Արխիւ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2021

Երէկ, Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ Ամանորի խրախճանք։ Ցերեկոյթի ընթացքին դպրոցի սաները ծափահարութիւններու արժանացան իրենց յաջող ելոյթներով։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2021

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Մօր եւ մանուկի համար յոյժ կարեւոր են կեանքի առաջին քառասուն օրերը: Նոր լոյս աշխարհ եկած փխրուն արարածը, ըստ բնական օրինաչափութեան՝ կը մտնէ կեանքի նոր միջավայր մը, որ խիստ կը տարբերի անոր նախնական՝ մայրական ներքին միջավայրէն:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2021

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայաստանի գլխաւոր ժամացոյցը տօնեց իր 80-ամեակը: Մայրաքաղաք Երեւանի սիրտին վրայ ութսուն տարի ժամ ցոյց տուող գործիքին սրահէն առցանց համերգ մը ունեցաւ հայրենի տաղանդաւոր դաշնակահար, Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ Հայկ Մելիքեան, որ բացի դասական մեղեդիներ նուագելէ, նաեւ իր նոր ստեղծագործութիւնը նուիրեց այս յատկանշական առիթին:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2021

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Տարի մը եւս իր աւարտին հասաւ, առիթ տալով նոր տարուան մը սկիզբին:
Ի՜նչ-ի՜նչ ապրումներ, յուզումներ, յոյզեր, զգացումներ, երազներ, նպատակներ ու տեսիլքներ մնացին անցեալին մէջ. անոնցմէ մաս մը լաւապէս ապրուեցան, ուրախացուցին կամ տխրեցուցին մեզ, հրճուեցուցին կամ ցաւ պատճառեցին մեզի. որոշ «երազ»ներ իրականացան եւ մաս մըն ալ մնացին անկատար. յաջողեցանք հակառակ բազմաթիւ դժուարութիւններու հասնիլ մեր կարգ մը նպատակներուն, մէկ մասը տակաւին ընթացքի մէջ են, եւ մեր ունեցած յաջողութիւններն ու ձախողութիւնները դուռ բացին մեր դիմաց նոր նպատակներ մշակելու եւ ճանապարհ բանալու՝ ընթանալու համար այդ նպատակներուն ետեւէն. տեսիլքներ ունեցանք, ունինք տակաւին, որոնց իրականացումին համար ո՛չ ճիք եւ ո՛չ ալ եռանդ կը խնայենք, լուսաւորելու, գեղեցկացնելու եւ քաղցրացնելու համար մեր կեանքը, մեր ապրած ընկերութիւնը, մէկ խօսքով ամբողջ մարդկութիւնը:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2021

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Այնպէս ինչպէս բոլոր աշխարհը, մամուլը եւս օրեր ետք պիտի թեւակոխէ նոր տարի մը, ճի՛շդ այն ծերուկին նման, որ չի՛ գիտեր, թէ միւս նոր տարիին ողջ պիտի ըլլայ թէ ոչ: Հաւանաբար աշխարհի շատ մը անհատներու համար նոր տարին ուրախանալու միջոց ըլլայ, սակայն տարեցներուն համար այդ մէկը ուրախութենէն աւելի յուզում կ՚առաջացնէ, որովհետեւ իւրաքանչիւր հինցող տարի քայլ մը աւելի մեզ կը մօտեցնէ անյայտ վախճանին:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2021

Պէշիկթաշի քաղաքապետութիւնը վաղը գիշեր համերգ մը կազմակերպած է Ամանորի առթիւ։ 2022 թուականը դիմաւորելու նպատակով, քաղաքապետարանի նախաձեռնութեամբ վաղը երեկոյեան Պարպարոս հրապարակին վրայ հանդէս պիտի գան երկու յայտնի մենակատարներ՝ Էտիս եւ Օզան Տողուլու։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2021

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Մոնրէալի մէջ իր մահկանացուն կնքած է գանատահայ համայնքի կարկառուն դէմքերէն տքթ. Յարութիւն Արզումանեան։ Բօթը մեծ ցաւ յառաջացուցած է գանատահայ շրջանակներէ ներս։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2021

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ Հայաստանի եւ Ատըրպէյճանի ղեկավարներու վերջին ուղղակի հանդիպման լոյսին տակ։ Այս առթիւ Մոսկուա տեղեկացուց, որ կը դիտարկուի Հարաւային Կովկասէ ներս ցամաքային փոխադրութեան եւ երկաթուղային կապերու ապաշրջափակումը։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2021

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ Առաջին տիկին Նունէ Սարգսեան երէկ «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն այցելեցին՝ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօնին ընդառաջ։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2021

Թուրքիա-Հայաստան բնականոնացման գործընթացի վերաբերեալ վարկածները ռուս վերլուծաբաններու ուշադրութեան առարկայ:
Նիկոլ Փաշինեան եւ Իլհամ Ալիեւ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ երէկ մասնակցեցան ԱՊՀ-ի երկիրներու ղեկավարներու անպաշտօն գագաթաժողովին:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2021

Գանատահայ մամուլին մէջ կը շարունակուին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի դիմագրաւած տագնապին վերաբերեալ ահազանգին արձագանգները։ Մոնրէալի «Ապագայ» շաբաթաթերթը որոշած է Ամանորի բացառիկին մէջ անդրադառնալ այս խնդրին եւ ընդգծել իր զօրակցութեան տրամադրութիւնները։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2021

«Մեր իրականութեան մէջ երբ որ պառակտուած ըլլայ սահմանափակ թիւով ու ներուժով համայնք մը, ապա անխուսափելիօրէն դժուարութիւններ կը յառաջանան՝ իր ծոցին մէջ պահուած մշտական արժէքներու սնման ու յարատեւման տեսակէտէ։ Դժբախտաբար, ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը որոշ մարդոց աչքին փուշ դառնալ սկսաւ»:
Արա Գօչունեան. «Այս տագնապը յաղթահարել կ՚ուզենք՝ մնալով անկախ լրատուամիջոց, որպէսզի հայ հաւաքական մտքի խմորումներուն մէջ Պոլսոյ ներդրումը շարունակուի, Պոլսոյ ձայնը չմարի»:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2021

Շիշլիի «Մարիոթ» պանդոկի համալիրէն ներս երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Պատրիարքարանի «Մենթի-մենթէօր» խումբի հանդիսաւոր հաւաքը, որ զուգադիպեցաւ Ամանորի շրջանին։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի հանդիսապետութեամբ կազմակեպուած ձեռնարկ մըն էր այս մէկը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ ոգեւոր մթնոլորտ ու բարձր տրամադրութիւն՝ մանաւանդ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօնին ընդառաջ։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2021

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երկու հարիւր եօթանասուն եւ աւելի գեղեցիկ ու սրտատրոփ օրեր՝ ըսել է, թէ ինն ամիս...
Ինն ամիս սրտիդ տակ կը կրես Աստուծոյ հրաշքը: Անհամբեր կը սպասես վերջինիս լոյս աշխարհ գալուն:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2021

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Օր մը հինգերորդ դասարանի ուսուցչուհին կանգնեցաւ եւ աշակերտներուն ըսաւ.
-Բոլորդ ալ կը սիրեմ (սակայն միտքին մէջ մէկ աշակերտէ մը կը զլանար այդ սէրը: Այդ աշակերտին անունը Թետի էր):

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2021

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Եթէ փորձեմ մարդ արարածին կեանքի ամբողջ ընթացքը բացատրել մէ՛կ բառով, այդ մէկը ո՛չ պայքար եւ ո՛չ ալ մաքառում կ՚ըլլար. այդ մէկը ո՛չ գոյամարտ եւ ո՛չ ալ տանջանք կ՚ըլլար: Մարդու կեանքը ուրիշ բան չէ՛, եթէ ոչ ՈՒԶԵԼու գործընթաց մը:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 28, 2021

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Սեն Փեթերսպուրկ, ուր տեղի կ՚ունենայ ԱՊՀ-ի անդամ երկիրներու ղեկավարներու անպաշտօն հանդիպումը։ Անդրադառնալով այս հաւաքին՝ Փաշինեան քանի մը օր առաջ նշած էր, որ մասնակիցներու շարքին է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, որու հետ շփում տեղի կ՚ունենայ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 28, 2021

Մուամմէր Քեսքին ընտրութենէն ի վեր անցած ժամանակաշրջանի գործունէութիւնը ամփոփեց մասնաւոր հաւաքոյթով մը:
Քաղաքապետը անդրադարձաւ տեղական ինքնակառավարման ներառական մտայնութիւնով ծաւալուած բազմակողմանի աշխատանքի արդիւնքին:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 28, 2021

«Լեռնային Ղարաբաղի հարցը, ինչ որ մնացած է, հիմնականօրէն կախուած է Ատրպէյճանէն եւ Ռուսաստանէն, մասամբ՝ Թուրքիայէն, ուրիշ ոչ ոքէ։ Հիմա այդպէս է»:
Ժիրայր Լիպարիտեան. «Եթէ մենք անկեղծ ենք եւ կ՚ուզենք հասկնալ՝ միւս կողմն ալ անկե՞ղծ է, թէ ոչ, միակ ձեւը անոր հետ խօսիլն է: Մենք կրնանք մտահոգութիւններ, կասկածներ ու վախեր ունենալ, բայց քանի այդպէս է, ուրեմն պէտք է ե՞տ քաշուինք եւ չխօսի՞նք, թէ պէտք է տեսնենք՝ ի՛նչ կ՚ըսեն մեզի։ Որեւէ երկիր, գոնէ իմ տեսածովս, չբողոքեց պատերազմին դէմ»:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 28, 2021

Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին մէջ հանրային կարծիքի ուշադրութիւնը կը շարունակէ կեդրոնացուած մնալ՝ Անգարայի եւ Երեւանի կողմէ նշանակուած յատուկ ներկայացուցիչներու առաջին հանդիպման հեռանկարին վրայ։

Էջեր