Արխիւ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու «Առաջնորդ» պարախումբէն Նատին Պէրպէրեանը։ Հանդիպման ընթացքին ան տեղեկացուց, որ յառաջիկայ օրերուն «Առաջնորդ» պարախումբը պիտի ունենայ նոր ելոյթ մը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան վերջերս մասնակցեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Իսթանպուլի աւագ հիւպատոս Ճուլի Էտէյի Անկախութեան օրուան առթիւ սարքած ընդունելութեան։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Փարիզի մէջ իր մահկանացուն կնքած է ֆրանսահայ յայտնի բժիշկ Սերժ Սիմոնեան։ «Նոր Յառաջ»ի մէջ այս կապակցութեամբ կը կարդանք հետեւեալը.-
Յունիս 13-ին, ֆրանսահայ համայնքը կորսնցուց իր արժանաւոր զաւակներէն մին՝ վիրաբոյժ տքթ. Սերժ Սիմոնեանը, որ կեանքէն հրաժեշտ առաւ 85 տարեկանին։
Շիշլիի հայ կաթողիկէից գերեզմանատան մէջ երէկ յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ Ստեփան Յովհաննէսեանի յուղարկաւորութիւնը։ Ծանօթ է, որ իր անժամանակ կորուստը վերջին օրերուն յառաջացուցած էր մեծ ցաւ։
Պէզճեան Մայր վարժարանի տանտիրութեամբ երէկ տեղի ունեցաւ միջվարժարանային առաջին STEM մրցոյթը, որուն մասնակցութիւն բերին համայնքային վեց միջնակարգերէ աշակերտներ։ STEM-ը, որ աշակերտներուն ուղեցոյց կը դառնայ զանազան հարցերու լուծման ընդունակութեան մէջ, ներկայ դարու ամենակարեւոր ուսուցման մեթոտներէն մին է։
Կեդրոնական վարժարանի աշակերտները երէկ պտոյտ մը կատարեցին դէպի Քիլիոս։ Իւրաքանչիւր կրթական շրջանի աւարտին, ամէն տարի ամառնամուտին, աւանդաբար ամբողջ դպրոցը կ՚իրականացնէ միօրեայ մեծ պտոյտ մը։
Անգարա Թեհրանը կը թիրախաւորէ՝ Զանգեզուրի միջանցքի հարցին շուրջ որդեգրած ընթացքին համար:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան Պաքուէ վերադարձի ճանապարհին դրուատեց Հայաստանի վարչապետ Փաշինեանը:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Ժամանակէ մը ի վեր կը զգայի, որ աչքերս բաւական տկարացած էին: Ուստի ակնոց փոխելը անհրաժեշտութիւն նկատած էի: Արդէն օրեր առաջ, ակնաբուժէս ժամադրութիւն վերցուցած էի:
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ես այնտեղ էի
Ես այդ տան մէջ կ՚ապրէի,
Ես գիտեմ՝
Անոր պատերուն ճեղքերուն թիւը,
Բառերուն շիթերը որ փոշիի սրբիչներուն մէջ խրուած են,
Դանակներուն հետքը տախտակին վրայ,
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Ներէ՛ զիս Արցախ։
Քեզ կորսնցնելու մէջ ես նոյնպէս ունիմ իմ առիւծի բաժինը։ Բազմիցս մեղանչեցի ու կը շարունակեմ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Այսօր կը լրանայ հայ արձանագործութեան եւ գեղանկարչութեան սիւներէն մէկուն՝ Երուանդ Քոչարի (Երուանդ Սիմոնի Քոչարեանի) ծննդեան 124-ամեակը: Հայութիւնը կը պատրաստուի մեծ արուեստագէտի 125-ամեակին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Պօղոս առաքեալ, Հռովմայեցիներուն գրած նամակին մէջ սապէս կ՚ըսէ. «Քանզի գիտեմ որ իմ ներսի դիս՝ այսինքն իմ մարմինիս մէջ մէկ բարի բան մը չի բնակիր. ինչու որ կամեցողութիւն կայ քովս. բայց բարին ի գործ դնելը չեմ գտներ։ Քանզի չէ թէ բարին որ կ՚ուզեմ՝ կ՚ընեմ, հապա չարը որ չեմ ուզեր՝ ան կ՚ընեմ». (ՀՌՈՎՄ. Է 18-19)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երէկուան մեր յօդուածին մէջ խօսեցանք տնտեսապէս թշուառ վիճակէն դէպի «փայլուն» վիճակի հասնող ազգերու մասին. իսկ այսօր պիտի խօսինք բարոյական փոփոխութիւններուն մասին:
ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1901)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ամուսնութիւնը հին դարերու ընթացքին: Բազմայրութիւն եւ բազմակնութիւն: Ամուսնանալու երեք կերպերը. առեւանգում (աղջիկ փախցնել), գնում (պաշլըղ) եւ փոխադարձ համաձայնութիւն: Կնոջ դրութիւնը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հալածանքներ իր զօրացման հասաւ 1701 թուականին, երբ Երզնկացի Աւետիք եպիսկոպոսը՝ Կարինի առաջնորդը իբրեւ պատրիարք Պոլիս կանչուեցաւ։ Պատրիարքը իբրեւ պատասխանատու անձը Օսմանեան կառավարութեան առջեւ Հայ ժողովուրդի համար՝ կամեցաւ վերջ դնել նոր կրօնական պառակտման։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Բոլորս ալ լոյս աշխարհ կու գանք մեր կամքէն անկախ եւ աշխարհագրութիւնը որուն մէջ մեր աչքերը կը բանանք, կը նկատենք բախտ կամ ճակատագիր: Սակայն իրականութեան մէջ մարդուն կեանքը բարելաւողը այդ աշխարհագրութիւնը չէ, այլ մարդը ի՛նքն է իր կեանքը բարելաւողը:
ՅԱԿՈԲ ԱՒԵՏԻՔԵԱՆ
Հայրենաբնակ մեր ժողովուրդը՝ մանաւանդ անոր մտածող մասը, փորձառութեամբ գիտէ, որ երբ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կամ անոր վարչախումբին անդամներէն մէկը կամ միւսը ներքին ճակատի վրայ աղմկայարոյց խնդիր մը նետեն հրապարակ, չարագուշակ բան մը կը պատրաստուի արտաքին ճակատին վրայ:
Աստուածաշունչի ընկերութեան Արաբական ծոցի երկիրներու մասնաճիւղի ընդհանուր քարտուղար տքթ. Հրայր Ճէպէճեան վերջին օրերուն բանախօսութեամբ մը հանդէս եկաւ կիպրահայութեան համար։
Միջազգային բեմահարթակի վրայ ՄԱԿ-ի համակարգը վերջին շրջանին հետզհետէ աւելի հրատապ ձեւով կը հարցաքննուի։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը կը պատրաստուի նախաձեռնութիւնով մը հանդէս գալ։
Անգլիոյ մէջ երէկ սարսափազդու դէպքերու շարան մը պատահեցաւ, ինչ որ լայն արձագանգ գտաւ նաեւ միջազգային հարթութեան վրայ։ Այսպէս, իրերայաջորդ դէպքերը պատահեցան երկրի հիւսիսի Նաթինկհըմ քաղաքին մէջ, որ ունի 300 հազար բնակչութիւն։ Յարձակումներն ու ոճրագործութիւնները խուճապ յառաջացուցին քաղաքէն ներս։