Արխիւ
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Գիրքը կը բռնէ երկիւղածութեամբ մը, կողքին պատկերը կը դիտէ պահ մը (Charles Landelle (1821-1909) - An Armenian Woman), ապա պարունակը զգուշօրէն թերթելով ցոյց կու տայ էջերուն մէջ կարգ մը տողեր, ուր երբեմն շեղ գիրերով տպուած գրութիւններ կան.
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքը միշտ «յղի» է անակնկալ դէպքերու, եւ ուրեմն կեանքը անվերջ երկունք մըն է։ Երկունք, քանի որ կեանքը ցաւի, նեղութիւններու, դժուարութիւններու, անգութ ուժերու եւ մահուան դէմ պայքար մըն է։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Վերջին տասնամեակին, մանաւանդ շատ մը երիտասարդներու մօտ յատուկ սէր մը ծնունդ առած է քննադատութեան հանդէպ, սխալ այն ըմբռնումով, որ քննադատող անձը կրնայ հանրութեան կողմէ որպէս «գիտուն» կամ «իմաստուն» դիտուիլ:
ARA KOÇUNYAN
Türkiye Ermeni toplumu bu hafta sonunda, İstanbul'daki cemaat vakıflarının önemli bir bölümünün yeni yönetim kurullarını belirlemek için seçime gidiyor. Cemaat üyeleri uzun zaman sonra sandık başına giderek vakıflar için oy kullanacak.
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ծաղիկներ խոնարհեց շաբաթավերջի ահաբեկչութեան զոհերու յիշատակին առջեւ:
Պատրիարքական Աթոռը մասնակցեցաւ նաեւ Պէյօղլուի քաղաքապետութեան կազմակերպած միասնականութեան երթին:
Թրքահայ ուսուցչաց միութեան նախաձեռնութեամբ երէկ տեղի ունեցաւ՝ պոլսահայ կրթական մշակներու տարեկան աւանդական պտոյտը, որու պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Սոյն հաւաքը այս տարի նախաճաշի ձեւաչափին մէջ նախատեսուած էր՝ Գուրուչէշմէի «Հուքքա» զբօսարանին մէջ։
Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանային իրադարձութիւնները միշտ կ՚ընթանան թափով։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն վերջին օրերուն հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։
Լոս Անճելըսի մէջ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ «Լեռնային Ղարաբաղը այսօր եւ վաղը» խորագրեալ համաժողով մը, որ կազմակերպուած էր Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի աջակցութեամբ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին վերանորոգման աւարտը մօտ է. 2023 թուականին, երբ կը լրանայ Մայր Տաճարին հիմնադրման 1720-ամեակը եւ եթէ ամէն ինչ նախատեսուածին պէս ընթանայ, ապա համայն հայութեան հոգեւոր մայրաքաղաքին մէջ Մայր Տաճարը կրկին կը բանայ իր դռները:
ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1904)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
1. Բօտկինի կաթիլներ:
2. Ինոզեմցեվի կաթիլներ:
3. Վալերիանի կաթիլներ:
4. Հոֆֆմանի կաթիլներ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հայաստանի մէջ կայ խումբ մը, որ կը կարծէ, թէ սփիւռքահայերը թշնամութիւն եւ ատելութիւն ունի Մայր Հայրենիքի նկատմամբ։ Սակայն ցաւալին այն է, որ սփիւռքահայերուն կողքին շատ մը տեղացի հայեր եւս այդ ախտէն կը տառապին եւ Հայաստանը կը դիտեն որպէս «յետամնաց» երկիր։
Մարդ չի կրնար լրիւ մեկուսացած, ամբողջութեամբ առանձին ապրիլ։ Աճելու բնազդը այս առումով շատ բան կը բացատրէ։ Մարդ արարածը կրնայ լիարժէք գոյատեւել իր նմաններուն հետ՝ ինչպէս բնութեան այլ բազում տարրերը։
Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը երէկ Անթիլիասի մէջ հիւրընկալեց Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի նախագահ վերապատուելի Փոլ Հայտոսթեանը եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու խորհուրդի նախագահ վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէօզեանը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան վերջերս ընդունեց Կաթոլիկ եկեղեցւոյ ենթակայ Ֆոքոլարէ շարժման անդամուհիները։ Սոյն խումբի անդամուհիներէն Տանիէլա Տեկասփերի յայտնեց, թէ Իսթանպուլէն պիտի բաժնուի, իբր այդ փափաքած է հրաժեշտ առնել Նորին Ամենապատուութենէն։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ընտրութեան թեկնածուները։ Նախընթաց օր Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որու ընթացքին ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Շիրվան Քահանայ Միւրզեան։
ԹԵՐԵԶԱ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
Արեւելահայերէնէ վերածեց՝
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Շատեր կը հետաքրքրուին, թէ ովքեր են միջազգայնավարները կամ համաշխարհայնավարները: Անոնք ամերիկեան ու անգլիական ուժեր են, որոնք կ՚ուզեն աշխարհը ղեկավարել մէկ կեդրոնէ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Ի՞նչ օգուտ կ՚ունենայ մարդը եթէ Տիրոջ պատուիրանները պահէ ու գործադրէ:
Պատասխան. Առակագիրը կը գրէ. «Որդեա՛կ իմ, պահէ՛ Իմ խօսքերս ու Իմ պատուիրաններս քու քովդ ծածկէ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կը պատահի օր մը, որ երեք եղբայր երջանկութիւնը կը տեսնեն փոսի մը մէջ։
Եղբայրներէն մին կը մօտենայ երջանկութեան եւ դրամ կը խնդրէ անկէ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հաւանաբար զարմանալի թուի, սակայն աշխարհի մէջ պսակուող զոյգերուն 80 առ հարիւր տոկոսը սիրահարածներ չեն, որովհետեւ ամուսնութեան պարագային եւս չափանիշները փոփոխուած են եւ սէրը մնացած է յատուկ հեքիաթներուն մէջ։
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին կիսապաշտպան, Միլանոյի «Ինթեր»ի խաղացող Հենրիխ Մխիթարեան հանդիպում մը ունեցած է Հռոմի Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապին հետ, որուն նուիրած իր մարզաշապիկը։ «Արմէնփրէս»ի փոխանցմամբ՝ այս մասին կը յայտնէ «Vatican News»ը։