Արխիւ
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Մահը, ինչ խօսք, տխուր է ինքնին։ Նոյնիսկ անծանօթի մը մահուան լուրը ցաւ կը պատճառէ ակամայ, մարդկայնօրէն։ Այդ մէկէն անդին ալ, կարծես, կան հանգամանքներ, որոնք կը պայմանաւորեն մահուան նկատմամբ կամ տուեալ պարագայի հանդէպ վերաբերմունքը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Աւագ երեքշաբթին Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին կատարած քարոզութեան ու գործունէութեան վերջին օրն է, եւ ամենէն երկար օրը, որով Իր քարոզութիւնը տեւած է առաւօտեան կանուխ ժամերէն մինչեւ գիշերուան ուշ ժամերը։
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Կարծեմ Արեւելք-Արեւմուտք կապն ու անկէ ծագած ամէն տեսակի բովանդակութիւնները իրենց ճիւղաւորումներով ամենահետաքրքրականներէն են, առաւելապէս վերջին երկու հազար տարուան մարդկային պատմութեան համար:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Կարծեմ Արեւելք-Արեւմուտք կապն ու անկէ ծագած ամէն տեսակի բովանդակութիւնները իրենց ճիւղաւորումներով ամենահետաքրքրականներէն են, առաւելապէս վերջին երկու հազար տարուան մարդկային պատմութեան համար: Այդ կապի քաղաքական ու պատմական դրսեւորումները ինքնին մեծ քաղաքականութեան խտացուած ու նոր նկարագրային գիծեր կու տան՝ հասկնալու համար մարդկային հաւաքական խմբաւորման կայացումները, պետութիւններու եւ կրօններու խմորումներն ու բախումները, ապա համադրումները, աշխարհի վերադաս ղեկավարումներու ջանքերուն հիմքերն ու արդարացումները եւ շատ մը բաներ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Առակաց 14.7-ին մէջ կարդացած եմ. «Յիմար մարդէն հեռացիր, երբ իմանաս, որ իմաստուն շրթունքներ չունի». ինչո՞ւ այսպէս կը թելադրէ Առակագիրը:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Դարձեալ Աւագ շաբաթ է:
Ի՜նչ տխուր է աշխարհը, երբ զայն կը դիտենք մեր սեփական աչքերով՝ Քրիստոսի ծնունդէն երկու հազար տարի ետք: Մէկ խօսքով, խտացած դժբախտութիւն մը, որ սարսափ կ՚ազդէ ե՛ւ դիտողին, ե՛ւ ապրողին:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Այսօր ծննդեան օրն է Խրիմեան Հայրիկի՝ Մկրտիչ Ա. Վանեցի Խրիմեան Կաթողիկոսին, որ հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ յորջորջուեցաւ եւ յաւէտ մնաց այնպիսի հարազատ ու անզուգական պատուանուններով, ինչպիսիք են՝ «Հայոց Հայրիկ» եւ «Արծիւ Վասպուրականի»…
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Անցեալ շաբթուան ընթացքին իրադարձութիւն մը տեղի ունեցաւ Հայաստանի մշակութային կեանքին մէջ. պոլսահայ անուանի երգահան, խմբավար, մշակութային-հասարակական գործիչ, հայ ազգային օփերային արուեստի հիմնադիր անմահ Տիգրան Չուխաճեանի «Արշակ Բ.» օփերան, յօրինումէն 155 տարի անց, համերգային կատարումի տեսքով, ներկայացուեցաւ բնագիր լեզուով՝ իտալերէնով:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ապագան կ՚երազենք, կ՚երեւակայենք ու կը պատրաստուինք անոր լաւագոյնս իրականացման, ներկան կ՚ապրինք, բայց անցեալը մենք ենք, մեր անհատականութիւնը, մեր ինքնութիւնը կազմող միակ հանգամանքը, տարրը…
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստան ունի՞ բաւարար ներուժ դիմակայելու համար Ռուսաստանի հաւանական պատիժներուն:
