Արխիւ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւանի քաղաքապետութեան ընտրութենէն վերջ. Հայաստանի հասարակութիւնը չի վստահիր որեւէ կուսակցութեան եւ անոր գերակշիռ տոկոսը կը հաւատայ, թէ կուսակցութիւններու ժամանակը անցած է։ Ապացո՞յց… Արդէն ընտրողներու մեծամասնութիւնը անտեսած է ամէն ինչ ու չէ մասնակցած քուէարկութեան:
Նախկիններու եւ ներկաներու հակադրութեան խաղադրոյքը հասած ըլլալ կը թուի իր մայրամուտին: Յառաջիկայ իրադարձութիւնները դուռ կրնա՞ն բանալ ներքին քաղաքական պայքարներու նոր փուլի մը երկրին մէջ։
Այժմու իշխանութիւններուն դիրքերը բաւական տկարացած են եւ անոնց ժողովրդականութիւնը այլեւս չունի առաջուան ներուժը։ Վարչապետ Փաշինեանի քայլերուն կը սպասուի հետաքրքրութեամբ։
Թուրքիոյ նախագահը Արցախի հակամարտութեան օրակարգով նախաձեռնութիւնով հանդէս եկած է: Առաջարկած է քառակողմանի ձեւաչափով՝ Ռուսաստան, Թուրքիա, Հայաստան եւ Ատրպէյճան հանդիպում մը կազմակերպել:
Կը տեղեկանանք, որ այս օրերուն Երեւանէն քաղաքս կ՚այցելեն երեք գիտնականներ՝ Աստղիկ Բալայեան, Թամարա Աղամալեան եւ Կարոլինա Սահակեան։ Անոնք կը մասնակցին վերապատրաստման դասընթացքի մը, որ ուղղուած է նախկին խորհրդային երկիրներու գիտնականներուն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ինչպէս շատ մարզերու մէջ, ուսուցման եւ կրթութեան մարզերու մէջ ազատութիւնը ընկերային կեանքին չափանիշներէն մին է։ Արդարեւ, ազատութեան հարցը յարաբերական եւ խնդրական հարց մըն է, եւ այս ուղղութեամբ, ազատութիւնը շատ անգամ անհանդուրժողութեան ենթակայ կը դառնայ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Լեզուի խնդիրը շատերու համար որքան ալ պարզ թուի, իրականութեան մէջ մեծ մտահոգութիւն էր մտաւորականներուն համար. մտահոգութիւն՝ որ շատ անգամ վէճ կը յառաջացնէր անոնց միջեւ: Շատ մը մտաւորականներ անմիջականօրէն ժողովուրդին մէջ ապրած չըլլալով, գաւառները շրջած ու անոնց բարբառները լսած չըլլալով, լեզուի հիմք կ՚ընդունէին գրաբարը եւ անոր հիմերուն վրայ կը փորձէին հիմնել աշխարհաբար լեզուն, իսկ ուրիշներ, գրաբարը մինչեւ իսկ «վայրենի» լեզու նկատելով, կը փորձէի գրաբարը հեռացնել լեզուէն եւ ընդունիլ բարբառները:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Այսօր կը լրանայ հայ մեծանուն երգահան, երաժշտագէտ, խմբավար, մանկավարժ, հայ դասական սիրերգի ստեղծող, Հայաստանի Պետական երաժշտանոցի առաջին տնօրէն Ռոմանոս Մելիքեանի 140-ամեակը: Մեծ եղած է անոր դերը մեր երաժշտութեան, երաժշտագիտութեան, խմբավարական արուեստի, երաժշտական կրթական ասպարէզի ստեղծման գործին մէջ:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Այստեղ կարելի է անդրադառնալ սուիրահայերու ներդրումին Հայաստանի ներկայ տնտեսութեան մէջ, ինչ որ ուղղակի կամ անուղղակի կրնայ համարուիլ յատկանշական եւ կ՚արժէ կարգ մը երեւոյթները լուսարձակել նոյն այդ ներդրումային շեշտադրումով՝
- Հայաստանի Հանրապետութեան զանազան դրամատուներուն մէջ տեղակայուած գումարներու աճը՝ մանաւանդ սուիրական պատերազմէն վերջ սուրիահայերուն կողմէ։ Սա կրնայ համարուիլ նոր մեծ կամ փոքր շարժ մը Հայաստանի դրամատնային համակարգին մէջ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
«Հայկական սինեմա» երգիծական պատկերազարդ շաբաթաթերթը լոյս տեսած է 1925-1926-ին՝ Գահիրէի մէջ։ Արտօնատէր-հրատարակողը եղած է մեծանուն հայ երգիծանկարիչ Ալեքսանտր Սարուխան, խմբագիրները՝ Վարդան Չաքարեան, Երուանդ Օտեան։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Որոշ զարգացումէն յետոյ հասարակութիւններուն անհրաժեշտ է կարգ ու կանոն։ Սա ընթացք մըն է, որով կ՚ապահովուի ընկերային գործունէութիւնը նուիրապետական համակարգի շրջանակներէն ներս, ուր կ՚որոշուին իշխողներն ու կառավարուողները եւ կը փորձուի կանխել այն քաոսը, որ կը յառաջանայ հասարակութեան մէջ անհատներու թիւի աճով: Ժան-Ժաք Ռուսոյի խօսքով՝ երբ մարդիկ հեռացան «բնութեան վիճակէն», այլ խօսքով՝ կարգ ու կանոն ու սեփականութիւն գոյութիւն չունեցած ու մարդու բոլոր կարիքներու բնութեան կողմէ բաւարարուած ժամանակէն, անոնք յարմարեցան սեփականութեան հայեցակարգին եւ այսպէսով յառաջացան ընկերային խաւեր, պահանջուեցաւ նոր համակարգ մը։
