ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԷՏՔ Է ԽՕՍԻՆՔ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆ

Մեր զրոյցը երիտասարդութեան հետ՝ անհատապէս թէ հաւաքականօրէն, անպայմանօրէն պէտք է ներառէ Աստուածաշնչական ճշմարտութիւններ, որպէսզի իրենց կեանքին վրայ խոր ազդեցութիւն ունենայ. արդարեւ, Աւետարանը ուրախ լուրն է, եւ Խօսքին ծառայութիւնը եկեղեցիէն ներս երկու պատճառներով կարեւոր է.

1.- «Հաւատքը ծնունդ կ՚առնէ քարոզութիւնը լսելէն. իսկ քարոզութիւնը հաւատք կ՚արթնցնէ՝ երբ Քրիստոսի խօսքերն են, որ կը քարոզուին» (Հռ 10.17), այսինքն՝ փրկութեան լուրերը մարդ պիտի չլսէ, բացի Աստուծոյ կարդացուած, լսուած եւ տեսնուած խօսքէն…, որովհետեւ՝ «ինչպէ՞ս պիտի հաւատան Անոր, որու մասին չեն լսած, եւ ինչպէ՞ս պիտի լսեն առանց քարոզութեան» (տե՛ս Հռ 10.14-15):

2.- Անգիտութիւնը կրնայ կորուստի տանիլ. «Իմ ժողովուրդս գիտութիւն չունենալուն համար բնաջինջ եղաւ» (Ովս 4.6). Աստուածաշունչ Սուրբ գիրքերը մարդուն իմացնել կու տան փրկութեան ճամբան (Բ. Տմ 3.15), եւ Տէր Յիսուս Ինք՝ «քարոզիչներու Տիպարն է», որովհետեւ կ՚ըսէ. «Պէտք է երթամ… որպէսզի այնտեղ եւս քարոզեմ, որովհետեւ այս պատճառով եկայ» (տե՛ս Մր 1.38). իսկ խօսքին մասին ըսաւ, թէ հոգի է եւ կեանք (տե՛ս Յհ 6.63), իսկ մեր ուսուցիչը՝ Պետրոս, ըսաւ Անոր. «Տէ՛ր, որո՞ւն պիտի երթանք. յաւիտենական կեանք տուող խօսքերը Դո՛ւն ունիս» (Յհ 6.68):

3.- Աւետարանը, հետեւաբար, քարոզութեան նիւթն է, որուն ընդմէջէն ծառայողը կը ճանչնայ դարերու ընթացքին Աստուծոյ մարդոց հետ ունեցած յարաբերութիւններուն մասին, որով ծառայուողը կը սրբուի ու կը բիւրեղանայ՝ Սուրբ գիրքերը կարդալով. «Դուք արդէն իսկ մաքրուած էք այն խօսքին համար՝ որ ձեզի խօսեցայ» (Յհ 15.3), այդ պատճառով ալ Սուրբ Անտոնի իր զաւակներուն ուղղած խրատը այն էր, որ Աստուծոյ խօսքը կարդան եւ որեւէ մէկ գործ, որ կը գործեն, այդ գործին Սուրբ Գիրքէն վկայ մը ունենան. ինչպէս նաեւ անոնց միշտ կ՚ըսէր. «Դուն քեզ յոգնեցուր կարդալով [Սուրբ Գիրք], որով քեզ կ՚ազատէ պղծութենէն»:

Հետեւաբար, ծառայողը կը կարդայ Աստուծոյ խօսքը, խորութեամբ կ՚ուսումնասիրէ զայն, ծանօթ է եկեղեցւոյ հայրերու կատարած մեկնութիւններուն, եւ իր խօսքը՝ ուղղուած երիտասարդութեան, կը գօտեպնդէ Սուրբ Գիրքէն մէջբերումներով, կամ ալ սուրբ գիրքերէն բերուած պատմութիւններով ու դէպքերով:

[Աստուծոյ խօսքը նման է]՝

* Սուրի (Եբր 4.12), որ մարդուն խորերը կը ներթափանցէ:

* Կրակի (Ես 6.5-7), որ մարդուն մէջ եղող մեղքի ապականութիւնը կ՚այրէ:

* Մուրճի (Եր 23.29), որ կը մեղմացնէ մարդուն յամառութիւնը:

* Հացի (Մտ 4.4), որ մարդուն հոգին կը յագեցնէ:

* Լոյսի (Սղ 119.105), որ մարդուն ճամբան կ՚առաջնորդէ: 

Այսօր, Շնուտա Գ. Հայրապետը մնայուն կերպով կը յիշեցնէ ու կը թելադրէ մեզի. «Սորվեցէ՛ք Աւետարանը եւ Աւետարանը կը պահէ ձեզ», եւ ինքզինք մեզի որպէս Աստուծոյ խօսքը ուսումնասիրողի տիպար կը ներկայացնէ, աւելին՝ Նորին Սրբութիւնը հարիւրաւոր համարներ գոց կը սորվի՝ անոնց բացատրութիւններով միասին [Անպա Մուսան այս գրքոյկը երբ գրած է, Շնուտա Գ. Հայրապետը այդ օրերուն տակաւին ողջ էր]:

Խօսքին ծառայողը պէտք է լաւապէս տիրապետէ իր խօսքերուն.

