Արխիւ
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Այսօր տաղանդաւոր հայ ծովանկարիչ, Տրապիզոն ծնած արուեստագէտ Վարդան Մախոխեանի ծննդեան օրն է: Այս արուեստագէտին մասին ժամանակին ըսած են հետեւեալը՝ «Յայտնի ու անյայտ հանճարը»:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Առաւելաբար 20-րդ դարուն ծաղկում ապրեցաւ լրատուութիւնը կամ մետիան, իսկ արդէն 21-րդ դարուն ան հիմնական ու անբաժան մասը դարձաւ թէ՛ անհատական եւ թէ հաւաքական-պետական կեանքին:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Կը շարունակենք Սուրբ Պատարագի մասնակցութեան մասին մեր կատարած խորհրդածութիւնը:
Սարկաւագը կը քարոզէ. «Դարձեալ հաւատքով, սրբութեամբ եւ ահով Աստուծոյ Սուրբ Սեղանին առջեւ աղօթքի կանգնինք, առանց (ծանր) խղճմտանքի եւ գայթակղութեան, առանց նենգութեան եւ խորամանկութեան, առանց պատրանքներու եւ խաբեբայութեան, առանց երկմտութեան եւ թերահաւատութեան:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Յաճախ երբ հին թերթերը կը կարդամ, կ՚ունենամ այն մտածումը, որ մենք ազգովի ապերախտ ենք մեր անցեալի արժէքներուն եւ արժանիքներուն նկատմամբ: Այսօր օտար պետութիւններ կը հպարտանան իրենց անցեալով եւ իրենք զիրենք «զարգացած» կը նկատեն, մինչ մենք՝ Հայ ժողովուրդս իրենցմէ շա՜տ շատ առաջ հասած եւ ունեցած ենք այդ «զարգացած» ըլլալու շնորհքը, սակայն մատնած ենք անտարբերութեան:
Հայաստանի «FlyOne Armenia» օդային ընկերութիւնը, որ Իսթանպուլի եւ Երեւանի միջեւ ուղիղ թռիչքներ կ՚իրականացնէ, ստացած է այլ ուղղութիւններով չուերթներու համար ալ Թուրքիոյ օդային մարզը օգտագործելու թոյլտուութիւնը։
Հայաստանի բռնցքամարտի հաւաքականի անդամներէն Յովհաննէս Պաչքով արդէն երրորդ անգամ դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան։ Ինչպէս ծանօթ է, Եւրոպայի բռնցքամարտի առաջնութիւնը այս օրերուն կ՚ընթանայ Երեւանի մէջ։
Հայաստանի ընդդիմութեան «Դիմադրութիւն»ը կը շարունակուի յամառ անհնազանդութիւններով:
Ոստիկանութեան եւ ցուցարարներու միջեւ սաստիկ բախումներ ծագեցան՝ կառավարական շէնքերու մօտակայքին:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճան տակաւին կը շարունակէ այլատեաց հռետորաբանութիւնը հայերու դէմ, կը խախտէ հրադադարը եւ կը հրաժարի ռազմագերիները վերադարձնելէ։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Թիֆլիզ, ուր երէկ հիւրընկալուեցաւ Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլիի կողմէ։ Նախագահներու հանդիպման ընթացքին օրակարգի վրայ եկան Երեւան-Թիֆլիզ յարաբերութիւնները։
Վեհափառ Հայրապետը հիւրերուն հետ արժեւորեց յետպատերազմեան շրջանի մարտահրաւէրները:
Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին կողմէ «Արդարութեան ու խաղաղութեան ուխտագնացութիւն»՝ դէպի Հայաստան:
Անգարա-Մոսկուա առանցքին վրայ Սուրիոյ տագնապը դարձեալ առաջնահերթ կը դառնայ այս շրջանին:
Էրտողան հեռախօսազրոյցի ընթացքին Փութինին յիշեցուց՝ 30 քմ. խորութեամբ անվտանգ գօտիի ստեղծման անհրաժեշտութիւնը:
Էսաեան վարժարանի սաները վերջերս շարք մը ծրագիրներու մասնակցեցան եւ իրականացուցին պտոյտներ։ Նախակրթարանի եւ միջնակարգի տղաքը մասնակցութիւն բերին «Թեքնոլոժի, ուսողութիւն, մտապատկերացում, անջրպետ եւ բնութիւն» անուանեալ աշխատանոցներու շարքին։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ առաջին դասարանի փոքրիկներու ընթերցման տօնը։ Հանդէսի առաջին բաժինը կեանքի կոչուեցաւ յարակից Արամեան սանուց միութեան սրահին մէջ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութան ատենադպիր Մկրտիչ Սերթշիմշէքը։ Ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։
Այսու կու գանք մեր սիրեցեալ ընթերցողներուն տեղեկացնել, որ այսօրուընէ սկսեալ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գինը ակամայ կը բարձրանայ 2 լիրայի։ Ինչպէս ծանօթ է, թերթիս վարչութիւնը միշտ հետամուտ եղած է ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գինը կայուն եւ անփոփոխ պահելու։
Շիշլի մարզակումբին կողմէ կազմակերպուած ձմրան շրջանի դասընթացները արդէն եզրափակուեցան խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Երէկ այս առթիւ կազմակերպուած հանդիսութեան մասնակցեցան ակումբի վարչայիններ, պատանի մարզիկներ, մարզիչներ եւ ծնողներ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Տ. Մկրտիչ Ս. Արք. Աղաւնունի «Հայկական հին վանքեր եւ եկեղեցիներ Սուրբ երկրին մէջ» աշխատութեան մէջ կը լուսաբանէ քրիստոնեաներուն անապատական կեանքին վիճակը եւ թէ ի՛նչ պատճառներէ մղուած նոյն բարեպաշտ քրիստոնեաները ձգեցին անապատական կեանքը ու հիմնեցին մեծամեծ վանքեր, որոնք վերածուեցան հոգեւոր կեանքի եւ կրօնական ուսման եւ աղօթքի սրբավայրերու:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Եւրոպայի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ երեխաներուն հարցուցած են, թէ ի՞նչ կը մտածեն Աստուծոյ մասին։ Որպէս իրենց կրօնական կրթութեան մաս՝ կարգ մը ուսումնասիրողներ անոնցմէ պահանջած են, որ նամակ գրեն Աստուծոյ եւ բացատրեն իրենց զգացումներն ու փափաքները։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Վաղը՝ երեքշաբթի, կարեւոր օր պիտի ըլլայ Լիբանանի համար։ Խօսքը նորընտիր խորհրդարանի անդրանիկ նիստին մասին է, որուն գումարման ընթացքին թիւով 148 երեսփոխանները պարտաւոր են ընտրել խորհրդարանի նոր նախագահը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Վերջերս շրջապատիս մէջ սկսած եմ նկատել, որ ամէն բան սկսած է միջին չունենալ եւ վերածուիլ երկու ծայրայեղութիւններու՝ ամբողջութեամբ իրարու հակառակ եւ իրարմէ տարբեր: Մեր մէջէն այսօր վերցուած է միջինը եւ գաղափարներն ու համոզումները վերածուած են երկու բեւեռներու՝ ի հեճուկս մէկս մէկու: