Արխիւ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Եւրոմիութեան Արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գծով գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորելի հետ։ Օր մը առաջ ալ Արա Այվազեան զրուցած էր Եւրոյանձնաժողովի Հարեւանութեան եւ ընդլայնման քաղաքականութեան գծով յանձնակատար Օլիվէր Վարհէիի հետ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստանի քաղաքական տագնապի մթնոլորտին մէջ առիթն ունեցանք զրուցելու ընդդիմութեան վառ ներկայացուցիչներէն Գեղամ Մանուկեանի հետ։ Ան կը վարէ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ի հանրահաւաքները, նախկին երեսփոխան մըն է, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան անդամ եւ «Երկիր մետիա» հեռուստաընկերութեան ղեկավարներէն։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան 91-րդ հերթական համագումարը կազմակերպուեցաւ առցանց՝ քորոնաժահրի երկամեայ համաճարակի հետեւանքով:
Ըստ Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանի, 2020-ի տագնապները ստուեր ածած են նախորդ շրջաններու տպաւորիչ նուաճումները, իսկ առկայ աղէտները անհրաժեշտ դարձուցած են առաջնահերթութիւններու լուրջ փոփոխութիւններ՝ դէպի մարդասիրական օժանդակութիւն. ասպարէզ մը, որուն մէջ ՀԲԸՄ վաղուց կ՚առանձնանայ իր վայելած վստահութեամբ եւ հեղինակութեամբ:
Կաթողիկէ Հայոց Արքեպիսկոպոսարանի կողմէ հրատարակուած «Կամուրջ»ը դարձեալ ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ է։ Յստակ պարբերականութիւն մը չունի այս մէկը, որ կը պատրաստուի՝ որպէս Հայ կաթողիկէ հասարակութեան կողմէ պիւլթէն մը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ այցելեց մայրաքաղաք Անգարա։ Պեշթեփէի նախագահական համալիրէն ներս Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հրաւիրուած էր մասնակցելու Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի հովանաւորութեան ներքեւ կազմակերպուած հաւաքոյթի մը, որու ընթացքին հրապարակուեցաւ Մարդու իրաւանց գործողութիւններու ծրագիրը։
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանի մէջ հրաժեշտի վաղաժամ հաւաքոյթ մը տեղի ունեցաւ այս տարուայ շրջանաւարտներուն համար։
Դպրոցի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ հակառակ տնտեսական դժուարութիւններուն՝ աշխատանքները կը շարունակուին, կրթական գործունէութիւնը կը շարունակուի կայուն թափով։
ԵՐԱՄ
Կը խփէ ժամանակի երեսին ալիքներովն իր։ Ժամանակը կ՚անցնի, ինք կը մնայ։ Այստեղ է միշտ, ականատեսն է մարդոց անցումին, որ ամէն օր է, ամէն ժամ, ամէն վայրկեան։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Չարը կը շարունակէ տիրել Հայաստան ու Արցախ աշխարհներու վրայ:
Հայաստանի մէջ մարտի մէկը գարնան առաջին օրն է: Այսօր մարտի երեքն է: Գարունը կ՚ուշանայ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երջանկութիւնը առողջութեան պայմաններէն մին է անշուշտ, բայց փոխադարձաբար՝ առողջութիւնն ալ երջանիկ ըլլալու պատճառներէն մէկն է։ Ուրեմն, առողջ մարդը երջանիկ է, եւ երջանիկ մարդն ալ՝ առո՛ղջ։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ սփիւռքահայ մտաւորական Գէորգ Պետիկեան ներկայ տարեմուտին լոյս ընծայած է իր նոր գիրքը։ «Տարին, որ անցաւ» կը կոչուի այս մէկը, որ հեղինակի 9-րդ գիրքն է։
Այվազեան եւ Վարհէի անդրադարձան նաեւ Հարաւային Կովկասի իրադրութեան:
Հայաստան-Եւրոմիութիւն գործընկերութեան օրակարգային հարցերուն շուրջ քննարկում:
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ բովանդակ Թուրքիայէ ներս այսօր կը սկսի նորովի բնականոնացման շրջան մը։
Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ կառավարութեան հերթական նիստը, որու աւարտին հրապարակուեցան համապատասխան որոշումներ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախկին նախարարներէն Արթուր Խաչատրեանի հետ զրուցելու առիթն ունեցանք Երեւանի Բաղրամեան պողոտային վրայ, որ օրերէ ի վեր փակ կը պահուի «Հայրենիքի փրկութեան շարժում» ընդդիմադիր համախմբման ցուցարարներուն կողմէ։
Երեւանի կեդրոնին թէ՛ իշխանութեան եւ թէ ընդդիմութեան կողմէ նոյնաժամանակ կազմակերպուած հանրահաւաքներուն մասնակցութիւն բերած ծովածաւալ բազմութիւնը կ՚ապացուցանէ, որ ճարահատ ժողովուրդը գործնական լուծում կ՚ակնկալէ երկրի հրատապ խնդիրներուն, կը պահանջէ կենսական մարտահրաւէրներու յաղթահարումը՝ քաղաքացիական բարձր պատասխանատուութեամբ: Կարգ մը մեկնաբաններ «սգոյ թափօրի զուարթ առաջնորդը» կ՚որակեն վարչապետը:
Հայաստանի քաղաքական տագնապը կը շարունակուի ամբոխավարութեան հրահրումով, վտանգաւոր լոզունգներով եւ զգացումներու շահարկումով, ինչ որ առայժմ բաւարար չ՚ըլլար հաւասարակշռութիւններուն վրայ ազդելու եւ բեկումնային պահ մը ապահովելու համար: Ազդեցութեան ամուլ պայքարները երկիրը փակուղիի կը դատապարտեն, պետականութեան տեսակէտէ ծանր հետեւանքներով հանդերձ: Փաշինեանի եւ Փութինի միջեւ տեղի ունեցած հեռախօսազրոյցէն վերջ վարչապետի բանբերին կողմէ կատարուած յայտարարութիւնները հասան զաւեշտալի համեմատութիւններու:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Անգարայի մօտ Գերմանիոյ դեսպան Եուրկէն Շուլցը։ Պատրիարքարանի հանդիպման ընթացքին Շուլցին ընկերացան իր կողակիցը եւ դեսպանութեան խորհրդականներէն Փոլ Ամանն։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի մէջ մեկնարկած են հայ մեծանուն երգահան, դաշնակահար Առնօ Բաբաջեանեանի 100-ամեակի ձեռնարկները: Երկար սպասուած այս յոբելեանը համընկած է Հայաստանի ներքաղաքական ճգնաժամին եւ նկատելի է, որ երկրին մէջ օրակարգը բոլորովին մշակութային չէ…
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Ամրան տաք օրերու հազի՜ւ զովացած երեկոներուն, տարուան երեք ամիսները զաւակներուն հետ անցընելու համար Հալէպ եկող հայրս, մեր տան մե՜ծ պատշգամը, առանց ձանձրանալու դանդաղօրէն, երկա՜ր-երկար կը լուար, Քուէյթի տօթերուն կրակը տարիներ ճաշակած՝ ամբողջ օրը արեւին տակ մնացած պատշգամի քարերուն տառապանքը կարծես կիսելով, զանոնք քար-քար կը ջրէր։
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Խօսք. «Դուն կը հաւատա՞ս Աստուծոյ Որդիին» (Յհ 9.35):
Մեկնութիւն. երկու պատճառով կը հարցնէ. նախ՝ որպէսզի փնտռելու պատճառ տայ, թէ ո՞վ է Աստուծոյ Որդին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Լեզու մը շիտակ խօսիլ, անսխալ գրել՝ ամէն բանէ առաջ այդ լեզուին հանդէպ յարգանք ցոյց տալ կը նշանակէ, յետոյ՝ կարեւորութիւն ընծայել խօսակիցին կամ ընթերցողին։ Արդարեւ, ամէն լեզու ունի իր կանոնները, որոնց հնազանդելով է, որ կարելի կ՚ըլլայ շիտակ խօսիլ եւ անսխալ գրել։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցած Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանի աշխատանքները հասան իրենց աւարտին։ 23-26 փետրուարին տեղի ունեցած ժողովներուն ատենապետեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Եկեղեցական հայեցակարգային բաժնի տնօրէն Տ. Վազգէն Եպսկ. Միրզախանեան։