Արխիւ
«Անատոլու քիւլթիւր»ի հովանաւորութեան ներքեւ գործող Թոփհանէի «Տեփօ»ի երդիքին տակ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ քննարկում մը, որ վերնագրուած էր՝ «Թուրքիոյ մէջ զանազանութիւն եւ Հայաստանի հետ մշակութային համագործակցութիւն»։
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
«Մարդիկ կան, որոնք կը շնչեն, ուրիշներ կան, որոնք կ՚ապրին։ Նայեցէք, որ դուք ապրիք»։
Մեր հայերէնի եւ հայոց պատմութեան ուսուցիչը, յիշատակը օրհնեալ ըլլայ, պրն. Յակոբ Թութիկեանն էր, Պէյրութի Հայ աւետարանական Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանին մէջ։
Հայաստանի առողջապահութեան հաստատութիւններու կատարելագործման ու մանաւանդ՝ թեքնիք վերազինման ուղղեալ ծրագիրները կը շարունակուին։
ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդին հերթական՝ 29-րդ ժողովը:
Արարատ Միրզոյեան երկկողմանի շփումներուն ժամանակ կ՚անդրադառնայ Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու վիճակին:
Երեւանի Պետական համալսարանէն ներս մեծարուեցաւ հայ երաժշտութեան կենդանի առասպելը:
Յովհաննէս Յովհաննիսեան Տիգրան Մանսուրեանի պարգեւատրման ժամանակ ըսաւ. «Իւրաքանչիւր ազգ հզօր է իր մեծերով»:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդն ու շարք մը գործակիցները, որոնք փութացած էին իր օրհնութիւնը ստանալու՝ թաղի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի տարեկան հանգանակութեան ընդառաջ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր հիւրընկալեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի Երեւանի աշխատակիցներէն Անուշ Թրուանց-Սագօ Արեան ամոլը, որ քաղաքավարական այցելութեան մը փութացած էր Գումգաբու։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ղեկը ստանձնելու համար թեկնածութիւն առաջադրած Կապոյտ ցուցակին ներկայացուցիչները։ Այսպէս, մեր հիւրերն էին Սեդա Պէշիկթաշլեան, Թալին Գույումճու, Լինտա Աքչէլեան եւ Մինաս Մեծատուր։
Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին այս շաբաթավերջին պիտի տօնախմբէ հայոց առաջին լուսաւորիչներուն՝ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալներու տօնը։
Նախընթաց օր հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու՝ Պալաթի Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ղեկը ստանձնելու համար թեկնածութիւն առաջադրած Կապոյտ ցուցակի ներկայացուցիչները։ Այսպէս, ընտրութիւններուն ընդառաջ մեր հիւրերը եղան թեկնածուներէն Մարի Աքավաֆեան, Յակոբ Տուրսուն եւ Արիս Տեմիր։
Այս առաւօտ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ռումելիհիսարի Ս. Սանդուխտ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ղեկը ստանձնելու համար թեկնածութիւն առաջադրած Կապոյտ ցուցակի ներկայացուցիչները։ Այսպէս, մեր հիւրերն էին Շահնար Պոշնաք, Սելին Գույումճեան եւ Օշին Փոլատ։
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը կ՚ողջունէ Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ նորընտիր թաղային խորհուրդին կազմը:
Ատենապետ Մանուկ Էօղէր եւ ընկերները թարմ ուժերով գործի կը լծուին առկայ առաջնահերթութիւններուն ընդառաջ:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
-Իմ կինը ոսկի մըն է, ոսկի մը՜,- ըսաւ վաճառականը:
-Անկարելի է, պարոն,- պատասխանեց գնորդը։
-Իրաւ կ՚ըսեմ, ին կինը ոսկի մըն է:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Արդարներն ու ամբարիշտները ի՞նչ բանով կը զանազանուին:
Պատասխան. Առակագիրը կը գրէ. «Արդարին գլխուն վրայ օրհնութիւններ կան, բայց բռնութիւնը ամբարիշտներուն բերանը կը գոցէ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ստորեւ կը ներկայացնենք Լեւոն Շանթի «Հին Աստուածներ» թատերական գործէն հատուածներ։ Հայ թատերական գրականութեան մէջ գլուխ-գործոց մըն է «Հին Աստուածներ»ը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Վերջերս միտքիս մէջ անդադար շրջան կ՚ընէ Պարոյր Սեւակի «Որդուս» բանաստեղծութեան տողերը, որոնք գրուած են որպէս պոռթկում ու խրատ՝ չար ու անարդար կեանքին դէմ։
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Սոչիի եռակողմանի յայտարարութեան մէջ Ռուսաստանի Դաշնակցութեան ուղղակիօրէն վերաբերող բաժինները պէտք է լուսարձակի տակ առնել՝ արժեւորելու համար Ռուսաստանի նախագահին կողմէ նախապէս կատարուած յայտարարութիւնները եւ անոնց կիրարկելիութեան հաւանականութիւնը:
«Հրանդ Տինք» հիմնարկը կը պատրաստուի յաջորդ շաբթուան սկիզբին կեանքի կոչել հետաքրքրական ծրագիր մը։ Այսպէս, երեքշաբթի, դեկտեմբերի 6-ին, հիմնարկի կեդրոնատեղիին մէջ, երեկոյեան ժամերուն նախատեսուած է «Ապատեղեկատուութեան դէմ պայքարի գծով տարբեր մօտեցումներ» խորագրեալ ասուլիս մը։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի համանախագահ, Հարաւային Կովկասի բանակցութիւններուն գծով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Ֆիլիփ Ռիքեր կը պատրաստուի այցելել Երեւան։
Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը իրերայաջորդ այցելեց Փարիզ եւ Պերլին:
Գրիգորեան Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ ղեկավարութիւններու նկատառման յանձնեց Երեւանի քաղաքականութեան առանցքները: