Արխիւ

Շաբաթ, Մարտ 25, 2023

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մեծ պահքի վեցերորդ կիրակին նուիրուած է Յիսուս Քրիստոսի Գալստեան խորհուրդին։
Արդարեւ Յիսուսի Գալստեան խորհուրդը սերտօրէն կապուած է Յիսուսի դարձին սպասումի եւ Յոյսին կատարման խորհուրդներուն հետ։

Շաբաթ, Մարտ 25, 2023

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Անոր գոյութիւնը զգանք թէ ոչ, Հայաստանի Հանրապետութիւնը ունի «Արտադրութեան նախարարութիւն» մը, որուն մերօրեայ նախարարն է տիար Գրիգոր Մինասեանը: Հայաստանին արտադրութիւն չունենալը երբեք արգելք չէ նախարարութեան գոյութեան, որովհետեւ մինչեւ անցնող տարի Լիբանանը եւս աւելի քան երեսուն տարի երկաթուղի չունենալով հանդերձ ունէր եւ ունի երկաթուղիներու նախարարութիւն մը՝ տասնեակ մը պաշտօնեաներով, որոնք գիշեր-ցերեկ կ՚ապահովեն անգոյ երկաթուղիներուն անվտանգութիւնը:

Շաբաթ, Մարտ 25, 2023

Երէկ, Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ յայտնի գործարար եւ համայնքային բարերար Բարսեղ Սարայլըի յուղարկաւորութեան փառաշուք արարողութիւնը, որ համախմբեց հոծ թիւով սգաւորներ։

Շաբաթ, Մարտ 25, 2023

Շիշլի մարզակումբէն Լիա Ասաթուր, Արտա Արատ եւ Արաս Պուլկուր վերջերս մասնակցութիւն բերին Իսթանպուլի միջվարժարանային մարմնամարզի նահանգային առաջնութեան։ Մրցաշարքի տեւողութեան անոնք լաւագոյնս ներկայացուցին Շիշլի մարզակումբը։

Շաբաթ, Մարտ 25, 2023

Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը արդէն հաստատած է Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ընտրութեան արդիւնքը։ Ինչպէս ծանօթ է, ատենապետ Խաչիկ Սարըլըի գլխաւորած ընտրական մարմնին կողմէ, անցեալ մարտի 12-ին տեղի ունեցած էր քուէարկութիւնը։

Շաբաթ, Մարտ 25, 2023

Երեւանի մէջ, Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ) հիւրընկալ յարկէն ներս, խումբ մը քեսապցի եւ մուսալեռցի երիտասարդներու կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ մեծարանքի երեկոյ մը, նուիրուած՝ վաստակաշատ մանկավարժ եւ ուսուցիչ, լեզուաբան, հայագիտութեան անխոնջ նուիրեալ, բանասէր, բարբառագէտ, պատմաբան, ազգագրագէտ, պատմական գիտութիւններու դոկտոր՝ Յակոբ Չոլաքեանի 75-ամեակին առիթով:

Շաբաթ, Մարտ 25, 2023

Երեւանի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականներուն միջեւ հանդիպում մը։ Այս մրցումը կը զուգադիպի՝ երկու երկիրներու միջեւ սկիզբ առած յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացի ժամանակաշրջանին։

Ուրբաթ, Մարտ 24, 2023

Երէկ երեկոյեան Մխիթարեանի ընտանիքին տեսակէտէ յատկանշական ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ՝ սանուց միութեան նոր հաւաքատեղիի պաշտօնական բացումով։ Սա, ինչպէս Մխիթարեանի ընտանիքին, այնպէս ալ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին տեսակէտէ յատկանշական իրադարձութիւն մըն է՝ մանաւանդ, որ Մխիթարեան սանուց միութիւնը միշտ եղած է համայնքային ընկերամշակութային կեանքի մղիչ ուժերէն մին։

Ուրբաթ, Մարտ 24, 2023

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

Մինչ Արցախի շրջափակումը բոլորեց իր 100-րդ օրը, հակառակ միջազգային հասարակութեան համատարած դատապարտումին, Ատրպէյճան անվրդով ու վճռակամ կը շարունակէ իր ապօրինի արարքը, որուն հետ լռելեայն համակարծիք ըլլալ կը թուին ռուսական եւ արեւմտեան հակադիր ճակատները։ Այսպէսով, Արցախի հակամարտութիւնը կը մնայ անել դրութեան մէջ, զոհ՝ Արեւմուտք-Ռուսաստան միջազգային առճակատումին։

