Արխիւ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու ղեկավարները անհանգստութիւն յայտնեցին քորոնաժահրի համաճարակի համաշխարհային տարածման կապակցութեամբ։
Արցախի ժողովուրդը կը քուէարկէ՝ պաշտօնի կոչելու համար երկրի նոր նախագահն ու խորհրդարանը:
Լեռնային Ղարաբաղի ամբողջ տարածքին առընթեր, այսօր ընտրատեղամաս մըն ալ կը գործէ Երեւանի մէջ:
Քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ, Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա երէկ երեկոյեան ժամերուն արձագանգ հանդիսացաւ Թուրքիոյ վերաբերեալ վերջին վիճակագրական տուեալներուն։ Այսպէս, երէկ կատարուած է 11 հազար 535 քննութիւն։ Նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուած է 1610 վարակեալ։
«Ստեղծուած իրավիճակին մէջ մենք բոլորս կոչուած ենք խստագոյնս հետեւելու պետական պատկան մարմիններու ցուցումներուն, առաւելագոյն սթափութիւն եւ զգօնութիւն դրսեւորելու, որպէսզի պատճառ չդառնանք վարակի տարածման, չվտանգենք մեր, մեր հարազատներու եւ հայրենակիցներու առողջութիւնը»:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը պատգամեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն. «Զօրանանք հաւատով ու սիրով, գօտեպնդուինք յոյսով, զինուինք համբերութեամբ եւ փորձութեան այս օրերը դարձնենք հնարաւորութիւն՝ առանձնութեան մէջ խորհելու կեանքի ու հոգեւոր արժէքներու կարեւորութեան, իրարու հանդէպ հոգատարութեան մասին»:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ադրիական ծովու ափին գտնուող Ռիմինի քաղաքի օդակայանը կոչուած է աշխարհահռչակ իտալացի բեմադրիչ Ֆետերիքօ Ֆելլինիի անունով:
Ինչպէս կարգ մը իտալական քաղաքներ, Ռիմինին եւս այս օրերուն գոց է, եւ առողջարանային այդ քաղաքը, որ ամէն եղանակի բազմահազար հիւրեր կ՚ընդունէր, այսօր պարապ ու ամայի է:
ՄՈՎՍԷՍ Ս. ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ
Ես ո՛չ համաճարակաբան եմ եւ ո՛չ ալ բժիշկ: Հոգեբան ալ չեմ: Եւ բնականաբար իմ նմաններուս վերապահուած չէ համաճարակներու մասին կարծիք տալ կամ խրատաբանութիւն ընել, որուն ի սկզբանէ չեմ հաւատացած:
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Խօսք. «Որովհետեւ ինչ որ Հայրը կը գործէ, Որդին ալ նոյնը կը գործէ» (Յհ 5.19):
Մեկնութիւն. Այստեղ կը վերացնէ [այն կարծիքը] երեք պատճառով, որով կը կարծէին թէ Որդին Հօրմէն փոքր է:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Անգլիական ականաւոր դէմք մը՝ Հըրպըրթ Սփէնսըր լուրջ, հանդարտ, սրադատ, խոկացող միտք մը ունէր. իր գրութիւններուն մէջ բանաստեղծական խանդ ու եռանդ չէր խառներ, իր մտածութեան սեւեռակէտերն էին «իրողութիւն» եւ «սկզբունք»։
Ռուսաստան եւ Վրաստան «Կանաչ գօտի» պիտի ապահովեն Հայաստանի բեռներուն:
Նիկոլ Փաշինեանի եւ Միխայիլ Միշուսթինի միջեւ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ հեռախօսազրոյց մը:
Լեհ անուանի երգահան Քրիստոֆ Պենտերեցքի շաբաթավերջին իր մահկանացուն կնքեց՝ 87 տարեկան հասակին։ Երգահան ու խմբավար Պենտերեցքի ծնած էր 1933 թուականին։
Լեռնային Ղարաբաղի մէջ վաղը նախատեսուած են ընտրութիւններ։ Արցախի ժողովուրդը քուէատուփի մօտ պիտի փութայ ընտրելու համար երկրի թէ՛ նոր նախագահը եւ թէ խորհրդարանը։
Առողջապահութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ քորոնաժահրի հետեւանքով երէկ մահացած է եւս 23 հոգի։ Այսպէսով, ընդհանուր առմամբ, Թուրքիոյ մէջ համաճարակի զոհերուն թիւը բարձրացած է 131-ի։
Ֆրանսահայ հեղինակաւոր պետական-քաղաքական գործիչը զոհ գնաց քորոնաժահրի համաճարակին:
Ոչ եւս է Փաթրիք Տէվէճեան, որ սփիւռքի ամենաազդեցիկ դէմքերէն մին էր Եւրոպայի մէջ: Հայաստանի Հանրապետութեան պետական աւագանին եւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը հրապարակեցին ցաւակցականներ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Այսպէս կ՚երեւի, թէ քաղաքակիրթ ժողովուրդներու ապրելու քաջութիւնը կը նուազի։ Գրեթէ ամէն երկրի մէջ ալ տաղանդաւոր անհատներու թիւը կը պակսի։ Այս երեւոյթը ահաբեկիչ նշանակութիւն մը ունի։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Մարդկութեան հասարակաց թշնամին դարձած քորոնաժահրը կը շարունակէ զբաղեցնել ամբողջ աշխարհի օրակարգը։ Մինչ բովանդակ աշխարհ կը պայքարի քորոնաժահրի համաճարակին դէմ, ընկերային ցանցերու վրայ տարածուած է այն վարկածը, թէ 16-րդ դարու բժիշկ, աստղագէտ, գիտնական եւ գուշակ Նոսդրատամուս իր հեղինակած «Մարգարէութիւններ» (Les Prophéties) գիրքին մէջ «կանխատեսած» է քորոնաժահրի ծագումն ու տարածումը։
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
«Ճանչնանք «Քորոնա» ժահրախտը կամ թագաժահրախտը» վերնագիրով 26 յունուար 2020-ին իմ ստորագրութեամբ յօդուած մը լոյս տեսաւ Մոնրէալի «Հորիզոն» շաբաթաթերթին մէջ: Այդ օրէն անցած են երկու ամիս:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Մեր օրերէն ժամանակ մը անց, երբ մարդիկ, վերլուծողներ, փորձեն մեր օրերու մասին «ակադեմական» մակարդակի բնորոշում-անուանում մը տալ, անվարան կերպով պիտի գրեն «նախքան-քորոնայի» ու ապա «խետ-քորոնայի» ժամանակները։
Համաճարակի պատճառաւ տուներու մէջ փակուելու պարտաւորուած երէց սերունդի մեր ժողովուրդի անդամներուն ուղղուած եւ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր առաջնորդութեամբ «Հեռախօսային օժանդակութեան աջակցութիւն» կարգախօսով արշաւ մը սկսած է։ Մօտաւորապէս 20 կամաւոր կիներ, իրենց ուղարկուած հեռախօսային տուեալներով, մեր երէց քոյր եւ երբայրներուն հետ կապ պիտի հաստատեն հեռաձայնի միջոցաւ, իրենց հետ պիտի զրուցեն ու իրենց պիտի ջանան զգացնել, թէ այս օրերուն առանձին չեն։
Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ առ Աստուած աղօթք բարձրացաւ Հայաստանի եւ համայն հայ ժողովուրդի համար:
Վեհափառ Հայրապետը Ս. Տրդատի բաց խորանին առջեւ ծնրադիր խնդրեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի բարեխօսութիւնը:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ երեկոյեան Իսթանպուլի մէջ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին տեղեկացուց, որ քորանաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի բերումով նոր սահմանափակումներ հաստատուած են բովանդակ երկրէն ներս։