Արխիւ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին այսօր կը տօնախմբէ Սրբոց Վարդանանց զօրավարներու յիշատակը։ Հայ Եկեղեցւոյ տօնացոյցի ամենայատկանշական յիշատակումներէն մին է այս մէկը։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Սիրահարներու օրը անցաւ, վերջը անդրադարձայ: Յանցաւորը ես չեմ, մեր հոգիներէն սրբեցին մեր բոլոր տօները: Իսկ տօնը կը բխի քու ներսէդ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ֆրանսական նշանաւոր «լ՚Իւմանիթէ» ամսագիրը փետրուար 16-ին յատուկ թողարկում մը նախատեսած է՝ ի յիշատակ հայ բանաստեղծ, ֆրանսական դիմադրութեան շարժման մարտիկ, հակաֆաշական գործիչ եւ Ֆրանսայի ազգային հերոս Միսաք Մանուշեանին:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Անցնող շաբաթասկիզբը սարսափազդու եւ ահաւոր զգացումներու եւ ապրումներու շաբաթասկիզբ մը եղաւ ամբողջ աշխարհին համար, յատկապէս Սուրիոյ Արաբական եւ Թուրքիոյ հանրապետութիւններուն համար, երբ զօրաւոր երկրաշարժ մը՝ 7.8 ուժգնութեամբ հարուածեց Թուրքիոյ հարաւային, արեւելեան եւ հարաւ-արեւելեան, իսկ Սուրիոյ հիւսիս-արեւմտեան շրջանները:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Վարդանանց տօն է. Յարութեան խօսքն է հիմա, որ կը լեցնէ մեր կեանքը, մեր ապրումները, որոնք կարծես հայութեան յաւերժութենէն փրթած լոյսի շողեր են՝ մեր կեանքի անհաւատալի պահերուն մէջ ճառագայթած։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ներկայիս շա՜տ շատեր թատրոնը չեն սիրեր, սակայն կար ժամանակ, որ մամուլի կողքին մարդոց մեծագոյն զբաղմունքն ու ժամանցը թատրոնն էր, սակայն այդ մէկը որպէս «զբաղմունք» ընդունիլը կը նեղացնէր մտաւորական խաւը, որոնք թատրոնը ժամանցէ եւ զբաղմունքէ աւելի որպէս դպրոց կը տեսնէին:
ՆԵԼԼԻ ԹԱԴԷՈՍԵԱՆ
Գէորգ Պետիկեան 80 տարեկան է. պատկառելի տարիք, որ մեզի հնարաւորութիւն կու տայ քննութեան ենթարկելու մտաւորականի, գրողի, կրթական մշակի անցած բեղուն ճանապարհը: 1943-ին Հալէպի մէջ ծնած, ապա Ամերիկա հանգրուանած գրողը այսօր ալ կը շարունակէ պատնէշի վրայ մնալ՝ իր պատմուածքներով եւ յօդուածներով գծագրելով սփիւռքեան խճանկարը:
ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1905)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հագուստին նշանակութիւնը: Ինչպէ՞ս պէտք է պարուրել: Մեր պարուրներուն վնասակարութիւնը: Հագուստէն եւ պարուրէն ի՞նչ կը պահանջուի: Փաթաթաններն ու հագուստը ի՞նչ կտորներէ պէտք է ըլլան:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Օրերս որոշեցի կանուխ պառկիլ: Կանուխ ըսածս կէսգիշերին՝ տասներկուքին: Մինչեւ Դանիէլը քնացաւ, իմ քունն ալ եկաւ: Աղուոր մը խաղացինք:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սիրելի՜ներ, երբեմն կը գանգատինք՝ երբ տխուր եւ ցաւալի փորձառութիւններ կ՚ունենանք մեր կեանքի ընթացքին եւ ասիկա շատ բնական է, քանի որ զգացումներով կը շարժինք շատ անգամ, եւ մեր զգացումները յաճախ կը խափանեն մեր բանականութիւնը, եւ կը կանխեն զայն։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Որքա՜ն մութ է հիմա ներսս եւ այդ մթութեան չափ անբարբառ է խիղճս, որ անճրկած չի՛ կրնար դիրքորոշում մը ունենալ: Սիրտս ալեկոծ՝ ներքին պայքար մը տեղի կ՚ունենայ. կը տեսնեմ հազարաւորները՝ աւերակներուն տակ անշնչացած եւ կարեկցութեան բուռն կրակ մը կը բոցավառուի:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու հիւրընկալեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը, որ զօրակցութեան այց մը տուաւ Թուրքիա:
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Իսրայէլի Արտաքին գործոց նախարար Էլի Քոհէնը։ Կը հաղորդուի, որ հիւր նախարարին այցելութիւնը ունէր զօրակցութեան բնոյթ՝ երկիրը ցնցած սարսափելի երկրաշարժի հետեւանքներով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ռուս համանախագահ Իկոր Խովաեւ երէկ շփումներ ունեցաւ Պաքուի մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, մօտաւոր անցեալին ան այցելած էր նաեւ Երեւան։
ՆՈՐԱ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Շուրջ մէկ շաբաթ առաջ, կանուխ առաւօտեան աղջիկս հեռաւոր Ամերիկայէն առաջինը իմացուց ինծի՝ պատահած աղէտալի երկրաշարժին մասին։ Թուրքիա եւ Սուրիա բախտակից եղան՝ բաժնելով այդ կործանիչ հարուածը, ներառեալ իմ երբեմնի հարազատ բնօրրանս՝ Հալէպ քաղաքը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Տեառնընդառաջի տօնին առթիւ նախագահեց Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. Պատարագին, որու ընթացքին տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան։
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը երէկ հիւրընկալեց բազմատասնեակ աղէտեալներու խումբ մը:
Պատրիարքական Աթոռի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբը կ՚առնէ տագնապալի իրավիճակին համարժէք քայլեր:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Անգլիոյ թեմէն ներս այս տարի կը նշուի եզակի յոբելեան մը։ Այսպէս, Լոնտոնի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ կառուցման 100-ամեակն է եւ այս յոբելեանի արժեւորման համար կեանքի կը կոչուի ծրագիր մը։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս երէկ հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Սրբոց Ղեւոնդեանց քահանայից տօնը։ Արարողութիւններուն նախագահեց Թեմակալ առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեան։
Երէկ, Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին նշեց Տեառնընդառաջի տօնը։ Ամէն տարի, փետրուարի 14-ին, քառասնօրեայ մանուկ Յիսուս Քրիստոսի տաճար ընծայման յիշատակը կը տօնախմբուի Հայ Եկեղեցւոյ կողմէ։