Ուրբաթ, Մարտ 24, 2023

Իսրայէլ Ատրպէյճանին նաւթի փոխարէն գաղտնի ձեւով վաճառած է միլիառաւոր տոլարներու զինամթերք:
«Հաարէց» հրապարակեց զեկոյց մը, որու բովանդակութիւնը հետեւութիւններու դուռ կրնայ բանալ Հայաստանի տեսակէտէ:

Ուրբաթ, Մարտ 24, 2023

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոննա կը պատրաստուի այցելել Հարաւային Կովկաս։ Ան տարածաշրջանային ուղեւորութեան մը պիտի ձեռնարկէ յաջորդ ամիս։

Ուրբաթ, Մարտ 24, 2023

Ըստ Նիկոլ Փաշինեանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պիտի ստորագրուի խաղաղութեան պայմանագիր:
Վարչապետը ներկայիս միջազգային հանրութեան կողմէ վճռական աջակցութիւն կ՚ակնկալէ այս պատումին համար:

Ուրբաթ, Մարտ 24, 2023

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի տնօրէն Տ. Զաքարիա Ծայրագոյն Վարդապետ Բաղումեան այս օրերուն կ՚այցելէ Սուրբ Քաղաք։ Այս առթիւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան հիւրընկալեց հայր սուրբը, որուն տուաւ իր օրհնութիւնը եւ մաղթեց բարի կեցութիւն։

Ուրբաթ, Մարտ 24, 2023

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մեծ Պահքի 33-րդ օրն է:
Մեծ պահոց մէջ կը գտնուինք: Այս հոգեւոր եղանակին, անձնիւր քրիստոնեայ անհատ, պարտի խի՛ստ քննութեան մը բովէն անցընել իր անձը եւ ճանչնալ իր բարեմասնութիւններն ու արժանիքները, թերութիւններն ու մոլութիւնները: 

Ուրբաթ, Մարտ 24, 2023

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Հաւանաբար այս տողերը շատերուն համար քիչ մը տափակ «հնութիւններ» թուին:
Բայց անպայման կ՚ուզեմ ըսել, որ թէեւ կ՚ապրինք 21-րդ դարու մէջ, սակայն տակաւին իր քառորդին չհասած, արդէն ան մեզ ազգովին սկսած է կրկին անգամ համտեսել տալ կամ՝ ճանչցնել տառապանքն ու սարսափը, ահն ու մահը, աւերակն ու ջարդը ու նոյնիսկ պատերազմն ու կոտորածը:

Ուրբաթ, Մարտ 24, 2023

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Յաճախ կը խօսուի ու զանազան հարթակներու վրայ կը քննարկուի եսասէր կամ եսամոլ մարդոց միջեւ տարբերութիւններու, եսամոլութեան ու անոր հետեւանքներու մասին։ Կարգ մը փիլիսոփաներ այս նիւթը արծարծած են՝ հեղինակելով ուսումնասիրութիւններ, յօդուածներ, գիրքեր։

Ուրբաթ, Մարտ 24, 2023

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Հասարակաց բարիք»ով կը հասկնանք՝ ամբողջութիւնը ընկերային կեանքի այն պայմաններուն, որոնք խմբաւորումներուն եւ անհատներուն հնարաւորութիւն կ՚ընձեռեն իրենք զիրենք կատարելագործելու։ Այս իմաստով, ահաւասիկ «հասարակաց բարիք»ով կը հասկնանք.

Ուրբաթ, Մարտ 24, 2023

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մեր առօրեայ խօսակցութեան ընթացքին, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ խորաններէն տրուող քարոզներուն, բեմերէն հնչող ճառերուն, ինչու չէ նաեւ յաճախ մամուլի էջերուն մէջ կը հանդիպինք մայրենի լեզուի սխալներու, որոնք սովորութիւն դառնալով կը շարունակեն սխալ ձեւով գործածուիլ:

Հինգշաբթի, Մարտ 23, 2023

Ստեփանակերտի Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան աշխատակազմի նախազօրակոչային պատրաստութեան եւ արտադպրոցական ծրագիրներու վարչութեան արտադպրոցական ծրագիրներու բաժինին կողմէ Ստեփանակերտի եւ շրջաններու մանկապատանեկան ստեղծագործական կեդրոններու միջեւ կազմակերպուեցաւ ձեռային աշխատանքներու ցուցահանդէս-մրցոյթ՝ նուիրուած կիներու միամսեակին:

Հինգշաբթի, Մարտ 23, 2023

Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի վախճանման 850-րդ տարելիցի արժեւորման ուղղեալ պատրաստութիւնները հետզհետէ թափ կը ստանան։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հայրապետական սրբատառ կոնդակի հրապարակումէն վերջ այս նախապատրաստական աշխատութիւնները արդէն աստիճանաբար աւելի գործնական փուլ կը թեւակոխեն։

Էջեր