ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ-ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻ ԸՆԴԱՌԱՋ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբի վարիչները՝ գլխաւորութեամբ Տ. Գասպար աբեղայ Կարապետեանի։ Հիւրերը փութացած էին դպրաց դասու տարեդարձին ընդառաջ օրհնութիւն ստանալու։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը գնահատանքով արտայայտուեցաւ երգչախումբի գործունէութեան շուրջ, մաղթեց յարատեւութիւն եւ փոխանցեց օրհնութիւնները։

Երեքշաբթի, Մայիս 19, 2026