Արխիւ
Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան անցեալ կիրակի Միլանոյի Ս. Քառասուն Մանուկ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Վարագայ Ս. Խաչի տօնակատարութիւններուն։ Օրուան պատարագիչն էր Տ. Տիրայր Վրդ. Յակոբեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Ներսէս Աբեղայ Յարութիւնեան։
Պատրիարքական Աթոռի երիտասարդ միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ ուսումը կատարելագործելու համար մեկնած է Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի Ս. Ներսէս ընծայարանը, անցեալ կիրակի, Վարագայ Ս. Խաչի տօնին առթիւ, պատարագեց եւ քարոզեց Պէյսայտի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ։
Շիշլի մարզակումբի ձմրան դասընթացքները արդէն սկսած են՝ արժանանալով անմիջական ուշադրութեան։ Այս եղանակին դասընթացքներ նախատեսուած են վոլէյպոլի, պասքեթպոլի, փինկ-փոնկի, թենիսի, մարմնամարզի եւ ճատրակի մարզաձեւերուն մէջ։
Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ յուզումնախառն հրաժեշտին ներկայ էր նաեւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը:
Նորոգ հանգուցեալ Ռաֆֆի Պօզաճեան յաւերժութեան ճանապարհը բռնեց՝ հոծ թիւով յուղարկաւորներու աղօթակցութեամբ:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Անգարայի մօտ Եւրոմիութեան առաքելութեան ղեկավար դեսպան Նիքոլաուս Մէյէր-Լանտրութը եւ իր կողակիցը։ Դեսպան Լանտրութին ընկերացան ԵՄ-ի առաքելութեան քաղաքական խորհրդականը՝ Սթեֆանօ Ֆանթարոնի եւ քաղաքական գործերու բաժանմունքի խորհրդականներէն Սեմա Քըլըչէր։
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Պետութիւններու անկախութիւնը պատմական կամային կամ պատահական իրադարձութիւններու արդիւնքը ըլլալու կողքին, առաւելաբար երկար ու բարդ իրագործուող գործընթացներու ալ հետեւանք է:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Գերեզմաննոցը կը նմանի խորհրդաւոր գիրքի մը՝ որուն էջերուն մեծ մասը պատռուած նետուած է, բացի այն էջերը՝ որոնք գրուած են գրիչով մը՝ որ թաթխուած է Աստուծոյ սիրոյն մէջ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հաւանաբար նման յօդուածի մը «Մեղա՜յ»ով պէտք է սկսիլ, որովհետեւ ներկայ յօդուածագրութեան ասպարէզին մէջ անթոյլատրելի է եւ գուցէ դատապարտելի նման նիւթի մը մասին գրել. կրնայ այս մէկը նկատուիլ օրէնքի դէմ զանցառութիւն, ինչի պատճառով կը նախընտրենք քօղարկել վէրքերը՝ ելք ու հնարք գտնելու փոխարէն:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց «Նագգաշեան» մանուկներու տան երեխաներու աջակցութեան կեդրոնի բարերարները, մանկավարժները, սաներն ու խումբ մը շրջանաւարտները։
Կը տեղեկանանք, որ Գանտիլլիի Սուրբ Երկոտասան Առաքելոց եկեղեցին ներկայիս ենթարկուած է վերանորոգութեան։ Վոսփորի Ասիական ափի մեր այս գողտրիկ սրբավայրը երկար ժամանակէ ի վեր խնամքի ու ֆիզիքական ամրացման կարիք ունէր, սակայն նախկին շրջաններուն այդ նախագիծը միշտ յետաձգուած էր։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին վերջերս վերստին խնամքի ենթարկուած է։ Թաղային խորհուրդի աղբիւրները հաղորդեցին, որ եկեղեցւոյ բուն շէնքին համար չեն եղած այս վերջին աշխատանքները, այլ ամրացուած ու վերանորոգուած են արտաքին պարիսպներն ու դարպասը, ինչպէս նաեւ յարակից շէնքերը։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր երաժշտական աշխարհի այնքան համակրելի եւ արժէքաւոր դէմքերէն Արթիւր Պաղտասարեան կոչուած է նոր ու պատուաբեր պաշտօնի մը։ Այսպէս, ան նշանակուած է Իսթանպուլի Ֆիլհարմոնիի միութեան գեղարուեստական ղեկավար։
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի շրջանաւարտից աւանդական հաւաքին ծաւալուն արժեւորում եւ քննարկումներ:
Փրոֆ. Թորոս Ալճան, Վարուժան Պուլկան եւ Արմէն Սարուխանեան բացատրութիւններ տուին դպրոցի ընդհանուր կացութեան շուրջ: Խնամակալութիւնը ընտրութիւններուն համար ալ իրաւական գետնի վրայ նախաձեռնութիւնները պիտի շարունակէ:
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայր Սամաթիոյ մէջ յայտնեց, որ իւրաքանչիւրը նախ պէտք է իր տան առջեւը աւլէ:
«Մեր հաստատութիւններու հարստութիւնները պէտք է տնօրինենք ո՛չ թէ դրամատան, այլ եկեղեցական մտայնութեամբ»:
Նիւ Եորքի մէջ վերջերս ոգեկոչուեցաւ ամերիկահայ բարեյիշատակ ազգային գործիչ տքթ. Ռաֆֆի Յովհաննէսեան։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդանիստ Ս. Վարդան Մայր տաճարին մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ ի յիշատակ տքթ. Ռաֆֆի Յովհաննէսեանի՝ մահուան երկրորդ տարելիցին առթիւ։
Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան այսօր շփումներ կ՚ունենայ Ուաշինկթընի մէջ։ Վերջին օրերուն ան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ մեկնած էր՝ մաս կազմելով Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած պատուիրակութեան, որ մասնակցեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր՝ 77-րդ նստաշրջանի բացման փուլին։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի լարուածութիւնը կը շարունակէ առաջնահերթօրէն զբաղեցնել թէ՛ միջազգային եւ թէ տարածաշրջանային օրակարգը։ Շահագրգիռ բոլոր դերակատարները կը շարունակեն խտացեալ շփման մէջ մնալ։
Համակրելի մեներգչուհի Սիպիլի հետ վերջերս շահեկան հարցազրոյց մը լոյս տեսաւ Երեւանի «Հրապարակ» օրաթերթին մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, Սիպիլ վերջերս այցելած էր Հայաստան եւ հերթական անգամ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ուշադրութեան առարկայ դարձաւ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Այն ինչ, որ տեղի ունեցաւ օրեր առաջ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կամարներուն ներքեւ, տակաւին յստակ չէ։ Հանդիպում, որուն հաւանաբար կը սպասէր իւրաքանչիւր հայ մարդ, որ այսօր ալ սրտցաւօրէն կը հետեւի Հայաստան-Ատրպէյճան ընդհանուր լարուածութեան։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ծանօթ է, որ արեւմտահայ նշանաւոր բանաստեղծ Սիամանթոն (Ատոմ Եարճանեան) մտերմիկ յարաբերութիւններ ունեցած է հայ ուսանողուհի Սաթենիկ Ջաղէթեանին հետ, երբ 1904 թուականին բանաստեղծը մեկնած է բուժուելու Լէյզէնի առողջարաններէն մէկուն մէջ: