Արխիւ
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Հասարակութիւններու զարգացման համար յաճախ խոշորացոյցի տակ կը դրուի կրթութեան համակարգը։ Բայց եւ այնպէս, ըստ իս, ի սկզբանէ պէտք է քննակուին մեր հաղորդակցութեան կապերու խզման, մարդ ըլլալու, մարդկութեան մէջ անհատի մոլորութեան մասին հարցեր։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Voltaire (1694-1778), ինչպէս ուրիշ առիթներով ալ յիշած էինք, Աստուծոյ գոյութեան մասին կ՚ըսէ, թէ՝ եթէ գոյութիւն չունենար Աստուած, մարդ արարածը անպայման «աստուած» մը պիտի ստեղծէր։ Իրաւացի է Voltaire-ի խօսքը, քանի որ մարդիկ դարերու ընթացքին ձեռակերտ կուռքեր եւ կամ բնական երեւոյթներ պաշտած, անոնց հաւատացած են։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երբեւէ այցելա՞ծ էք Պէյրութ եւ առիթը ունեցած էք տեսնելու հայկական վարժարաններն ու եկեղեցիները, ակումբներն ու հայկական հաստատութիւնները. եթէ նոյնիսկ այցելած չէք, գէթ լսա՞ծ էք անոր փառաւոր անցեալ մը ունեցող գաղութին մասին:
Արարատ Միրզոյեան, Սերկէյ Լաւրով եւ Ճէյհուն Պայրամով վաղը ժամադրուած են Մոսկուայի մէջ:
Բանբեր Մարիա Զախարովա. «Ռուսաստանի նախաձեռնութիւնները սկսած են իրականացուիլ եւ սկսած են տալ գործնական արդիւնքներ»:
Սահմանին վրայ Ատրպէյճանի յարձակման հետեւանքով հայ զինուոր մը եւս նահատակուեցաւ: Նիկոլ Փաշինեան միշտ կը կրկնէ՝ դէպի Լեռնային Ղարաբաղ ու Լաչինի միջանցք միջազգային փաստահաւաք առաքելութիւն մը ուղարկելու անհրաժեշտութիւնը:
Բաց երկնքին տակ կան, ըստ էութեան, կենդանին եւ իրեղէնը։ Երկրագունդը կը համատեղէ բնականն ու արհեստականը։ Անոնց պարզած պատկերը ներդաշնակութիւն է երբեմն, իսկ երբեմն ալ հաւասարակշռութիւն կամ հակադրութիւն։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Երեւանի մօտ Մալթայի Ինքնիշխան Մարտական Ուխտի դեսպան Տոմենիքօ Արտուինին։
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ վերջերս հիւրընկալուեցան մեներգչուհի Այշէնուր Քոլիվար, դուստրն ու «Վովա» խումբի հիմնադիր Հիքմէթ Չիչէք։ Ինչպէս ծանօթ է, Այշէնուր Քոլիվար կը մեկնաբանէ Համշէնի շրջանի ժողովրդական երգեր եւ վերջերս մեներգչուհի Սիպիլին հետ ալ համատեղ ելոյթներ ունեցաւ։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Արցախը քաղաքականութիւն չէ, հայրենիք է, տուն է, ընտանիք է, կեանք է, սրբազան հող մըն է: Արցախը մեր կեանքի անբաժան մասնիկն է, մեր ծնողքն է, մեր վաղուան պայծառ օրն է:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Այսօր թանգարաններու միջազգային օրն է: 1977 թուականին Թանգարաններու միջազգային խորհուրդի մէջ ընդգրկուած երկիրներէն Ռուսաստանը առաջարկեց մայիսի 18-ը դարձնել թանգարաններու համար տօն եւ ամբողջ աշխարհի տարածքին ամէն տարի նշանաւորել զայն:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Այնքան զարմանալի, նոյնքան իրական:
Այնպէս, կրնայ պատահիլ, որ առաւօտ մը արթննաս ու սանկ դուն-քեզ «լաւ» չզգաս: Սովորականէն տարբեր:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Յինանց շրջանի քառասուներորդ օրն է:
Այսօր, 18 մայիս 2023-ին Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին կը նշէ Տէր Յիսուս Քրիստոսի երկինք համբառնալու տօնը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Իրականին, բարոյական դրութիւնը ունի երկու տեսակ՝ որ համընթաց են. առաջինը՝ այն ի՛նչ որ կը պատուիրենք բայց չկիրարկած բարոյականութիւն, երկրորդը՝ այն ինչ որ կիրարկուած, սակայն ընդհանրապէս չպատուիրուած բարոյականութիւն։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեզ եւրոպացիներէն եւ կամ ամերիկացիներէն տարբերողը ո՛չ թէ մեր աշխարհագրութիւնն է, այլ նկարագիրի գիծերը, զգացումներն ու ապրումները, որովհետեւ անոնք ընդհանրապէս կ՚ապրին այնպէս՝ ինչպէս կ՚ուզեն, կը զգան, սակայն մենք կ՚ապրինք այնպէս՝ ինչպէս սորված ենք եւ կամ աւելի ճիշդ՝ սորվեցուցած են մեզի ապրիլ:
Երուսաղէմի կալուածական հարցերուն ծանօթ շրջանակները ներկայիս հաշուի կ՚առնեն զանազան հաւանականութիւններ՝ Հայոց Պատրիարքութեան դիմագրաւած առկայ խնդիրներու եւ մանաւանդ՝ «Կովերու պարտէզ» ազգապատկան կալուածի փրկութեան հեռանկարին շուրջ։
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին եւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեանի միջեւ հեռախօսազրոյց:
Իրաւունքներու պաշտպանութեան քայլեր:
Վեհափառ Հայրապետը մշտական կապի մէջ է Նորին Ամենապատուութեան հետ: Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կարելի աջակցութիւնը կը ցուցաբերէ Պատրիարքութեան:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ նուիրապետութիւնը տրամադրուած՝ ամբողջական զօրակցութեան պատրաստակամութեամբ ի նպաստ Սրբոց Յակոբեանց զինուորեալ միաբանութեան:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Թէպէտ իմ կեանքի կարեւորագոյն շրջաններուն կը կայացնեմ ինքնուրոյն որոշումներ, այնուամենայնիւ կը կարեւորեմ այլոց կարծիքը: Մարդիկ մշտապէս եղած են կարեւոր ինծի համար: Տակաւին մանկունց իմ ներաշխարհի մէջ ձեւաւորուեցաւ մարդիկը կորսնցնելու վախ մը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքին որպէս «պայքար» մը՝ կռիւ մը, մաքառում մը կարծող տեսանկիւնէ մը մօտեցողներ, կեանքը «կռիւ» մը կարծողներ կան. բնական է ասիկա, քանի որ կեանքը ապրիլ դիւրին չէ՝ դժուար ընթացք մըն է։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ծայրայեղութիւնը ունի իր լաւ, սակայն լաւին համազօր ու հաւասար վատ ու վնասակար կողմերը, որովհետեւ ծայրայեղութեան պարագային ո՛չ թէ մարդուն ուղեղը, այլ միայն սիրտն ու զգացումները կը գործեն եւ հետեւաբար առանց ուղեղի կատարուած բանէ մը լաւ բան յուսալը շատ խելքի գործ մը չէ:
ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1905)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ե՞րբ պէտք է երեխան ծիծէն կտրել: Ինչպէ՞ս կերակրել երեխան ծիծէն ետք: Փոխեր, մսաջուրը, մսեղէն, բանջարեղէն, շաքարեղէն, միրգ: Ոգելից խմելիք: 2-3 տարեկան երեխային օրական սնունդը:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Պրիւքսելի հանդիպումներէն կարելի է արձանագրել քանի մը կէտ:
Նախ, Պրիւքսելի միջնորդութեամբ բանակցութիւնները կը վերականգնուին այս ձեւով: