Արխիւ
Ճաբոնի կառավարութեան դրամաշնորհային կարեւոր ծրագիրը կեանքի կը կոչուի ՀԲԸՄ-ի միջոցաւ:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի թանգարաններու վերականգնման բաժինը կ՚օժտուի արդիական թեքնիք սարքաւորումներով:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեծ Պահքի 29-րդ օրն է:
Պօղոս առաքեալ Եբրայեցիներուն ուղղած իր նամակը այսպէս կը սկսի.
«Անցեալին բազմաթիւ անգամներ եւ բազմաթիւ կերպերով Աստուած մեր հայրերուն խօսեցաւ մարգարէներուն միջոցաւ, իսկ այս վերջին օրերուն մեզի խօսեցաւ Իր Որդիին միջոցաւ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երբ կը թերթէինք 125-ամեայ «Անահիտ» հանդէսին 1930-ականներու թիւերը, անոր էջերուն մէջ, ի շարս հետաքրքրական ու պատմական նիւթերու, ընթերցեցինք նաեւ պոլսահայ անուանի մտաւորական, տնտեսագէտ Յովհաննէս Սագըզի (Սագըզեան) նամակները՝ ուղղուած իր որդւոյն՝ Արմենակին, երբ որդին կ՚ուսանէր Փարիզ:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Հին ժամանակներէն ի վեր կրօնական, փիլիսոփայական, հոգեբանական, տնտեսական եւ կենսաբանական զանազան կարծիքներ արտայայտուած են եսասիրութեան, «ես»ի կարեւորութեան, նաեւ եսամոլութեան մասին։ Կրօնները յաճախ եսամոլութիւնը կը համարեն մեղք կամ չարիք եւ կը կեդրոնանան այլ անհատներու կարեւորութեան վրայ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Իրաք, որ կը փորձէ ոտքի կանգնիլ, քսան տարուան պատերազմէն ետք ցայսօր կը շարունակէ համարուիլ պատերազմական օճախ։ Այնտեղ գոյութիւն ունին քաղաքական «իրերամերժ» ուղղութիւններ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ եթէ ուշադրութեամբ դիտէ բնութիւնը, հոն պիտի գտնէ դասեր, որոնք թերեւս կարելի պիտի չըլլայ հանդիպիլ եւ գտնել մարդկային ընկերութեան մէջ։ Բնութիւնը, արդարեւ, իր ամբողջութեանը մէջ, դպրոց մըն է՝ ուր կարելի է սորվիլ շատ բան։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Կամաց կամաց դո՛ւրս եկուր այն հոգեբանութենէն, որ տղայ զաւակը «իմս» է, մինչ «աղջիկ» զաւակը ուրիշինը եւ թօթափէ այն համոզումը, որ պարտաւոր ես մտատանջուիլ մանչ զաւակներու ապագայով. այս համոզումին հակառակ ըսեմ, որ պարտաւոր ես դուստրիդ ապագայով աւելիով հետաքրքրուիլ՝ քան մանչին:
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Պահրէյնի թագաւորութիւնը կը գտնուի Արաբական-Պարսից ծոցի տարածաշրջանին մէջ։ Անոր տարածութիւնը 760 քառակուսի քիլօմեթր է։ Պահրէյն կազմուած է 50 բնական եւ 33 արհեստական կղզիներէ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան Պրիւքսելի հետ ճշդած է տարածաշրջանէ ներս շահերու, նպատակներու եւ արժէքներու ընդհանրութիւն մը, մինչդեռ Մոսկուայի հետ այլեւս անոնցմէ որեւէ մէկը չկայ:
Ռուսաստան կը փորձէ Ատրպէյճանը որպէս թնդանօթ օգտագործել Հայաստանի դէմ, սակայն, Ալիեւ քաջ կը գիտակցի, որ քաղաքական գինը ինք պիտի վճարէ եւ այդ մէկը տակաւ կը բարձրանայ:
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Զրոյցի ընթացքին նախարարները անդրադարձան Հարաւային Կովկասի իրադրութեան՝ ընդհանուր արժեւորումի մը ենթարկելով տարածաշրջանի կացութիւնը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեծ Պահքի 27-րդ օրն է:
Այսօր, մեր սիրելի ընթերցողներուն արաբերէնէ թարգմանաբար կը ներկայացնենք Ղպտի քոյր եկեղեցւոյ հոգեւորականներէն՝ Անպա Ռաֆայէլի մէկ ամփոփ գրութիւնը պահեցողութեան մասին, որ՝ «Մեծ պահքին կարիքները» խորագիրը կը կրէ:
Կեսարիոյ ուխտագնացութիւնը երէկ առաւօտեան արարողութիւններով հասաւ իր գագաթնակէտին։ Քաղաքի պատմական Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ զանգերը առաւօտեան ժամերուն աւետեցին Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի ժամանումը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Այսօր, դարձեալ մեր սիրելի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք մտածումներ պահքի ու ծոմապահութեան մասին, քաղուած Սուրբ Եկեղեցւոյ հայրերէն:
• Հայր Պիմէն կը գրէ.
- Հոգին ո՛չ մէկ բանով այնքան չի խոնարհիր, ինչքան՝ երբ մէկը ինքզինք կերակուրէն կը զսպէ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մեծ պահքի 5-րդ կիրակին՝ Ճաշու Աւետարանին (ՂՈՒԿ. ԺԸ) գլխուն մէջ պատմուած առակին ընդառաջելով կը կոչուի «Դատաւորի կիրակին»՝ ուր կը խօսուի «Անիրաւ դատաւորի եւ այրի կնոջ» մասին։ Եւ ինչպէս ծանօթ է՝ դէպքին գլխաւոր անձերն են «դատաւոր» մը եւ «այրի կին» մը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Այսօր մարդկութիւնը կը դիմագրաւէ համաշխարհային տագնապ մը եւ իւրաքանչիւր ազգ այդ տագնապին գծով պատասխանատու կը տեսնէ իր պետութիւնը եւ բողոքի ձայն մը կը բարձրացնէ անոր դէմ:
Փութին երէկ Մոսկուայի մէջ հիւրընկալեց Էսատը, որու հետ անդրադարձաւ ռազմաթեքնիք համագործակցութեան:
Երկու ղեկավարները օրակարգի վրայ ունեցան նաեւ Թուրքիա-Սուրիա յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը:
Մեծ պահոց Միջինքի յաջորդ օրը կազմակերպուած՝ դէպի Անատոլուի հայկական երեք եկեղեցիները կատարուած աւանդական ուխտագնացութիւնը գլխաւորեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ երէկ Իսթանպուլէն օդային ճամբով մեկնեցաւ Կեսարիա՝ ընկերակցութեամբ գաւազանակիր Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի։
Թրքական պետութիւններու անդամ երկիրներու ղեկավարներուն արտահերթ հաւաքը երէկ տեղի ունեցաւ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ:
Նախագահ Էրտողան. «Թրքական ներդրումի ֆոնը, որ պիտի հաստատուի Իսթանպուլի մէջ, պիտի նպաստէ թրքական աշխարհի տնտեսական ամբողջականացման»:
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Ուաշինկթըն քաղաքը անշուշտ թէ աշխարհի կարեւորագոյն կեդրոններէն մին է՝ ըլլալով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաքը։ Ո՛չ միայն հայութեան, առ հասարակ համայն մարդկութեան համար շատ նշանակալից դարձած է այն՝ վարչական կեդրոն մը ըլլալու հանգամանքով։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեծ Պահքի 26-րդ օրն է:
Այսօր, մեր սիրելի ընթերցողներուն պահեցողութեան մասին մի քանի մտորումներ կը ներկայցնենք, որ արաբերէնէ թարգմանուած են: