Արխիւ
Կալաթասարայ մարզակումբի նորընտիր վարչութիւնը երէկ երեկոյեան գումարեց անդրանիկ նիստը:
Տիգրան Կիւլմէզկիլին յառաջիկայ շրջանին ծանր բեռ մը պիտի վիճակի՝ առկայ ելմտական լուրջ մարտահրաւէրներուն բերումով:
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ նախակրթարանի այս տարուայ շրջանաւարտներու հանդէսը, որով ստեղծուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։
Պատրիարքական Աթոռի երիտասարդ միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան այս ուրբաթ պիտի վերադառնայ քաղաքս։ Ինչպէս ծանօթ է, վերջին ամիսներուն ան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին մեկնած էր՝ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանէն ներս վարդապետական թեզը պաշտպանելու համար։
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի փոքրիկներու տարեվերջի հանդէսը։ Տղաքը գոյնզգոյն տարազներով տողանցեցին այս հանդիսութեան ընթացքին, որու երեք լեզուով պատրաստուած ծրագրի շրջանակին մէջ ծափահարութիւններու արժանացան յաջող ելոյթներով:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Արեան պաշարները միշտ կայուն պահելու հրամայականը դարձած է ազգային անվտանգութեան հարց, մանաւանդ այն պայմաններուն տակ, երբ միշտ առկայ է պատերազմի վտանգը:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Մարդկային անհատական ու մանաւանդ հաւաքական շարժը շատ երկար փուլերէ անցած է, սկսեալ մեծ գաղթերէն հասնելով մեծ ներխուժումներու ու տարածքներու նուաճման, նաեւ այդ շարժերը յանգած են նպատակի կամ միջոցի ծառայեցման (նայած պատմական ու քաղաքական պատեհութիւններուն) եւ աշխարհի բոլոր ցամաքամասերու յայտնաբերման գործողութիւններուն:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Առէ՛ք կերէք եւ բոլորդ խմեցէ՛ք-էն ետք, դպիրները կ՚երգեն. «Երկնաւոր Հայր, որ Քու Որդիդ մեզի համար մահուան յանձնեցիր, որպէս մեր մեղքերուն պարտապան: Անոր թափած արիւնով, կ՚աղաչենք Քեզի, ողորմէ՛ Քու բանաւոր հօտիդ»:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Այսօր պիտի խօսինք հայկական այլ ցաւալի իրականութեան մը մասին՝ որ կը կոչուի Հայոց Պատմութիւն. ցաւալի ո՛չ թէ իր անցեալին ունեցած ելեւէջներով, այլ իր ներկայի անյստակ ու անկանոն դրութեամբ:
Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս յոբելենական շրջան:
Մարզական ծրագիրէն վերջ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան պատարագեց Ֆրեզնոյի մէջ:
Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան յայտարարեց, որ Երեւանի եւ Մոսկուայի այս շրջանի համատեղ ջանքերը ուղղուած են ռազմավարական համագործակցութեան նոր հեռանկարային ոլորտներու բացայայտման։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ռուսաստանի օրուան առթիւ Երեւանի մէջ այդ երկրի դեսպանութենէն ներս կազմակերպուած ձեռնարկին մասնակցեցաւ Մհեր Գրիգորեան, որ հանդէս եկաւ շնորհաւորական խօսքով մը։
Նոպէլեան մրցանակի առաջին հայ դափնեկիրը այս օրերուն Հայաստան կ՚այցելէ:
Ջիղակենսաբան Արտեմ Փաթափութեան երէկ այցելութիւն մը տուաւ «Սինոփսիս-Արմենիա» ընկերութեան կեդրոնը, իսկ այսօր դասախօսեց Պետական բժշկական համալսարանէն ներս:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Սոֆիա։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Արարատ Միրզոյեան այս առաւօտ հիւրընկալւեցաւ Պուլկարիոյ նախագահ Ռումէն Ռատեւի կողմէ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան դէպի Տոհա պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Քաթարի էմիր Շէյխ Թամիմ պին Համատ էլ Թանիի հետ։ Զրոյցի ընթացքին կողմերը ընդգծեցին երկու բարեկամ երկիրներու միջեւ համագործակցութեան մեծ ներուժը, յարաբերութիւններու ընդլայնման եւ ամրապնդման պատրաստակամութիւնը։
Պէյրութէն կը հաղորդուի, որ «Փթիթ» մանկապատանեկան կայքէջը վերջերս ենթարկուած է բարեփոխման եւ այդ հիման վրայ հասած է նոր ծաղկումի մը։ Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական բաժանմունքի խրախուսանքով կեանքի կոչուած է այս ծրագիրը։
ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնն ու Եւրոպայի մասնաճիւղերու ղեկավարութիւնները երկօրեայ ծաւալուն խորհրդակցութիւն մը ունեցան:
Բազմակողմանի վերլուծումներ կատարուեցան նոր իրողութիւններու լոյսին տակ հայաշխարհի դէմ յանդիման մնացած վիճակներուն եւ ապագայ նպատակներուն շուրջ:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Ս. Հռիփսիմեանց տօնակատարութիւններուն նախագահեց Պիւյիւքտէրէի համանուն եկեղեցւոյ մէջ, ուր պատարագեց եւ տուաւ օրուան պատգամը։
Պոլսահայ թատերական կեանքի երախտաւորներէն Պօղոս Չալկըճըօղլուի ի պատիւ շաբաթավերջին մեծարանքի հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ Պէյօղլուի «Աթլաս» շարժանկարի սրահի երդիքին տակ։ Այսպէս, յայտնի դերասան ու բեմադրիչ, թատերական պատմութեան վերաբերեալ յօդուածներու հեղինակ Պօղոս Չալկըճըօղլու պարգեւատրուեցաւ՝ Կաթողիկէ հայոց առաջնորդարանին կողմէ հաստատուած «Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան» շքանշանով։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այս առաւօտ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ մատոյց Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ մէջ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը արարողութեան ընթացքին տուաւ օրուան պատգամը։
Պոլսահայ հոգեւորականաց դասուն եւ համայնքային շրջանակներուն տեսակէտէ ողջունելի իրադարձութիւն մը տեղի ունեցաւ շաբաթավերջին Օշականի Ս. Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցւոյ մէջ։ Պատրիարքական Աթոռի երիտասարդ միաբաններէն Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան հանդիսաւոր արարողութիւնով մը ստացաւ վարդապետական գաւազան։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր պաշտօնական այցելութեամբ կը մեկնի Տոհա։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ան կը հիւրընկալուի Քաթարի բարձրագոյն ղեկավարութեան կողմէ։