ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ՀԵՏՔՈՎ
Փոքր հաւաքականութիւնները քանակէ աւելի որակի վերաբերեալ հանգամանքներով կը հաշուարկեն իրենց հաւաքականութիւնը: Այդ օրինակներու շարքին է նաեւ թրքահայութիւնը: Որակը գործօնի վերածելու ճանապարհին չափազանց նշանակութիւն ունի սիներժի ստեղծելը: Հետեւաբար, հասարակական լայնախարիսխ քննարկումները, հաւաքական միտք խմորելու դրութիւնները ունին ռազմավարական նշանակութիւն: Հաւաքական միտք ձեւաւորել այս պարագային կը նշանակէ նաեւ հաւաքական կամք ձեւաւորել, ինչ որ տուեալ հաւաքականութեան կենսունակ գոյատեւման գաղտնիքներէն մին է:
Պատմութեան, արդի կարիքներու եւ այժմու իրադրութեան համադրութիւնը կը պարզէ յստակ համայնապատկեր մը։ Ժամանակին, Օսմանեան պետութիւնը ոչ-իսլամ հպատակներուն իրաւունքները սահմանած էր՝ ըստ արտաքին քաղաքական նպատակայարմարութեան։ Այսինքն, իր հպատակներուն իրաւունքներ տուած էր՝ կանխելու համար արտաքին ուժերու հովանաւորութեան յաւակնութիւնները։ Բոլոր պետութիւնները, բոլոր ժամանակներուն ընթացած են նման առաջնահերթութիւններով։
Այս առումով, թրքահայութիւնը ամէն պահ պէտք է պատրաստ ըլլայ, որպէսզի յանկարծ եթէ քաղաքական իրադրութիւնը դառնայ նպաստաւոր, ապա ինքն ալ կարենայ ունենալ պատրաստի բանաձեւումներ։
Այժմ, Թուրքիա-Հայաստան բնականոնացումը լրջօրէն ուրուագծուած է հորիզոնին վրայ։ Թուրքիա վաղուց Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը կը նկատէ յարմար լծակ մը՝ հայաշխարհի վերաբերեալ գործընթացներուն ներազդելու համար։ Անշուշտ, խօսքը բացարձակ ճշմարտութիւններու մասին չէ։ Օրինակ, Թուրքիա եւ Յունաստան վաղուց ունին դիւանագիտական յարաբերութիւններ, սակայն, Յունաց Պատրիարքութիւնն ալ իրաւաբանական անձ չէ երկրին մէջ։ Յամենայնդէպս, հաշուի պէտք է առնուին բոլոր վարկածները։ Հայաշխարհի գործընթացներուն ներազդելու պարագաները այնպիսի ընթացք մը կրնան ունենալ, որ պետութիւնը յարմար կրնայ դատել Պատրիարքական Աթոռի կարգավիճակի խնդրին լուծուիլը։
Պէտք չէ մոռնալ նաեւ, որ 1950-ական թուականներուն, երջանկայիշատակ Խաչատուրեան Պատրիարքի գահակալութեան շրջանին, համայնքէն ներս ընտրութիւն տեղի ունեցած է՝ վերանորոգելու համար կազմը Ազգային կեդրոնական վարչութեան, որ այդ շրջանին սկսած էր կոչուիլ merkez mütevelli heyeti։ Այսինքն, առանց պատրիարք մը ընտրելու անհրաժեշտութեան, օրուան գահակալին նախագահութեամբ ժողով գումարած էր՝ սահմանադրութեան համակարգով նախատեսուած մարմին մը, որ կատարած էր այդ ընտրութիւնը։ Սա Հանրապետական շրջանի միակ օրինակն է։ Թէեւ միակ ըլլալը ցաւալի է, սակայն, այդ բացառութիւնը ապրուած է հանգուցեալ վարչապետ Մենտերեսի պաշտօնավարութեան տարիներուն, իսկ երկրի այժմու ղեկավարութիւնն ալ ինքզինք կը համարէ այդ նոյն քաղաքական գիծի շարունակողը։
Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդին կողմէ շաբաթավերջին «Նարեկեան» սրահին մէջ կազմակերպուած քննարկումը այս իմաստով յատկանշական էր: Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս հաւաքական միտք խմորելու ճանապարհները գրեթէ խցանուած են: Չկան հարթակներ, որոնց վրայ կարելի է առողջ կարծիքի փոխանակումներու մթնոլորտի մը հասնիլ: Սա էական պակաս մըն է, որու սուր դրսեւորումներէն մին է նաեւ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս առկայ բեւեռացումը: Համայնքի զանազան խաւերն ու շերտերը հնարաւորութիւն չունին ընդհանրական միջավայրի մը մէջ տեսակէտ արտայայտելու, իրարու տեսակէտներէ սնուելու, ինչ որ կը տկարացնէ հաւաքական շահու, ճակատագրակից ըլլալու գիտակցութիւնը եւ ակամայ կը հրահրէ բեւեռացումներ:
