Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Երկիրը եւ ամէն անոր մէջինները Աստուծոյ կը պատկանին», կ՚ըսէ Մարգարէն։ Քահանայ մը՝ որ ունի միայն համեստ կեանք մը ապրելու միջոցները, կը վայելէ առանց նեղութեան եւ հոգերու, բնութեան բոլոր գործերը իրենց բոլոր շքեղութեամբ եւ քաղցրութեամբ եւ աւելի բարձր աստիճանով մը, քան ուղղակի այդ հոգերու տէրերը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Պարսկաստանը Հայաստանին կապող Նորտուզի սահմանն եմ: Սահման մը՝ որ քաղաքակրթութեան, ապրելաձեւի եւ կենցաղի երկու հսկայական լեռներու միջեւ անդունդի դեր կը կատարէ:
Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան երէկ Մալաթիոյ մէջ կատարեց երկրաշարժի զոհ գացած Թապաշ ընտանիքի անդամներուն յուղարկաւորութեան կարգը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
«Անձրեւէն փախանք, կարկուտի բռնուեցանք». Սուրիոյ հայութիւնը կը դիմագրաւէ պատերազմ, կորուստներ եւ պատիժներ:
Հայաբնակ թաղամասերու ենթարկուած վնասները յարաբերաբար տանելի:
«Ներկայիս քաղաքական վերլուծութիւններու ժամանակը չէ։ Յուսանք՝ բոլորը խելքի գան եւ ի վերջոյ մարդութիւնն ու մարդասիրութիւնը յաղթեն»:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղուան Ճաշու ընթերցուածները հետեւեալներն են.
Եսայիի մարգարէութենէն 63.18-64.12:
Պօղոս առաքեալին Տիտոսին ուղղած նամակէն 1.1-11:
Յովհաննէսի Աւետարանէն 7.37-52:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Չհասութիւն՝ չհաս ըլլալ կը նշանակէ՝ պետական կամ եկեղեցիի օրէնքով մերձաւոր ազգականութեան պատճառով արգիլուա՛ծ ամուսնութիւն։ Այս իմաստով, ամուսնութեան օրինաւորութեան գլխաւոր արգելքներէն մին է նաեւ չհասութիւնը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Գաղափարախօսութիւն բառէն ետք մեր հայրենասիրութեան բառարանին վրայ ունինք պայքար բառը, որ առաջինին հակառակ իր խորհրդաւորութենէն դուրս գալով հպարտութեան եւ յաղթանակի հոտ մը կը ձգէ:
Թուրքիա կը շարունակէ մնալ երկրաշարժին պատճառած ահաւոր ցնցման ազդեցութեան տակ։ Ամբողջ երկրին ուշադրութիւնը կեդրոնացած է աղէտի գօտիէն հասած տուեալներուն վրայ։
Հայաստան կը շարունակէ զօրակցիլ Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ՝ երկրաշարժով պայմանաւորուած ծանր իրավիճակի ողբերգական կացութեան ներքեւ։ Այսօր Հայաստան մարդասիրական օժանդակութիւն ուղարկեց Թուրքիա։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. Արքեպիսկոպոս Մաշալեան նախընթաց օր ընդունեց Սկիւտարի Սուրբ Կարապետ եւ Գուզկունճուքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիներու նորընտիր թաղային խորհուրդներու անդամները։
Կը տեղեկանանք, որ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը որոշած է կարեւոր նախաձեռնութիւնով մը հանդէս գալ՝ պոլսահայ համայնքային վարժարաններու ֆիզիքական անվտանգութիւնը երաշխաւորելու նպատակով։
Այս շաբաթավերջին Գումգաբուի մէջ տեղի պիտի ունենայ Գալֆաեան Տան ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը։ Այսպէս, Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն պիտի նախագահէ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։
Պէյօղլուի ս. եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ընտրութեան գործընթացը կը շարունակուի բնականոն հունին մէջ:
Ընտրական մարմինը այսօր ընտրողներու եւ թեկնածուներու ցուցակները կը ներկայացնէ պատկան մարմիններու հաստատման:
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը անձամբ կը հետեւի աղէտեալներու համար սկսած օժանդակութեան արշաւին:
Նորին Ամենապատուութիւնը տեղւոյն վրայ քննեց մեր աղքատախնամ մարմիններու կամաւորներուն կողմէ տարուած աշխատանքը:
Արժանթինահայ յայտնի գործարար ու ազգային բարերար Էտուարտօ Էօրնէքեան վերջին օրերուն մեծ պատիւի մը արժանացաւ Իտալիոյ մէջ։ Այսպէս, ան հռչակուեցաւ Ֆլորանսա քաղաքի պատուոյ քաղաքացի։
Լաչինի միջանցքը արդէն երկու ամիսէ ի վեր փակ է։ Արցախը պաշարուած վիճակի մէջ՝ կտրուած է Հայաստանէն եւ ամբողջ աշխարհէն։ Միջանցքը կ՚օգտագործուի շատ սահմանափակ՝ միայն Կարմիր խաչի կողմէ հիւանդներու տեղափոխութեան եւ շատ սահմանափակ մարդասիրական բեռներու համար։
Թուրքիոյ արեւելքի, հարաւի եւ հարաւ-արեւելքի 10 քաղաքները աւերած ահաւոր երկրաշարժին եւ ծանր հետեւանքներուն պատճառած ցնցումը կը շարունակուի եւ, բնականաբար, թրքահայ համայնքն ալ անմասն չէ այդ մէկէն։
Թուրքիան ցնցած սարսափելի երկրաշարժի հետեւանքով յառաջացած ողբերգութիւնը հետզհետէ կը բիւրեղանայ թէ՛ ամբողջ երկրին եւ թէ համայն մարդկութեան աչքին առջեւ։ Զոհերու թիւը կը բարձրանայ ահագնացող չափով։
Ամբողջ հայաշխարհը կը շարունակէ մեծ մտահոգութեամբ հետեւիլ Արցախի իրադարձութիւններուն։ Շուրջ երկու ամիսէ ի վեր Լաչինի միջանցքը փակուած է Ատրպէյճանի կողմէ եւ Լեռնային Ղարաբաղ կը շարունակէ աշխարհէն եւ Հայաստանէն կտրուած մնալ։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս նուիրահաւաք մը սկսած է՝ Թուրքիան եւ Սուրիան ցնցած երկրաշարժի լոյսին տակ։ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեան վերջին օրերուն հեռախօսազրոյցներ ունեցած է Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի եւ Դամասկոսի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Արմաշ Եպսկ. Նալպանտեանի հետ։