Արխիւ
Հայաստանի պետական լրատուական գործակալութեան՝ «Արմէնփրէս»ի տնօրէն նշանակուեցաւ Նարինէ Նազարեան։ Հարկ է նշել, որ գործակալութիւնը ունի փակ բաժնետիրական ընկերութեան կարգավիճակ։ Տնօրէնի թափուր պաշտօնին համար կատարուած է մրցոյթ, որ տեղի ունեցած է 15 մարտին։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, քննարկուեցան Երեւան-Մոսկուա համագործակցութեան, բարձր մակարդակի վրայ փոխադարձ այցելութիւններու եւ Հայաստան-Ռուսաստան դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեայ յոբելեանին վերաբերեալ հարցեր։
Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմը օրակարգի վրայ կու գայ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովէն ներս եւ ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովին ժամանակ:
Զելենսքի չի բացառեր Տոնպասի եւ Խրիմի ճանաչումը քննարկել Փութինի հետ հանդիպման ատեն, սակայն անհրաժեշտ կը համարէ իր երկրէն ներս հանրաքուէի մը կազմակերպումը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Շաբաթավերջին առիթը ունեցայ երթալու Կիւմրի՝ Լենինական, շաբաթավերջը այդտեղ անցընելու նպատակով: Պատահեցաւ որ նոյն օրը երկու տարբեր վարորդներու հետ ճանապարհորդելու առիթը ունեցայ, ինչ որ պատճառ դարձաւ մտածելու հետեւեալ նիւթին մասին:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Ներկայ մեր ժամանակներուն մէջ կրնանք տարբեր պրիսմակներով նայիլ ու հետեւցնել, թէ ինչպիսի՞ իրավիճակի մէջ է ազգայնամոլութիւնը տարբեր երկիրներու մէջ: Հասկնալու համար ազգայնականութեան արմատները՝ կարճ ակնարկով մը կրնանք յիշել ազգ-պետութիւններու կազմութիւնը:
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
«Եւ Իրեն հետ՝ երկու հոգի եւս երկու կողմերէն [մէկը այս կողմէն, մէկը միւս կողմէն] իսկ Յիսուս անոնց մէջտեղ» (Յհ 19.18):
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
1950-ականներու վերջերը Հայաստանի «Եղիշէ Չարենց» գրականութեան եւ արուեստի թանգարանը Մաշտոցեան Մատենադարանին յանձնած է արեւմտահայ բանասէր, բանաստեղծ, խմբագիր եւ հասարակական գործիչ Թորոս Ազատեանի արխիւին մէջ գտնուող ձեռագրերը, որոնք փրկուած եզակի նմոյշներ են՝ դեգերումներու ուղի անցած եւ այսօր մայր հայրենիքի ձեռագրագիտական գլխաւոր կառոյցին մէջ ապահովապէս հանգրուանած:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեծ պահքի 23-րդ օրն է:
Իւրաքանչիւր մարդ անպայմանօրէն իր կեանքի ընթացքին կարիք կը զգայ բժիշկի մօտ երթալու, ապահովելու համար իր առողջութիւնը, մանաւանդ ներկայ դարուս, երբ այնքան ապականած է մթնոլորտը, նոյնինքն մարդ արարածին կողմէ:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց՝ համայնքէն ներս ընկերային զօրակցութեան ամրապնդման հետամուտ «Բարեկամ» խումբի անդամները, որոնք իրենց գործունէութեան եւ ծրագրերուն շուրջ բացատրութիւններ ներկայացուցին։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Աշխարհի մէջ այնքա՜ն արտառոց բաներ պատահած են ու կը շարունակին պատահիլ, որ շատ անգամ բուռն փափաքը կ՚ունենամ, որ գայ աշխարհի վախճանը՝ վերջ դնելու համար անմարդկային բոլոր արտառոցութիւններուն:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Քիսինճըրի կողմէ արտայայտուած հաւասարակշռուած տեսակէտները կը վերարժեւորուին առկայ փուլին:
Ամերիկացի փորձառու դիւանագէտի կանխատեսումները կ՚արդարանան Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի մթնոլորին մէջ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
717 թուականին Կոստանդնուպոլսոյ մէջ յունարէնէ յունաբան հայերէնի կը թարգմանուի Դ. դարու բժիշկ եւ իմաստասէր, քրիստոնէական փիլիսոփայութեան ներկայացուցիչ Նեմեսիոս Եմեսացիի «Յաղագս բնութեան մարդոյ» («Մարդու բնութեան մասին») երկը:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ժողովրդական իմաստութիւնը կ՚ըսէ, թէ դրամը երջանկութիւն չի բերեր, սակայն գիտութիւնը փաստած է, որ ամէն ինչ այդքան ալ պարզ չէ։
Դրամի եւ երջանկութեան մասին հետազօտութիւններն ու ուսումնասիրութիւնները բազմաթիւ են։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեծ պահքի 22-րդ օրն է:
Պահեցողութիւնը այն ճանապարհորդութիւնն է, ուր մարդուն ճամբորդական պայուսակները պէտք է լեցուած ըլլան բազմազան առաքինութիւններով:
Շիի աշխարհը շաբաթավերջին նշեց Նեւրուզի տօնը։ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ եւ Առաջին տիկին Միհրիպան Ալիեւա Նեւրուզի տօնակատարութիւններուն մասնակցեցան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, ուր մեծ խարոյկ մը վառեցին։
Ռուսաստան-Ուքրայնա ռազմական գործողութիւններու առկայ մտահոգիչ իրավիճակին մէջ կը շարունակուին Թուրքիոյ միջնորդական ջանքերը։ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու շաբաթավերջին յայտարարեց, որ Անգարա ճիգ կը գործադրէ անաչառ միջնորդ մը ըլլալու համար եւ կողմերը մօտ են համաձայնութեան։
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես զգուշացումով մը հանդէս եկաւ Ռուսաստան-Ուքրայնա առկայ պատերազմի մթնոլորտին մէջ։ Շաբաթավերջին ան յայտնեց, որ պատերազմը կրնայ պատճառ դառնալ համաշխարհային պարէնային համակարգի փլուզման։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Փոքրամասնութիւններու վաքըֆներու ընտրութեան առկախեալ խնդրին շուրջ իւրաքանչիւր իրադարձութիւն դարձած է դէպքի մը համազօր։ Արդէն ինն տարիէ ի վեր կը սպասուի նոր կանոնադրութեան մը հրապարակման։
Պետական իշխանութիւնները նոր կանոնադրութեան մշակման գործընթացը յառաջ կը տանին՝ կատարելագործեալ համակարգի մը հաստատման սպասումներու մթնոլորտով:
Երկրորդ խորհրդակցութիւնը…
Ոչ-իսլամ փոխրամասնութեանց համայնքային վաքըֆներու առկախեալ ընտրութեանց հարցի լուծման ուղղութեամբ պատրաստութիւնները կ՚ընթանան պատկան մարմիններէ ներս աշխատանքով՝ պարբերական շփումներով հանդերձ: Ներքին գործոց փոխ-նախարար Մուհթերէմ Ինճէի գլխաւորութեամբ, բարձրաստիճան պաշտօնատարներ շաբաթավերջին այցելեց Պատրիարքարան եւ Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց:
Երէկ, բովանդակ Թուրքիոյ մէջ նշուեցաւ Տարտանելի յաղթանակի 107-րդ տարեդարձը, ինչ որ բնորոշուեցաւ պատմական արարողութիւնով մը։ Այսպէս, հանդիսաւորապէս կատարուեցաւ Տարտանելի նեղուցի կամուրջի բացումը՝ մասնակցութեամբ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի։