 2019

Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան երէկ երեկոյեան Սկիւտարի սանուց միութեան մէջ խանդավառ հանդիպում մը ունեցաւ ժողովուրդին հետ:
Նորին սրբազնութիւնը կարեւորութեամբ ուշադրութիւն հրաւիրեց նախընտրական գործընթացին ներգրաւուած վարձկաններուն վրայ. «Թողնենք, որ մեր համայնքը նախընտրութիւն մը ընէ ազատ կամքով։ Այլապէս, ով որ ալ բազմի գահուն վրայ՝ պիտի չհամարուի բոլորիս պատրիարքը եւ պիտի չվայելէ բոլորիս յարգանքը»:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 20, 2019

ՆԻՆԱ ՍՈՒՄԻՐԷ
Ռուսերէնէ թարգմանեց՝
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Կար ու չկար Յոգնատանջ Կին մը կար։ Ամէն առտու ան կ՚արթննար ձեւով մը. ամբողջ օրը կը ստիպէր ինքզինքին աշխատիլ ու երեկոյեան ուժասպառ՝ կը մտնէր անկողին։ Ան այլեւս չէր յիշեր, թէ վերջին անգամ երբ ինքզինքը կը զգար հանգչած, ուժով լի եւ ապրելու փափաքով։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 20, 2019

ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Նախորդ երկու յօդուածներովս գրեցի Թուրքիոյ մէջ որպէս պէյրութահայ փորձառութեանս մասին։ Քիչ մը դուրս գալով հետազօտութեան անմիջական շրջանակէն՝ փորձեցի բացատրել, թէ ինչպիսի՞ զարգացում ապրեցաւ Թուրքիոյ եւ անոր ժողովուրդին հանդէպ իմ կեցուածքս այդ երկրի մէջ անցած գրեթէ երկու տարուան ընթացքին։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 20, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Համբերութիւնը կեա՛նք է… Բայց կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը մարդուս ցոյց կու տայ թէ՝ համբերութեան շատն ալ տանջա՛նք է։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 20, 2019

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Տոհա, երէկ ընդունուեցաւ Քաթարի էմիր Թամիմ պին Համատ էլ Թանիի կողմէ։ Քաթարի էմիրի դիւանէն ներս տեղի ունեցած պաշտօնական դիմաւորման արարողութենէն վերջ Արմէն Սարգսեան եւ Քաթարի էմիրը քննարկեցին երկու երկիրներու համագործակցութեան հեռանկարները։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 19, 2019

Անգլիոյ հայոց թեմի նախաձեռնութեամբ գրքի ծանօթացման հաճելի հաւաքոյթ մը՝ առաջնորդարանի մէջ:
Հրայր Ճէպէճեանի գործը ներկայացուեցաւ՝ սփիւռքեան կեանքի եւ հայապահպանման հարցերու արծարծման զուգահեռ:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 19, 2019

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը այցելեց Քաթարի հիմնադրամի կեդրոնը:
Արմէն եւ Նունէ Սարգսեան ամոլը հիւրընկալուեցաւ շէյխուհի Մոզա պին Նասէր էլ Միսնետի կողմէ:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 19, 2019

Հանրապետութեան Նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Սուրիոյ պարագային Թուրքիոյ առաջնահերթութիւնը չէ քարիւղը։ Նախագահը յայտնեց, որ անոնք, որոնք կ՚ուզեն բաժնել Սուրիոյ քարիւղը՝ բաժին առաջարկած են նաեւ Թուրքիոյ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 19, 2019

Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան Նախաձեռնարկ մարմնի կազմէն երէկ անդամ մը եւս պակսեցաւ։ Այսպէս, Նախաձեռնարկ մարմնի կազմէն հրաժարեցաւ իրաւաբան Սարօ Պենկլեան, որ միեւնոյն ժամանակ մամլոյ բանբերի պարտականութիւնը ստանձնած էր։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 19, 2019

Սրբոց Յակոբեանց զինուորեալ միաբանութեան շարքերը համալրուեցան շաբաթավերջի հանդիսաւոր աւանդական արարողութիւնով:
Նորաօծ հոգեւորականներու շարքին է պոլսահայ ժառանգաւոր սան Արտա Սարկաւագ Տիւշէն, որ վերանուանուեցաւ Տէր Արտակ Աբեղայ. Նուրհան Պատրիարքէն օրհնութիւն:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 19, 2019

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ իր մահկանացուն կնքած է երէց սերունդէ երախտաշատ կրթական մշակներէն Թագուհի Վոլքան-Աբրահամեան։ Յառաջացած տարիքի մէջ ան հրաժեշտ կ՚առնէ երկրաւոր կեանքէ՝ իր ետին թողլով բարի յիշատակ մը։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 19, 2019

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան անցեալ շաբթուան մէջ հիւրընկալեց Թրքահայ ուսուցչաց միութեան վարչութեան ատենապետ Կարապետ Մխալեանը, որու հետ Գումգաբու փութացած էին նաեւ Գարեգին Պարսամեան եւ Իւղաբեր Պոյաճեան։ Միութիւնը մօտալուտ ուսուցչաց օրուան առթիւ ձեռնարկած է մասնաւոր հաւաքոյթի մը կազմակերպման։

Էջեր