ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ԱՍՈՐԻ ՈՒՂՂԱՓԱՌԱՑ ԻԳՆԱՏԻՈՍ ԵՓՐԵՄ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Ասորի Ուղղափառ դաւանակից եկեղեցւոյ Իգնատիոս Եփրեմ Բ. Պատրիարքը, որուն հետ ողջագուրուեցաւ եղբայրաբար։ Հիւր պատրիարքը Իսթանպուլ կ՚այցելէ՝ ասորի ուղղափառ համայնքի՝ Եշիլգիւղի Ս. Եփրեմ նորակառոյց եկեղեցւոյ պաշտամունքի բացման եւ անդրանիկ Ս. Պատարագին առթիւ։ Երէկուան այցելութեան ընթացքին իրեն ընկերացաւ Ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքական փոխանորդ Եուսուֆ Չեթին Մետրապոլիտը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը քոյր եկեղեցւոյ գահակալը հիւրընկալեց՝ իր կողքին ունենալով Տ. Արամ Արք. Աթէշեանը եւ պոլսահայ հոգեւորականաց դասու անդամները։

Իգնատիոս Եփրեմ Բ. Պատրիարքը Գումգաբուի մէջ ջերմօրէն դիմաւորուեցաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողմէ։ Հրաշափառի արարողութեամբ անոնք առաջնորդուեցան Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցի, ուր խորանին վրայ տուին իրենց պատգամները։ Այս առթիւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը անդրադարձաւ Իսթանպուլի առանձնայատկութիւններով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ միջեկեղեցական յարաբերութիւններու կարեւորութեան։ Ան շեշտեց, որ այս ամբողջին մէջ Հայ Առաքելական եւ Ասորի Ուղղափառ դաւանակից եկեղեցիները կը շարունակեն իրենց դրական յարաբերութիւնները։ Իր կարգին, Իգնատիոս Եփրեմ Բ. Պատրիարքն ալ ընդգծեց երկու քոյր եկեղեցիներու եղբայրութեան հանգամանքը։ «Բոլորս նոյն հաւատքին կը սպասարկենք՝ պարզապէս տարբեր լեզուով ու մշակոյթով», ըսաւ ան ու վերյիշեց իր զանազան հանդիպումները Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին հետ։ Հիւր պատրիարքը, որ նախապէս Նիւ Եորքի մէջ կը պաշտօնավարէր՝ որպէս առաջնորդ, այդ տարիներուն բարեկամական ջերմ յարաբերութիւններ մշակած էր նաեւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի նախկին առաջնորդ, այժմ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի հետ։ Ուստի, ան խօսեցաւ նաեւ այդ կապին մասին։ Այս բոլորի հիման վրայ հիւր գահակալը շեշտեց, որ Գումգաբու տուած այցելութիւնն ալ առանձնայատուկ նշանակութիւն կը կրէ իրեն համար։

Տէրունական աղօթքէն վերջ դարձեալ թափօրով երկու հոգեւոր առաջնորդները անցան Պատրիարքարանի դահլիճը, ուր տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հիւր հոգեւոր պետին նուիրեց փայտակերտ ծաղկաման մը եւ պոլսահայ եկեղեցիներու սրբազան ու ծիսական գոյքերուն վերաբերեալ անգլերէն հատոր մը։ Իգնատիոս Եփրեմ Բ. Պատրիարքն ալ Նորին Ամենապատուութեան նուիրեց ձեռակերտ ձեռաց խաչ մը։

Այցելութեան եզրափակիչ փուլին, ստեղծուած բարձր տրամադրութեան պայմաններուն ներքեւ տեղի ունեցաւ նկարահանում։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 17, 2023