Հարաւային Կովկասէ ներս Մոսկուայի մեծ նահանջը ծանրակշիռ հակասութիւններու դէմ յանդիման կը թողէ Երեւանը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հրաշքի մասին յաճախ խորհրդածած ենք այս սիւնակներու մէջ։ Հրաշքը, երբեմն անիմանալի, երբեմն բացայայտ երեւոյթ մըն է մարդկային կեանքին մէջ, նաեւ բնութեան մէջ, որ միշտ կը պատահի։ Հոգեւոր աչքով դիտողներու համար հրաշքը իրողութիւն մըն է. անոնք կ՚անդրադառնան այդ երեւոյթին եւ գիտեն, որ ո՞ւրկէ է այդ հրաշալի երեւոյթը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ենթադրեցէ՛ք պահ մը, որ համարձակութիւնը ունենամ ըսելու, որ «Տէրունական» աղօթքին մէջ սխալ մը գոյութիւն ունի. եթէ ապրած ըլլայի մի քանի դարեր առաջ վստահաբար նզովքի կ՚արժանանայի եւ բազմաթիւներու կողքին ինծի համար ալ «Նզովեալ եղիցի» կ՚երգէին դպիրները (սէր, եղբայրութիւն ու ներողամտութիւն քարոզող մեր հաւատքին համար նզովելը ինչքանով տրամաբանական է՝ այլ հարց է):
Միջմիութենական գիտելիքի մրցոյթը այս տարի կը կազմակերպուի 24-րդ անգամ։ Պոլսահայ սանուց միութիւններու եւ զանազան ակումբներու ներկայացուցիչները համախմբուած են՝ իրենց գիտելիքները չափելու առաջադրութեամբ։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ փառաշուք յուղարկաւորութիւն՝ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ:
Սահակ Սարգսեան ընթերցեց Հայաստանի Մարմնամարզի դաշնակցութեան նախագահ Ռոպերթ Էմմիեանի ցաւակցականը:
Ցաւով մեր ընթերցողներուն կը տեղեկացնենք, թէ շաբաթավերջին Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ գործողութեան մը ենթարկուած է թերթիս վեթերան սիւնակագիրներէն Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեան։ Դժբախտաբար, բնակարանին մէջ վերջին օրերուն ան վատ զգացած է եւ իր մօտ ախտաճանաչուած է կոնքի ոսկորի բեկանում։
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներուն միջեւ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ հանդիպում մը, որու ընթացքին քննարկուեցան սահմանի ճշգրտման վերաբերեալ հարցեր։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, սահմանի հարաւ-արեւելքի Տեղ-Կոռնիձոր հատուածէ ներս տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին այսօր մուտք կը գործէ իր ծիսական կեանքի ամենէն ճոխ ու ծանրաբեռնուած շաբաթներէն մին, ինչ բանի պատճառով ալ ամբողջ շաբաթը անուանուած է ԱՒԱԳ ՇԱԲԱԹ, այսինքն՝ տարուան բոլոր շաբաթներուն մէջ ամենէն աւագը, ամենէն կարեւորը:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին աւանդական շուքով տօնախմբեց Տէր Յիսուսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքի յիշատակը:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ մանուկներու օրհնութեան կարգ:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Այս տարուան Ծաղկազարդի տօնը թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս նշանաւորուեցաւ Պէյօղլու Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած յատկանշական իրադարձութիւններով։ Սա նորընտիր թաղային խորհուրդի պաշտօնավարութեան շրջանի առաջին մեծ տօնն էր։
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Գոհութիւն եւ փառք Ամենակալին Աստուծոյ, որ անցանք Մեծ պահքի նուիրական շրջանէն ու հասանք Աւագ շաբթուան սեմին։ Մեծ պահքը յիրաւի նուիրական շրջան է, որ մեզ կը պատրաստէ Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան տաղաւարին։