Արխիւ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Հոգեգալստեան տօնակատարութիւններուն նախագահեց Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ, ուր տեղի ունեցան կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններ։ Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 215-րդ տարեդարձին առթիւ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ՝ ձեռամբ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեանի։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Համախտանիշներու մասին մեր առաջին յօդուածին մէջ ներկայացուցած էինք Փարիզի, Հաւանայի համախտանիշներն ու յետքովիտեան համախտանիշը: Այս անգամ կը ներկայացնենք երեք հետաքրքրական համախտանիշ եւս, որոնք նոյնպէս զբաղեցուցած են ախտաբաններու, հոգեբաններու, բժիշկներու, այլ ուսումնասիրողներու մասնագիտական առօրեան:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Անխտիր բոլորս ունինք նպատակներ, որոնց կ՚ուզենք հասնիլ մեր կեանքի տեւողութեան։ Այս պատճառով մեր կեանքը առաջնային կը դառնայ եւ երբեմն մենք ետ կը մնանք այդ նպատակներէն։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Սիրելի ընթերցողէն կը խնդրենք, որ յօդուածէն առաջ բարեհաճին կարդալ «Հայկական անցեալէն պատմութեան մէջ այսօր» բաժնին մէջ յիշատակուող ազգային բարերար Քըրք Քըրքորեանի կենսագրութիւնը, որուն ծննդեան 105-ամեակն է այսօր:
Մխիթարեան վարժարանի նախաձեռնութեամբ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ միջլիսէական մարզական փառատօն մը։ Եռօրեայ ծրագրին համայնքային հինգ լիսէներուն առընթեր մասնակցեցաւ նաեւ Զափիոն յունաց լիսէն։
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
1960-ականներու ընթացքին Ալքատրազի բանտը մոլորակի ամենէն մեկուսացուած եւ ամենէն հեռաւոր բանտի համբաւը ունէր: Կղզիին դիրքը անկարելի կը դարձնէր փախչիլը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Վերջին օրերուն առիթն ունեցանք Երեւանի մէջ զրուցելու «Rotary» ակումբի Մերձաւոր Արեւելքի շրջանի նախկին կառավարիչ՝ Գէորգ Մահտեսեանի հետ: Ծանօթ է, որ «Rotary» ակումբը միջազգային մարդասիրական ցանց մըն է, որ կը գործէ նաեւ Հայաստանի մէջ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ասկէ 2000 եւ աւելի տարիներ առաջ, այս օրը, մարդկութեան պատմութիւնը յեղափոխող կարեւորագոյն դէպքերէն մէկը պատահած է՝ Սուրբ Հոգիին գալուստը:
Արդարեւ, քրիստոնեայ, ինչու չէ նաեւ ոչ-քրիստոնեայ աշխարհներուն համար ծանօթ է այս իրադարձութիւնը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Պէտք է ընդունիլ, որ մարգարէութիւնները միայն Աստուածաշունչի էջերուն մէջ չէ՛ որ կը գտնուին. շատ մը մարգարէութիւններ կարելի է գտնել նաեւ հայկական մամուլի էջերուն մէջ, որոնք մարգարէութեան կողքին ակներեւ ճշմարտութիւններ են, որովհետեւ, ինչպէս թրքական առածը կ՚ըսէ. «Տեսնուող գիւղը ուղեցոյց չ՚ուզեր»:
Հայաստանի դիմագրաւած առկայ մարտահրաւէրները կ՚ուղղորդուին ներքին քաղաքական բեւեռացումներով ու պառակտումներով, որոնք կը պայմանաւորեն նաեւ արտաքին քաղաքական հիմնահարցերու վերաբերեալ թէ՛ իշխանութեան եւ թէ ընդդիմութեան խօսոյթը։ Առկայ քաղաքական անելին մէջ յաճախ քննարկման նիւթ կը դարձուին Թուրքիա-Հայաստան եւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու հեռանկարները։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ աշակերտներու օրհնութեան կարգ կատարեց՝ վաղուան լիսէներու մտից քննութեան ընդառաջ։
Թոյվօ Քլաար Հայաստանի ղեկավարութեան հետ արժեւորեց Պրիւքսելի հանդիպման յաջորդած իրավիճակը:
Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարները յաջորդ շաբաթ կ՚անդրադառնան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին: Անգարայի մէջ Մեւլիւտ Չավուշօղլուի կողմէ հիւրընկալուելէ վերջ, Սերկէյ Լաւրով կ՚ուղեւորուի Երեւան:
Հայաստանի մէջ իշխանական եւ ընդդիմադիր ճամբարներու փոխադարձ մեղադրանքները չեն դադրիր:
Երկրի ղեկավարութիւնը կը ձգտի ի գին ամէն ինչի խաղաղութեան պայմանագիր կնքել, սակայն բանակցելու ընդունակ չէ:
Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան այսօր կ՚այցելէ Մոսկուա։ Շուրջ կէս տարուայ ընդհատումէ մը վերջ տեղի կ՚ունենայ Հայաստան-Ռուսաստան-Ատրպէյճան՝ փոխ-վարչապետներու մակարդակով եռակողմանի աշխատանքային խումբի հերթական նիստը։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) եւ Երեւանի Մատենադարանը համատեղ նախաձեռնութեամբ հրատարակեցին պատկերագիրք մը, որ միտուած է Արցախի ձեռագրական ժառանգութեան պահպանման։
Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ օծման ու պաշտամունքի վերաբացման արարողութիւններէն վերջ, բարեզարդման համալրումն ու կատարելագործումը կը շարունակուի։ Պատրիարքական Աթոռի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան վերջին օրերուն այցելած է Տիարպաքըր։
Ամենապատիւ Ս. Պատրիարք Հայրը Ֆէրիգիւղի մէջ յաջողութիւն մաղթեց թրքահայ աշակերտներուն:
Լիսէներու մտից շաբաթավերջի քննութեան ընդառաջ համայնքային վարժարաններու սաներուն համար օրհնութիւն:
ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ
Ըսուեցաւ՝ «Սփիւռքի տարի»: Երբեմն կը մտածեմ, թէ ի՞նչ կրնայ ըլլալ սփիւռք(ներ)ի մօտաւոր ապագան, եթէ բացակայի հայ մամուլը, եթէ չունենանք եւ չպահենք իր դերին եւ կոչման ծառայող արժանաւոր հայ մամուլ:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
2016 թուականի պաշտօնական տեղեկութեանց համաձայն, աշխարհի ամենաշատ թէյ գործածող առաջին երեք երկիրներն են՝ Թուրքիա, Իրլանտա եւ Միացեալ Թագաւորութիւն։
Անգլիոյ մէջ՝ «Յետմիջօրէի թէյը» (Afternoon Tea) շատ կարեւոր է եւ տեղի կ՚ունենայ ժամը 15.30-էն 17.00-ի միջեւ։