ա. Սուրբգրային համարներ այն նիւթին մասին, որ կը խօսի…:

բ. Սուրբգրային դէպքեր Աստուծոյ մարդոց հետ ունեցած յարաբերութիւններուն մասին…: 

գ. Սուրբգրային անձնաւորութիւններ, թէ ինչպէս անոնք այդ յարաբերութիւններէն օգտուած են…:

դ. Ուրիշ անձնաւորութիւններ, որոնք անտեսած են այդ յարաբերութիւնները, հակառակած են ու կորուստի մատնուած…:

Այսպիսով, իր խօսքը Աստուծոյ մտածումներով յագեցած կ՚ըլլայ, որ մեզի յայտնուած են Հին եւ Նոր կտակարաններուն մէջ: Տակաւին, հրաւէր մը կ՚ըլլայ կարդալու, ուսումնասիրելու եւ հնազանդելու Աստուծոյ խօսքին… «Օրէնքին եւ վկայութեան թող հարցնեն, եթէ այս խօսքին համեմատ չխօսին, անոնք ամենեւին լոյս [առաւօտ] չունին» (Ես 8.20):

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵԼՈՒ ԿԵՐՊԵՐԸ

Բազմաթիւ կերպեր կան, որոնցմէ մի քանի հատը կը նշենք այստեղ.

1.- Սուրբ գիրքերուն վերաբերեալ մրցումներ. երիտասարդներուն Սուրբ գիրքերուն մասին տեղեկութիւններ տալէ ետք, անոնց մի քանի հատ հարցումներ կու տանք, որպէսզի մէկ ամսուան ընթացքին պատասխանեն. պատասխանները հաւաքելէ ետք, ճիշդ պատասխանները կը ներկայացուին ժողովի ժամանակ՝ նոյնինքն երիտասարդներուն կողմէ:

2.- Որոշ հատուած մը առնել. կամ Հին կտակարանէն՝ Մովսէսի հինգ գիրքերէն, կամ պատմական ու մարգարէական, բանաստեղծական ու իմաստասիրական գիրքերէն… կամ ալ չորս աւետարաններէն, կամ առաքեալներուն գործերէն, կամ առաքեալներուն ընդհանրական նամակներէն, եւ առիթ տալ երիտասարդներուն մտածելու, խորհրդածելու եւ հոգեւոր դասերը դուրս բերելու տուեալ հատուածէն:

3.- Հաւաքաբար ընթերցել Հին կտակարանը. գլուխներուն վերնագիրներ տալ, դուրս բերել այն բոլոր գրուածները՝ որոնք Տէր Յիսուսին կ՚ակնարկեն, ըլլա՛յ խորհրդանիշներու ընդմէջէն, կամ անձնաւորութիւններէն ու մարգարէութիւններէն…, եւ այդ բոլորը արձանագրել յատուկ տետրակի մը մէջ:

4.- Մէկ շարք ուսումնասիրութիւններ ներկայացնել. թոյլ տալ երիտասարդներուն, որպէսզի ընտրեն ատոնցմէ որեւէ մէկը, ըլլա՛յ Սուրբ Գիրքի անսխալականութեան մասին, կամ անոր մեզի հասնելուն ընթացքին մասին, կամ անոր կարեւորութիւնը մեր կեանքին համար, կամ ալ անոր մէջէն որոշ նիւթերու մասին, ինչպէս օրինակ՝ հաւատքի, փրկութեան, զանազան առաքինութիւններու մասին, կամ ալ անձերու՝ թէ՛ Հին եւ թէ Նոր կտակարաններէն…:

Յաղթող երիտասարդներուն պէտք է նուէրներ եւ մրցանակներ տալ, ինչպէս նաեւ առիթ տալ անոնց, որպէսզի իրենց ուսումնասիրութիւնները ներկայացնեն իրենց քոյրերուն եւ եղբայրներուն հոգեւոր մտամփոփման օրուան մը ընթացքին, կամ ալ հոգեւոր մթնոլորտով լեցուն օր մը՝ առանձին տան մը, կամ համագումարներու վայրի մը մէջ, տարուան մէջ հանդիպող որեւէ մէկ արձակուրդի ընթացքին:

Շատ յայտնի ասացուածք մը կայ, որ կ՚ըսէ. «Մեծագոյն յոյս մը կայ մեծագոյն մեղաւորի մը համար, որ Սուրբ Գիրք կը կարդայ, ինչպէս նաեւ մեծագոյն վնաս մը կայ մեծագոյն սուրբի մը համար, որ անտեսութեան կը մատնէ Սուրբ Գիրքը»:

Թող որ Տէրը շնորհէ մեզի, որպէսզի ուշադրութիւն դարձնենք Աստուծոյ խօսքին՝ մեր կեանքին ու ծառայութեան մէջ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 2

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2025