ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ
Երէկ, Շիշլի մարզակումբէն ներս գումարուեցաւ հերթական ընդհանուր ժողով։ Նկատի ունենալով, որ մարզակումբը կայուն յաջողութեամբ կը շարունակէ իր գործունէութիւնը, համագումարի մթնոլորտէն ալ բնորոշուեցաւ համապատասխան բարձր տրամադրութեամբ։ Ատենապետ Ալէն Թեքպըչաքի կողմէ գլխաւորուած վարչութեան վերջին տարիներու ձեռքբերումները արդէն նոր հարթութեան մը վրայ դրած են ակումբի գործունէութիւնը։
Երէկուան համագումարին դիւանի ատենապետը եղաւ Հայկարամ Քարասու։ Դիւանին մաս կազմեցին նաեւ Տիանա Ալթուն, Սօնա Ճերմակեան եւ Յարութիւն Էրկիւնէշ։
Վարչութեան անդամներէն Արթօ Փեհլիվանեան ներկայացուց անցեալ շրջանի գործունէութեան տեղեկագիրը։ Այս ծիրէն ներս մանրամասն բացատրութիւններ տրուեցան զանազան ճիւղերու մէջ ակումբին կողմէ յառաջ տարուած գործունէութեան շուրջ։ Անցեալ շրջանի գործունէութեան վերաբերեալ բոլոր տեղեկագիրները վաւերացուեցան։ Յառաջիկայ շրջանի պիւտճէի նախագիծն ալ ժողովականներու նկատառման յանձնուեցաւ։ Համագումարի մասնակիցները քուէարկութեամբ ընտրեցին նոր վարչութիւնը, որու գլուխը մնալ կը շարունակէ Ալէն Թեքպըչաք։
Եզրափակիչ փուլին Ալէն Թեքպըչաք հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն եւ գործակից ընկերներուն վերաբերեալ ցուցաբերուած վստահութեան համար։
Հուսկ, բոլորը ջերմօրէն շրջապատեցին Ալէն Թեքպըչաքն ու գործակից ընկերները՝ բարձր գնահատելով ակումբի վերելքի ճանապարհին անոնց հետեւողականութիւնն ու յամառ ջանքերը։ Համագումարի մասնակիցները համակրանք ու զօրակցութիւն յայտնեցին Ալէն Թեքպըչաքին եւ գործակիցներուն նկատմամբ։ Արձակման փուլի զրոյցներու ընթացքին Ալէն Թեքպըչաք բացատրեց, որ համայնքային վարժարանները այս շրջանին նոր մարզասրահներ կ՚ունենան եւ սա կարեւոր գործօն մըն է մարզակումբներուն տեսակէտէ։ Ան կրկնեց, որ վարչութիւնը կը պահէ իր կամքը՝ Շիշլի մարզակումբին համար նոր մարզահամալիր մը ապահովելու ուղղութեամբ։
Շիշլի մարզակումբի նորընտիր վարչութեան մաս կը կազմեն հետեւեալները.
Ալէն Թեքպըչաք, Արթօ Փեհլիվանեան, Տիանա Ալթուն, Զարեհ Քարաքաշ, Արեգ Տոլար, Սարվէն Չաքմաք, Արէտ Մկրտիչօղլու։
Պահեստիներն են՝ Ճուլիա Էրպէք, Սեւան Շահինկէօզ, Սելին Կէզէրօղլու, Խաչիկ Ինկիլիզօղլու եւ Արթուն Թեքիրօղլու։
Վարչութեան աջակցութեան խումբ մըն ալ ստեղծուած է՝ գլխաւորութեամբ Սօնա Ճերմակեանի եւ Սեւան Քըլըչեանի։