Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աստուած, անհունօրէն Կատարեալ եւ Երանելի ինքն իր մէջ, զուտ բարութեան ծրագրով մը ազատօրէն ստեղծեց մարդը, որպէսզի զայն մասնակից ընէ Իր երանաւէտ կեանքին։ Այս իսկ պատճառով, Ան ամէն ժամանակ եւ ամէն տեղ Ինքզինք մերձաւոր կ՚ընէ մարդուն։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Յաճախ կը բողոքենք, որ ժամանակին հետ փոխուած է նաեւ մարդոց մտածելակերպը: Յաճախ անցեալը աւելի աղուոր կը նկատենք, որովհետեւ այդտեղ կը տեսնենք շա՜տ մը մեռած արժէքներու պահպանումը, այսու ամենայնիւ անցեալը եւս իր մէջ կ՚ընդգրկէ շատ մը սխալներ, որոնք որպէս մարդկային ամօթ յաիւտեանս պիտի մնան ու յիշուին պատմութեան էջերուն մէջ:
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Օգոստոսի 14-ին «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին պայթումը ցնցեց հայկական աշխարհը։ Ցաւակցական հեռագրեր եկան բազմաթիւ երկիրներէ։
Երեւանի «Սուրմալու» մեծածախ առեւտուրի կեդրոնէն ներս պատահած պայթումին զուգահեռ սկսած հետաքննութիւնը կը շարունակուի։ Երեւանի դատախազութեան աղբիւրները երէկ հաղորդած էին, որ 4 հոգի ձերբակալուած է այս շրջանակին մէջ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի նոր համանախագահ նշանակուիլը եւ Պաքուի կողմէ արտայայտուած բուռն բողոքը կը շարունակեն զբաղեցնել օրակարգը։
Հայաստան երէկ պաշտօնապէս Ատրպէյճանին յանձնեց Բերձոր (Լաչին) քաղաքն ու շրջակայքը՝ Արցախի Քաշաթաղի հատուածը։ Այս կապակցութեամբ Թուրքիա երէկ արտայայտեց իր պաշտօնական տեսակէտը։

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարուժան Մաղաքեանն ու անդամներէն Արէտ Չիչէքէքէրը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ, ընդունեց Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Այվազեանն ու գործակից ընկերները։
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի խնամակալութիւնը երէկ պաշտօնական դիմում մը կատարեց ընտրութեան ձեռնարկելու համար։ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան հասցէագրուած համապատասխան աղերսագիրը յանձնուած է նոյն տնօրէնութեան Իսթանպուլի Բ. շրջանի մասնաճիւղին։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան հիւրընկալեց Հայաստանէն ուխտաւորներու խումբ մը՝ առաջնորդութեամբ Հարիճավանքէն Տ. Եղիշէ Քահանայի։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Գաղտնիք չէ, որ աշխարհատարած Ռամկավար ազատական կուսակցութիւնը (ՌԱԿ) այսօր կը ներկայացնէ մասնատուած վիճակ մը։ Անոր թեւերէն մին՝ գլխաւորութեամբ Մայք Խառապեանի, կը շարունակէ «հաւատարիմ» մնալ Հայաստանը պատուհասած իշխանութիւններուն եւ ինչ-ինչ հաշիւներով տարուած նեցուկ եւ համամտութիւն ցոյց կու տայ Նիկոլ Փաշինեանին։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղուան Սուրբգրոց ընթերցումները առնուած են Եսայի մարգարէութենէն 9.8-19. Պօղոս առաքեալին կորնթացիներուն ուղղած երկրորդ նամակէն 1.1-11 եւ Մարկոսի Աւետարանէն 4.35-40:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նախապէս անդրադարձած էինք Աբգար թագաւորի նամակին մասին, ուղղուած Յիսուսի, որ կը հրաւիրէր զԱյն բժշկուելու համար իր ծանր հիւանդութենէն։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Պատմութեան մէջ կար ժամանակ՝ երբ ամէ՛ն մարդ իր գործով կը զբաղէր: Մտաւորականը իր խոհերը կը գրէր, կօշկակարը կօշիկ կը նորոգէր, բժիշկը իր գիտելիքը ի գործ կը դնէր, սակայն ժամանակ մը ետք փոխուեցաւ ամէն բան եւ կօշկակարը՝ բժիշկ, բանուորը՝ դատաւոր եւ անուսը մտաւորական դարձաւ եւ այդպէս ալ մնաց:
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Կրակս,
Հինգ կեղծ շուշաններ՝ ծաղկամանին մէջ եւ
Մեզի ժառանգուած սուգը:
Ամպերուն մէջ՝ ջուր,
Արտը՝ ծարաւ,
Իսկ երկինքը կը պատմէ
Եւ հինգ շուշանները՝ ծաղկամանին մէջ:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Հասարակութեան մը ժողովրդավարացման ամենակարեւոր տարրերէն մին է անհատներու իրենց հիմնարար իրաւունքներէն ազատօրէն օգտուիլը։ Ժողովրդավարական պետութեան մը պարտականութիւնն է հասարակութեան հիմնարար ազատութիւններն ու իրաւունքները պաշտպանելն ու զարգացնելը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Բարոյական կեանքի բոլոր խնդիրներուն՝ ապահով առաջնորդն է խիղճը։ Խիղճը այն երկնային ձայնն է, որուն հետեւելով մենք Աստուծոյ կը նմանինք, այս պատճառաւ ալ մարդուս պատիւը՝ իր խղճի ձայնին անսալուն մէջ կը կայանայ. մարդ առանց խղճի անասուն մըն է», կ՚ըսէ ֆրանսացի անուանի իմաստասէր Ժան Ժագ Ռուսօ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ո՞վ չ՚ուզեր ունենալ ընկեր, որ մի՛շտ իր քով ըլլայ թէ՛ ուրախութեան եւ թէ՛ տխրութեան պահերուն: Մարդկային կեանքի մէջ նման ընկերներ գտնել կարելի է թէ ոչ՝ չեմ գիտեր, սակայն կայ բան մը, որ մարդկութեան հետ է այսօր թէ՛ տխրութեան եւ թէ՛ ուրախութեան պահուն:
Ատրպէյճան եւ Ղազախիստան ստորագրեցին՝ ռազմավարական յարաբերութիւններու ամրապնդման մասին հռչակագիր մը։ Պաքուի մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Ղազախիստանի նախագահ Քասըմ Ճէօմերթ Թոքաեւի հանդիպումը։
Երեւանի «Սուրմալու» մեծածախ առեւտուրի կեդրոնէն ներս տեղի ունեցած եւ բազմաթիւ զոհեր խլած սարսափելի պայթումին զուգահեռ՝ պատկան մարմիններու ձեռնարկած հարցաքննութիւնը կը շարունակուի։