Արխիւ
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Էլիզապէթ Մելքոնեանը ծնած է Պէյրութ: Ուսանած է Պէյրութ, ապա Նիկոսիա՝ Մելգոնեան վարժարան: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն հաստատուած է Դանիա, ուր հանդիպած է ուրիշ լիբանանահայու մը եւ՝ ամուսնացած ու ընտանիք կազմած:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Այս պատմութիւնը մեզի կու գայ Ֆլորիտա նահանգէն։ Մենք գիտենք, որ մարդկային մեր պատմութեան մէջ մրցանիշներ հաստատուած են հասակի բարձրութեան, գիրութեան, գեղեցկութեան եւ այլ եզակի յատկութիւններով օժտուած մարդոց նկատմամբ։
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
1930-ական թուականներուն, Երեւանի Լենինի՝ այսօր Մաշտոցի անուան պողոտայի, «Մարգարեան» ծննդատան հատուածին անցորդները, ամիսներ շարունակ, երեւի ամէն երեկոյեան նոյն տեսարանին կը հանդիպէին.
Հայեացքը ծննդատան դիմաց գտնուող նորակառոյց շէնքի պատուհանին կառչած, մայթին վրայ շարունակ անցուդարձի մէջ եղող դպրոցական պատանի մը...
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Շուրջ մէկ ամիսէ ի վեր Լիբանանի ամբողջ տարածքին ընթացող բողոքի ալիքը չէ փարատած։ Երկրի արդի պատմութեան մէջ առաջին անգամն է, որ նման երկարատեւ բողոքի ցոյցեր, հաւաքներ կը կատարուին եւ հազարաւոր քաղաքացիներ կը շարունակեն տէր ըլլալ իրենց պահանջներուն, որոնց ամենէն առաջնայինը անշուշտ նոր ոչ-քաղաքական կառավարութեան մը կազմութիւնն է։
Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարը տեղեկացուց Ազգային մեծ ժողովի երդիքին տակ:
Էրսոյ վերահաստատեց, որ պատրիարքական ընտրութենէն վերջ պիտի հրապարակուի փոքրամասնական վաքըֆներու ընտրական կանոնադրութիւնը: Աշխատանքները կ՚ընթանան Ներքին գործոց նախարարութեան հետ՝ կանխելու համար դժուարութիւնները:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի աջակցութեամբ կարեւոր նախաձեռնութիւն։
Օշականի Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցւոյ «Փառք հայ գրի եւ դպրութեան» որմնանկարը խնամքի տակ առնուած։
Կրօնական ժողովի ատենապետը պատասխանեց Հայաստանի «Ermenihaber» կայքէջի թղթակից Ռաֆայէլ Սահակեանի շարք մը հարցումներուն:
Պատրիարքական ընտրութեան ընդառաջ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան կը շեշտէ պոլսահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս բարեփոխումներու անհրաժեշտութիւնը:
Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցին վերջերս հրատարակեց «Շաբաթական խոհեր» գիրքը, որու հեղինակն է Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։ «Սուրբ Թագաւոր մատենաշար»էն լոյս տեսած 6-րդ հատորն է այս մէկը, որ հրատարակութեան պատրաստուած է Ս. Թարգմանչաց տօնին առթիւ։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ առաւօտ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Իսթանպուլի մօտ Պելժիոյ նորանշանակ աւագ հիւպատոս Սերժ Տիքշէնը, որ փութացած էր քաղաքավարական այցելութեան։ Ան նորին սրբազնութենէն տեղեկութիւններ ստացաւ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի, Հայ Եկեղեցւոյ եւ Պատրիարքական Աթոռի մասին։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
-Մկօ՛, աղուորս, այս թաղե՞րը կը բնակիս,- հարցուցի անցեալ տարի աշակերտիս, որուն հանդիպեցայ մեր թաղի փուռի սեմին:
-Այո՛, օրիորդ, նոր փոխադրուեցայ. հոս աւելի լաւ է. մօտ է համալսարանիս, երթեւեկը դիւրին է,- ըսաւ ան:
ԵՐԱՄ
Փայտեայ սանդուխներուն վրայ սահող կօշիկները կը քաշէին զինք վար։ Ուսէն կախած սեւ տուփը կը խաղար, ամէն քայլի, ամէն նոր սանդուխի հետ կը պոկուէր մարմնէն ու հպէր կրկին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ստորեւ կը շարունակենք «Եղէգին առակը»՝ Ռիթարամ Դաւիթեանի թարգմանութեամբ։
«Տէրոջ դէմքը աւելի մեղմացաւ, մինչ սուր կացինը առաւ ու մի քանի հարուածով գետին տապալեց զայն։ Եղէգը չընդդիմացաւ, այլ իւրաքանչիւր հարուածին ենթարկուեցաւ մեղմօրէն ըսելով.- Իմ Տէրս, քու կամքդ ըլլայ։
Նիւ Եորքի միջեկեղեցական հանդիպման մասնակցեցան Տ. Դանիէլ Եպսկ. Ֆնտըքեան:
ԱՄՆ-ի Արեւելեան Ուղղափառ եւ Կաթոլիկ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն հանդիպումը:
Հայասանի՝ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան այս օրերուն աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Ուքրայնա։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, եռօրեայ այցելութիւն մըն է այս մէկը։
Հայաստանի մէջ Ամերիկայի Առեւտուրի պալատի տարեվերջի հանդիպումը՝ վարչապետի մասնակցութեամբ:
Փաշինեան. «2020 թուականին պիտի աւելցնենք տնտեսական աճի թափերը։ Պատրաստ է նոր յարաբերութիւններու դաշտը»:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի Ուաշինկթըն այցելութեան արձագանգները կը շարունակուին։ Ինչպէս ծանօթ է, Սպիտակ տան մէջ Էրտողան ընդունուած էր ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ։
Կը տեղեկանանք, որ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդը ներկայիս արդէն պատկան մարմիններու կողմէ նոր, թարմացեալ վաւերացումով մը կը գործէ՝ տնօրինելու համար իր մատակարարման յանձնուած բարենպատակ հաստատութիւնները։ Ինչպէս ծանօթ է, մօտաւոր անցեալին թաղային խորհուրդի բազմամեայ ատենապետ Աբիկ Հայրապետեան մահացած էր եւ իր կորուստին առընթեր՝ շարք մը հրաժարականներ եղած էին Պէյօղլուէն։
Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկը վերջերս լոյս ընծայած է «Դէմքեր եւ դրուագներ» խորագրեալ գիրք մը, որ Եդուարդ Սիմքէշեանի գործերու ժողովածոյ մըն է։ Ինչպէս ծանօթ է, մեր համայնքի արդի տարեգրութեանց մէջ Եդուարդ Սիմքէշեան ունի ուրոյն տեղ մը։
Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Եւ այսպէս, երբ Անիի մանկիկը բոլորեց մէկ տարին, նորաթուխ մայրիկը ստիպուած էր, յաճախ ականջ տալու՝ եկող-գացողի, ծանօթ-անծանօթի երեւակայական յօրինուածքներուն՝ երկարատեւ կերակրման վերաբերեալ։
Պատրաստեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ներքեւի յօդուածը արտատպումն է «ԼՈՅՍ» եկեղեցագիտկան շաբաթաթերթի նոր շրջան, Ա. տարի 1905, թիւ 6-ի, 5 փետրուարի խմբագրականին: Յօդուածը կ՚արտատպենք, որովհետեւ անոր պարունակութիւնը այսօր եւս այժմէական եւ պիտանի է: