Արխիւ
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ երեկոյեան մեկնեցաւ Լոնտոն՝ ուղեկցութեամբ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի։ Նորին սրբազնութիւնը Լոնտոնի մէջ մասնակցութիւն պիտի բերէ Աղթամարի Ս. Խաչ պատմական տաճարին ձօնուած լուսանկարներու ցուցահանդէսին, որ պիտի բացուի վաղը։
Մանիշակագոյն շարժման պատգամաւորի թեկնածուները արժեւորեցին իրենց կողմէ տարուած աշխատանքը:
Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան յորդորեց պատրիարքական ընտրութեան ընդառաջ միշտ մնալ զուսպ եւ չափաւոր:
Շիշլի մարզակումբէն ներս վերջերս գործել սկսաւ երիտասարդաց յանձնախումբ մը։ Ակումբի վոլէյպոլի, պասքեթպոլի եւ ճատրակի մարզիկներէն բաղկացեալ կազմ մըն է այս մէկը։ Վարչութեան այս նախաձեռնութեան նպատակն է համախմբել համայնքի երիտասարդութիւնը եւ ապահովել, որ ակումբը յառաջիկային իր երիտասարդ տարրերու հոգածութեան առարկայ դառնայ։
Գումգաբուի Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ փառաշուք յուղարկաւորութիւն:
Նորոգ հանգուցեալ Կարպիս Մոսկոֆեան յաւերժութեան ճամբուեցաւ իր սիրելիներու աղօթքով ու ծաղիկներով:
Կեդրոնական սանուց միութեան մէջ շաբաթ յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ Կոմիտաս Վարդապետին ձօնուած ձեռնարկ մը։ Իր ծննդեան 150-ամեակին առթիւ կազմակերպուած հանդիսութիւններու շարքը այսպէսով համալրուեցաւ՝ «Փրկիչ» հրատարակչութեան նախաձեռնութեամբ։
Տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան նախագահեց Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ երէկուան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն:
Մատաղօրհնութեան զուգահեռ մեծ խանդավառութեամբ նշուեցաւ հաստատութեան հիմնադրութեան 153-րդ տարեդարձը: Քոյր Գայիանէ Տուլքատիրեան ստացաւ յուշանուէր մը:
Հայց. Առաքելական Եկեղեցին նշեց հայոց առաջին լուսաւորիչներու յիշատակը:
Վեհափառ Հայրապետը նախագահեց Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալներու տօնին:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Այս պատմութիւնը մեզի կու գայ Ամերիկայի արեւմտեան ափի Օրեկըն նահանգէն։ Ամուսնացեալ զոյգերն են Էտըմ եւ Պլէյըր Թայսըն, իսկ կնքամայրն է Ճենա Սփէց։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Ալթըմէրմէրի Գլխադիր Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ տիկնանց կազմը։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։
Հայաստանեան թեմերու բազմազաւակ քահանաներու ընտանիքները այցելեցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. «Հոգեւոր հովիւներու առանցքային ծառայութիւնը պէտք է ըլլայ հայ ընտանիքի զօրացումը»:
ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ
Անոնք, որոնք բախտը ունեցած են ապրելու 1990-ական թուականներուն, անկասկած, կը յիշեն բոլորին յայտի այս գերհիթը, եւ նոյնիսկ կը համարձակիմ գրաւի գալ ու պնդել, որ երբ լսեն, անմիջապէս՝ եթէ ոչ պարելու, ապա շարժելու աշխոյժ ցանկութիւն կ՚ունենան։ Երգը համաճարակի նման վարակած էր բոլորը։
ՎԵՐ. ՏՔԹ. ՓՈԼ ՀԱՅՏՈՍԹԵԱՆ
Քսանմէկերորդ դարու առաջին քառորդին արդէն անկարելի է ներկայացնել Լիբանանը առանց հաշուի չառնելու անոր հիմնաւորուած եւ հիմնարար հայկական համայնքը:
Լիբանան, որպէս միաժամանակ լեռնային ու ծովեզերեայ երկիր, ճանչցուած է իբրեւ ուրոյն բնօրրան աւելի քան եօթը հազար տարիներէ ի վեր. իր Քանաանական նախապատմական օրերէն մինչեւ ներկայի պատմամշակութային ու բնական գանձերովը՝ ան իր մէջ կ՚ամփոփէ անսահման հմայք:
Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարը՝ Արայիկ Յարութիւնեան իր հովանաւորած չորս նախարարութիւններէն ներս ալ կը դիմագրաւէ ընդդիմութիւն եւ խնդիրներ, որոնք կը բխին իր ծառայած յեղափոխութեան կառավարութեան առաջադրած բարեփոխումներէն:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիբանանի մէջ ծաւալած բողոքի ցոյցերը կը շարունակուին, դառնալով Լիբանանի արդի շրջանի պատմութեան ամենաերկար բողոքի ցոյցերու ալիքը։
Ճիշդ է, որ ցոյցերը այսօրուան կտրուածքով անցեալի ուժգնութիւնը չունին, բայց եւ այնպէս չեն մարած ու որեւէ պահու կրնան վերստին բորբոքիլ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ էակը ընդհանրապէս անյա՛գ է. կիրքերը բաւարարութիւն՝ յագենալ, կշտանալ չեն գիտեր։ Մարդ երբեք գոհ չէ՛ իր վիճակէն, այլ միշտ կ՚ուզէ աւելին՝ աւելի՛ շատը, աւելի՛ ճոխը եւ աւելի՛ առատը։
Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետը երէկ հիւրընկալեց Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւորը:
Զեքիեան Գերապայծառ անկեղծօրէն շնորհաւորեց Էքրէմ Իմամօղլուն, որուն հետ ունեցաւ կարծիքի փոխանակումներ:
Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան ընդառաջ մեր համայնքէն ներս համատարած հրճուանքի մը մթնոլորտը ստեղծուած է։ Երէկ երեկոյեան, Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Եշիլգիւղի մէջ մասնակցեցաւ ժողովրդական հանդիպումի մը։
Գալֆաեան Տան խնամակալութեան ատենապետուհի Տիանա Գամբարոսեան եւ սիւներէն Տանիէլ Անթիքաճեան նախընթաց օր այցելեցին խմբագրատունս։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին անոնք մեզի բացատրութիւններ տուին Գալֆաեան Տան ի նպաստ վաղը տեղի ունենալիք տարեկան աւանդական մատաղօրհնութեան շուրջ։
Գրասէրներու շրջանակներէն ներս միջոցէ մը ի վեր անանտեսելի ուշադրութեան կ՚արժանանայ «Zaralı» գիրքը, որու հեղինակն է Աւետիս Օլկուն։ Դերձակուհի Վարդանոյշի յուշերը կը մատուցուին այս հետաքրքրական գիրքով, որու արդէն երկրորդ հրատարակութիւնը կատարուած է։
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ կազմակերպուած նուիրահաւաքման արշաւը հասաւ իր աւարտին։ Այս տարի 22-րդ անգամ կազմակերպուեցաւ այս մարաթոնը, որու հասոյթը միշտ կը տրամադրուի Հայաստանի եւ Արցախի հրատապ կարիքներուն համար։