Արխիւ

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 3, 2021

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքը այսօր կ՚ոգեկոչէ հոգելոյս Արայ Գօչունեանը՝ մահուան 25-րդ տարելիցին առթիւ։

Եթէ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը կը համարուի հայ մամլոյ նահապետ, ապա անոր պատմական ճանապարհորդութեան ամբողջին մէջ անուրանալի է լուսահոգի Արայ Գօչունեանի առանցքային դերակատարութիւնը, վիթխարի վաստակը եւ անփոխարինելի ներդրումը։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 3, 2021

Ֆէրիգիւղի ընտանիքը երէկ քէրմէս մը կազմակերպած էր ի նպաստ թաղի Մէրամէթճեան վարժարանին։ «Շիրինօղլու» սրահին մէջ իրականացուած այս նախաձեռնութիւնը համախմբեց թաղեցիներ եւ համակիրներ, որոնք Ամանորի ընդառաջ իրենց տրամադրութեան տակ դրուած՝ տօնական շրջանի բնորոշ իրեղէններուն նկատմամբ ցուցաբերեցին մօտիկ հետաքրքրութիւն։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 2, 2021

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի անդունդի եզրին հասած ըլլալու վերաբերեալ հնչեցուցած ահազանգը արձագանգ գտաւ նաեւ Մոնրէալի «Հորիզոն» շաբաթաթերթին մէջ։ Գանատահայ համայնքի այս կարեւոր լրատուամիջոցի վերջին համարի խմբագրականը կը կրէ այս առումով զօրակցութեան բնոյթ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 2, 2021

Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ Զուիցերիոյ թեմէն ներս այս շրջանին կը նկատուի աշխուժութիւն։ Այսպէս, շաբաթավերջին Նէօշաթելի եւ շրջանի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի 7 անդամներուն ընտրութիւնը տեղի ունեցաւ, ինչ որ մանաւանդ՝ համավարակով պայմանաւորուած ընդհանուր լռութեան շրջանէ մը վերջ ծիսական գործունէութեան վերաշխուժացման կարեւոր նախադրեալ մըն է։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 2, 2021

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութենէն ներս հայութեան հրատապ հարցերը միշտ օրակարգի վրայ:
Միաբաններու միջեւ խորհրդակցութիւն, ինչպէս նաեւ Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներու լիագումար նիստեր:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 2, 2021

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս վերջերս տեղի ունեցաւ հոգեւորականաց մասնաւոր հաւաք մը։ Պըրպենքի առաջնորդարանի համալիրէն ներս կազմակերպուած հաւաքոյթին մասնակցութիւն բերին թէ՛ Լոս Անճելըսի շրջանի եկեղեցականները եւ թէ թեմի յարաբերաբար աւելի հեռաւոր շրջաններու եկեղեցականները։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 2, 2021

Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանէն ներս այս օրերուն՝ Ս. Անդրէասի յիշատակութեան տօնի շրջանին, արտասովոր մթնոլորտ կը տիրէ։ Ամէն տարի այս առաքեալի տօնին զուգահեռ կը նշուի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Տիեզերական Պատրիարքութեան հաստատման տարեդարձը։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 2, 2021

Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ յարակից «Կոլոտ» սրահին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Կեդրոնական վարժարանի ի նպաստ տարեկան աւանդական քէրմէսը, որ կազմակերպուած էր ծնողաց միութեան կողմէ։ Այս տարի եւս առցանց կազմակերպուած քէրմէսը պսակուեցաւ յաջողութեամբ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 2, 2021

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Այլեւս մեզի յայտնի է, թէ հայ մայրը ինչի ունակ է յանուն իր զաւկի բարօրութեան, երջանկութեան: Անխօս, հայ մայրերը ունակ են նուիրուելու մինչեւ վերջ, մինչեւ վերջին կաթիլը:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 2, 2021

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Նախանձիլ կարելի է այն քաղաքներուն, որոնք հոսող գետ ունին իրենց մէջ: Աշխարհի բազմաթիւ մայրաքաղաքներ, նոյնիսկ պզտիկ քաղաքներ, ունին այդ գեղեցկութիւնը, գետին կչկչացող, առողջ ձայնն ու անոր ջրառատ տեսարանը ուրիշ հմայք կը հաղորդեն քաղաքին:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 2, 2021

ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1901)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մեր խելքը, բանականութիւնը, մեր ուժը, մեր զգացողութիւնները ուղեղին մէջն են։
Լուրջ (չխմած) մարդը լաւապէս կը հասկնայ իր լսածն ու տեսածը, կը զանազանէ լաւն ու բարին, կը կարենայ գնահատել իր ըրածներն ու ուրիշներուն ըրածները. ան իր կամքին տէրն է, զգոյշ է թէ՛ իր խօսքերուն եւ թէ՛ շարժումներուն մէջ եւ, երբ պէտք է, կը կարենայ ինքզինք զսպել։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 2, 2021

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Այսօր, երբ ամէն տեղ կը բարձրաձայնուի հայերէն լեզուի կարեւորութեան ու ահազանգող նահանջին մասին, երբ հասակ առնող հայ երիտասարդներ անփոյթ քայլերով կը հեռանան մայրենիէն եւ անհաղորդ կը դառնան հայ կեանքին, մշակոյթին ու բարքերուն, երբ սփիւռքի մէջ եկեղեցական, կազմակերպչական ու ընկերային կեանքը կը հայաթափուի եւ ուծացման ուղին կը բռնեն, պատմութիւնը կու գայ գիտակցութեան հրաւիրելու իւրաքանչիւրս իրաւազրկուած մայրենիին հանդէպ:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 2, 2021

«Փոքրիկ» մանկապատանեկան կայքէջը ներկայիս ձեռնարկած է «հեքիաթահաւաք»ի մը։ Այս նոր ծրագրի կազմակերպումով «Փոքրիկ»ը կը ձգտի քաջալերել հեղինակները, խրախուսել նոր գրողները ու նպաստել հայ մանկական գրականութեան՝ արդի եւ ուրոյն ստեղծագործութիւններով։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 2, 2021

Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան, Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք եւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւ երէկ հանդիպում մը ունեցան Մոսկուայի մէջ։ Արցախի երկրորդ պատերազմին յաջորդած մթնոլորտին մէջ, Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ՝ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հեռանկարով ստեղծուած աշխատանքային խումբի հերթական ժողովն էր այս մէկը։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 2, 2021

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ տեսակցեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ։ Հայաստանեան լրատուամիջոցներու մօտ ալ արձագանգ գտած է այս իրադարձութիւնը, որու ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ Հարաւային Կովկասի իրավիճակին։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 2, 2021

Ամենայն հաւանականութեամբ Արարատ Միրզոյեան եւ Ճէյհուն Պայրամով այսօր տեսակցին Սթոքհոլմի մէջ:
Մոսկուա կ՚ողջունէ ԵԱՀԿ-ի դերակատարութիւնը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղութեամբ:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2021

«Պատերազմի աւարտէն ի վեր տարի մը անցած է։ Այս ընթացքին Հայաստան անընդհատ կորսնցուցած է, Ռուսաստանն ալ կը կորսնցնէ, Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը կը շահին»:
Արամ Սարգսեան. «Անգարայի ազդեցութիւնը օրէ օր կը մեծնայ տարածաշրջանին մէջ, Պաքուն ալ աշխարհով մէկ գործունէութիւն կը ծաւալէ՝ ամենավատ ձեւով ներկայացնելով հայերը»:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2021

Հայաստանի Ազգային արխիւն ու Պէյրութի Հայկազեան համալսարանը կը նախատեսեն բազմաբովանդակ համագործակցութեան սկսիլ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երէկ Երեւանի մէջ հանդիպում մը ունեցան արխիւի տնօրէն Գրիգոր Արշակեան եւ համալսարանի նախագահ վերապատուելի տքթ. Փոլ Հայտոսթեան, որոնք անդրադարձան համապատասխան նիւթերու։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2021

Գոհունակութեամբ կը տեղեկանանք, որ մեր համակրելի մեներգչուհիներէն Սիպիլ տարեվերջին համերգով մը հանդէս պիտի գայ Պէյրութի մէջ։ Ան այս ուղեւորութեան պիտի ձեռնարկէ՝ Համազգայինի Լիբանանի մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2021

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի դիմագրաւած տագնապին արձագանգները կը շարունակուին զանազան հարթութիւններու վրայ։ Երեւանակեդրոն «Արեւելք» կայքէջն ալ վերջերս արձագանգեց թերթիս դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն։ Այս կայքէջին գլուխը կը գտնուի մեր ընթերցողներուն թէ՛ շատ ծանօթ եւ թէ շատ սիրելի անուն մը՝ Սագօ Արեան։

Էջեր