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ Խաչվերացի տաղաւարին նախորդած երեկոյեան տեղի ունեցաւ հսկում եւ բժշկութեան աղօթք՝ հանդիսապետութեամբ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Ներկայ էին նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ Սայաթ Սրկ. Չընարեան։
Պալաթի Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ մէջ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ նախագահեց Խաչվերացի տօնակատարութիւններուն, որոնց ընթացքին խօսեցաւ քարոզ մը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան։
Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցան Խաչվերացի աւանդական տօնակատարութիւններ։ Տաղաւարի Ս. Պատարագը մատոյց Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, որ խօսեցաւ օրուան խրատականը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Խաչվերացի տօնակատարութիւններուն նախագահեց Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ։ Յետվերանորոգման աշխատանքներուն, սա այս եկեղեցւոյ առաջին տարեկան անուան տօնախմբութիւնն էր։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս առթիւ պատարագեց եւ տուաւ օրուան պատգամը։
Երեւանի «Բացօթեայ օփերա» համերգներու շարքը աւարտին հասաւ հանդիսաւոր երեկոյթով մը:
Եզրափակիչ փուլի յայտագիրը գործադրուեցաւ իտալացի աշխարհահռչակ խմբավար Ֆապիօ Մասթրանճելոյի մականին ներքեւ:
Երեւանի քաղաքապետական ընտրութիւններուն մասնակցեցաւ ընտրողներուն հազիւ 28.46 տոկոսը:
Տիգրան Աւինեանը քաղաքապետի թեկնածու առաջադրած «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը ստացաւ ձայներու 32.57 տոկոսը: Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահը հանդէս եկաւ զարմանալի յայտարարութեամբ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Նիւ Եորք մեկնած է՝ մասնակցելու համար ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի 78-րդ նստաշրջանի բացման փուլի բարձր մակարդակի քննարկումներուն եւ ձեռնարկներուն։ Նոր նստաշրջանի բացման շրջանակին մէջ նախատեսուած են նաեւ Արարատ Միրզոյեանի երկկողմանի շփումները՝ այլ զանազան երկիրներէ գործընկերներու եւ ՄԱԿ-ի պաշտօնատարներու հետ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Արցախէն երիտասարդ պատմաբան Վլատիմիր Տոլուխանեան համոզուած է, թէ նոր նախագահի ընտրութիւնը ոչինչ պիտի փոխէ։ Մինչ Արցախի իրավիճակը կը մնայ ճգնաժամային եւ հարցականներով ծանրաբեռնուած, վերջին իրադարձութիւններու լոյսին տակ կարծիքը շօշափեցինք Վլատիմիր Տոլուխանեանի, որուն մօտեցումները կը ներկայացնենք ստորեւ։
Պաշարեալ Արցախի ղեկավարութիւնը շաբաթավերջին լուրջ շրջադարձ մը կատարեց։ Ամիսներէ ի վեր Ստեփանակերտի ղեկավարութիւնը ձեռնպահ կը մնար պաշարումէ դուրս գալու համար ընդունիլ Լաչինի միջանցքէն տարբեր՝ այլընտրանքային ճանապարհ մը, սակայն արդէն վերջին օրերուն իրադրութիւնը փոխուեցաւ։
Էրտողան Փաշինեանին առաջարկած է՝ Փութինի եւ Ալիեւի հետ քառակողմանի հանդիպում մը կազմակերպել:
Թուրքիա կ՚ընթանայ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացէն ներս կշիռը բարձրացնելու ճանապարհով՝ բանակցութիւններուն ուղղակի ներգրաւուելու համար, երբ Հարաւային Կովկասի մէջ ուժերու վերադասաւորումը անշրջադարձելի է:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Հոգին է կենդանարար. մարմինը ոչ մէկ բան ընելու կարող չէ՛». (ՅՈՎՀ. Զ 63)։
Յաճախ յիշուած է, թէ՝ «մահ» բառին ստուգաբանութիւնն է՝ մարմին առանց հոգիի, նկատի ունենալով այս երեք բառերու առաջին տառերը՝ «մ», «ա», «հ»։