Արխիւ
Հնդկաստան եւ Իտալիա կ՚ընթանան՝ իրենց յարաբերութիւնները յատուկ ռազմավարական գործընկերութեան մակարդակի բարձրացնելու ճանապարհով։
Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ:
Երէկ, Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց արքեպիսկոպոսարանի պատրիարքական կառավարիչ Տ. Վարդան թ. ծայրագոյն վարդապետ Գազանճեան ընդունեց ցաւակցական այցելութիւններ՝ տիրամայր Գոհար Գազանճեանի մահուան առթիւ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Կար ժամանակ, երբ մարդոց տուներուն դռները գրեթէ երբեք չէին գոցուեր։ Գիւղի մը մէջ ոեւէ մէկու մը տուն երթալու կամ այցելելու համար հասցէ պէտք չէր. բաւարար էր անուն մը տալ եւ վերջ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յայտնի առածը կ՚ըսէ, թէ լճացած ջուրը կ՚ապականի, կը վատանայ։ Ասիկա կը պատահի նաեւ երբ սիրոյ այն կեանքը՝ մանաւանդ ամուսնութեան ընթացքին, կը լճանայ, կ՚անշարժանայ եւ կը դադրի զինք յառաջ բերող եւ մղող շարժունութիւնը ունենալէ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ժամանակակից աշխարհը իր նորարարութիւններով հասարակութեան շա՜տ բան տուաւ, սակայն, միեւնոյն ժամանակ, անաղմուկ ձեւով շա՜տ բան տարաւ մարդկութենէն. ինչպէս օրինակ՝ ընտանեկան ու բարեկամական ջերմութիւնը, համբերութիւնը, ուշադրութիւնը, պարզութիւնը, վստահութիւնը եւ գրեթէ բոլոր այն բաները՝ որոնք անցեալին մարդը մա՛րդ ընող արժէքներ էին:
AYLİN KOÇUNYAN
Beyoğlu Üç Horan Ermeni̇ Ki̇li̇sesi̇ Vakfi Narekyan Salonu’nda Türki̇ye Ermeni̇ toplumunun gündemi̇ne ışık tutan tartışma: Geçmi̇şten günümüze 1863 Ermeni̇ Nizâmnâmesi, i̇zleri̇ ve azinliklarin örgütlenmesi̇.
Չինաստանի նախագահ Շի Ծինփինկ եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին վերահաստատեցին երկու երկիրներու միջեւ համագործակցութիւնը խորացնելու յանձնառութիւնը։
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ժողովը:
ՄԱՀՄՈՒՏ ՏԱՐՈՒԻՇ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Եւ ո՞վ է այս համաշխարհային հասարակական կարծիքը:
Մենք այս եզրը փոխաբերականօրէն կ՚օգտագործենք, որով արդարութիւն կը պահանջենք ոճրագործներէն:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքը՝ որ կ՚ապրինք, նեղութիւններով լեցուն է. վիճակագրութիւններ ցոյց կու տան, թէ ամբողջ կեանքի մը մէջ աւելի՛ շատ են տրտում, տխուր օրերը, քան ուրախ, զուարթ օրերը։ Անշուշտ, ասիկա նոյն համեմատութիւնը չունի բոլոր կեանքերու մէջ՝ ոմանց համար մէկը երկար եւ միւսը կարճ, եւ փոխադարձաբար…
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հայերէն լեզուն ոչ-շատ հեռու անցեալին ապրեցաւ անկիւնադարձային ժամանակաշրջան մը. շրջան՝ ուր գրաբարը սկսաւ դիտուիլ որպէս «եկեղեցական լեզու» եւ մեր կեանք մուտք գործեց աշխարհաբարը՝ իր զանազան ճիւղաւորումներով, որոնք վերջաւորութեան ամփոփուեցան Արեւմտահայերէն եւ Արեւելահայերէն բաժանումներու տակ:
ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ
20 մայիս 1851-ին, ծայր աստիճան աղքատ, Աբրահամ եւ Արուսեակ ամոլի ընտանեկան յարկին տակ աշխարհ եկած Պետրոս Դուրեան (Սկիւտար, Ենիմահալլէ, Կ. Պոլիս, Օսմանեան կայսրութիւն, 20 մայիս 1851 - Կ. Պոլիս, 21 յունուար 1872)
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Տ. Արմաշ քհնյ. Պաղտասարեանը, որ մաս կը կազմէ Հայաստանեայց Առաքեալական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի հոգեւորականաց դասուն:
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Քառասուն Մանկանց դպրաց դաս-երգչախումբի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ Տ. Շահէն քհնյ. Օհանեանի։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբի վարիչները՝ գլխաւորութեամբ Տ. Գասպար աբեղայ Կարապետեանի։
Երէկ, Շիշլի մարզակումբէն ներս գումարուեցաւ հերթական ընդհանուր ժողով։ Նկատի ունենալով, որ մարզակումբը կայուն յաջողութեամբ կը շարունակէ իր գործունէութիւնը, համագումարի մթնոլորտէն ալ բնորոշուեցաւ համապատասխան բարձր տրամադրութեամբ։
Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Վատիկանի մէջ տեսակցեցաւ Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցւոյ քահանայապետ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին հետ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Պէյօղլուի «Նարեկեան» սրահի երդիքին տակ կազմակերպուած ասուլիս-քննարկումը կը ցոլացնէ խրախուսելի մտայնութիւն մը:
Պատմութիւն, արդի կարիքներ եւ քաղաքական իրադրութիւն. որոնումներ համադրուած եռոտանիի մը վրայ՝ թրքահայ համայնքի օրակարգին շուրջ:
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտարարեց, որ Թուրքիոյ առաջնահերթութիւնն է Իրանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ հրադադարի պահպանումը։