Համայնքի ներքին չափազանց անհաղորդ վիճակին մէջ դիմագրաւուած ամենալուրջ հարցերէն մին է Պատրիարքական Աթոռի պաշտօնական կարգավիճակէ մը զուրկ ըլլալը: Սա պատճառ կը դառնայ համայնքէն ներս ընդհանուր անկարգապահութեան, ինքնագլուխ գործունէութեան եւ կեդրոնաձիգ համակարգի մը բացակայութիւնը կը պայմանաւորէ մեծ կորուստներ եւ վնասներ: 1863 թուականի Ազգային սահմանադրութիւնը, թէեւ այսօր բաւական վիճելի կացութեան մէջ է, սակայն, կը շարունակէ հիմնական ներշնչման աղբիւրը մնալ՝ համայնքի ընդհանուր կառավարման եւ համապատասխան որոնումներուն: Անկարելի է հաշուի չառնել Ազգային սահմանադրութիւնը՝ համայնքի օրակարգի վարչական որեւէ խնդրի պարագային՝ մանաւանդ, որ նոր վարչական համակարգի մը որոնումները երկար ժամանակէ ի վեր հանրային կարծիքը կը զբաղեցնեն: Պատրիարքական Աթոռի իրաւաբանական անձ դառնալու հրամայականը մէկ կողմէ, այսօր համայնքէն ներս հակակշիռներու համակարգի մը բացակայութիւնը եկած է վերածուիլ լուրջ բարդութեան մը: Սա այնպիսի խնդիր մըն է, որ ուղղակի սպառնալիքներու ծնունդ կու տայ համայնքի գոյատեւման հեռանկարներուն դէմ, որովհետեւ այդ հեռանկարներու պարագային համայնքի հաւաքական նիւթական միջոցներու տնօրինումը այսօր քաոսային վիճակի մը մէջ է, չըսելու համար մնացած՝ ոմանց քմահաճոյքին:
Այս իրադրութեան մէջ շաբաթավերջին կազմակերպուած ասուլիսը բովանդակալից էր եւ շահեկան: Գիտական տուեալներու, պետական-դիւանակալական մտայնութեան եւ երկրի օրէնսդրութեան վերաբերեալ տուեալներու, խորհրդածութիւններու եւ դիտարկումներու խաչմերուկին վրայ, ասուլիսը վերածուեցաւ կարծիքի փոխանակումներու տարափի մը: Այսպիսի հաւաքոյթները, անշուշտ, նեղ մասնագիտական բնոյթ կը կրեն: Նման հաւաքոյթներու յաջողութիւնը չի չափուիր մասնակիցներու քանակով: Այդպիսին էր նաեւ «Նարեկեան» սրահի քննարկում-ասուլիսը, որու մասնակիցներու թիւը թէեւ ակնկալուածէն աւելի բարձր էր: Յամենայնդէպս, այսպիսի խնդիրներու լուծման հեռանկարները զանգուածայնութեան հանգամանքներէ կախում չունին: «Նարեկեան» սրահի հաւաքոյթը եկաւ արձանագրել, ի յայտ բերել, որ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս Պատրիարքական Աթոռի պաշտօնական կարգավիճակի եւ համայնքէն ներս կեդրոնաձիգ, ընդհանրական լիազօրութիւններով, հակակշռման հնարաւորութիւններով ղեկավարման համակարգի մը ձեւաւորումը անհրաժեշտութիւն է: Հաւաքոյթը առիթ տուաւ բիւրեղացնելու համար, որ այս պահանջներուն շուրջ զգայնութիւն գոյութիւն ունի թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս, ինչ որ աշխատանքներու եւ որոնումներու շարունակութեան տեսակէտէ հիմնական մղիչ ուժը կը հանդիսանայ:
Ի լրումն այս բոլորին, չափազանց կարեւոր էր նաեւ Ամենապատիւ Մաշալեան Պատրիարքին կողմէ այս քննարկման բերուած մասնակցութիւնը: Արդարեւ, Նորին Ամենապատուութիւնը միայն չլսեց զեկուցումները եւ հարցում-պատասխանի բաժինը, այլեւ աշխոյժ մասնակցութիւն բերաւ կարծիքի փոխանակումներուն, ինչ որ չսպրդեցաւ ուշադիր աչքերէ:
Թրքահայ համայնքէն ներս, միայն տագնապալի կամ խնդրայարոյց պահերով կը կազմակերպուին հաւաքական քննարկումներ, որոնք յաճախ զոհ կ՚երթան տուեալ պահու աւելի ճղճիմ հաշիւներուն: Այժմ, Պէյօղլուի թաղային խորհուրդի այս նախաձեռնութեան ցոլացուցած մտայնութիւնը իսկապէս գնահատելի է՝ այն առումով, որ հանդարտ, ընթացիկ պայմաններու ներքեւ միտք յոգնեցնելու դուռ կը բանայ համայնքին առջեւ:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